Հինգ Տարուան Ընթացքին «Տաթեւեր» Ճոպանուղիէն Օգտուած Է շուրջ 430 հազար Ուղեւոր

«Տա­թե­ւեր» ճո­պա­նու­ղին ար­դէն հինգ տա­րե­կան է: Հինգ տա­րի ա­ռաջ, 2010 թուա­կա­նի Հոկ­տեմ­բերի 16-ին գոր­ծար­կուե­ցաւ աշ­խար­հի ա­մե­նաեր­կար յե­տա­դարձ ճո­պա­նու­ղին՝ անց­նե­լով Ո­րո­տա­նի կիր­ճի վրա­յով եւ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ըն­ձե­ռե­լով Հա­լի­ձո­րէն Տա­թե­ւի միջ­նա­դա­րեան վա­նա­կան հա­մա­լիր հաս­նիլ կարճ, յար­մա­րա­ւէտ օ­դա­յին ճա­նա­պար­հով:

Գոր­ծար­կու­մէն ի վեր ճո­պա­նու­ղիէն օգ­տուած է շուրջ 430 հազար ու­ղե­ւոր, միայն այս տա­րուան ի­նն ա­միս­նե­րուն՝ շուրջ 90 հա­զար այ­ցե­լու: Մին­չեւ ճո­պա­նու­ղիի կա­ռու­ցու­մը տա­րե­կան Տա­թեւ այ­ցե­լող­նե­րուն թի­ւը չէր գե­րա­զան­ցեր 7 հա­զա­րը: Այս մա­սին կը յայտ­նեն «Հա­յաս­տա­նի զար­գաց­ման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ» (IDeA) հիմ­նադ­րա­մի հան­րա­յին կա­պե­րու բա­ժնէն:

Հինգ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ճո­պա­նու­ղին իւ­րօ­րի­նակ խթան դար­ձած է տա­րած-քաշր­ջա­նի զար­գաց­ման հա­մար: Զբօ­սաշր­ջա­յին հոս­քե­րու ա­ճը նաեւ նպաս­տած է հա­մա­պա­տաս­խան են­թա­կա­ռու­ցուածք­նե­րու զար­գաց­ման. վեր­ջին հինգ տա­րուան ըն­թաց­քին Գո­րի­սի մէջ բա­ցուած է տա­սը նոր հիւ­րա­նոց, վա­նա­կան հա­մա­լի­րի յա­րա­կից հա­մայնք­նե­րուն մէջ կը գոր­ծեն շուրջ եր­կու տաս­նեակ հիւ­րա­տու­ներ, սպա­սարկ­ման այլ կա­ռոյց­ներ:

«Տա­թե­ւեր» ճո­պա­նու­ղին նաեւ տե­ղւոյն բնա­կիչ­նե­րուն հա­մար աշ­խա­տա­տե­ղինե­րու, գիւղամ­թեր­քի ի­րաց­ման, զբօ­սաշր­ջա­յին ա­ռա­ջարկ­նե­րու մշակ­ման նոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ ստեղ­ծած է: Ճո­պա­նու­ղիի շուրջ վաթ­սուն աշ­խա­տա­կից­նե­րուն մեծ մա­սը տե­ղա­ցի­ներ են:

«Ճո­պա­նու­ղիին շնոր­հիւ Տա­թե­ւը դար­ձած է Հա­յաս­տա­նի ա­մե­նա­հե­տաքրք­րա­կան զբօ­սաշր­ջա­յին ուղ­ղու­թիւն­նե­րէն մէ­կը եւ իր ա­ռանձ­նա­յա­տուկ տե­ղը ու­նի զբօ­սաշր­ջա­յին գոր­ծա­կա­լու­թիւն­նե­րու ծրար­նե­րուն մէմ: Ա­նի­կա նաեւ կը նպաս­տէ Հան­րա­պե­տու­թեան «հա­րա­ւա­յին մի­ջանցք» ուղ­ղու­թեան զար­գաց­ման, քա­նի որ դէ­պի Տա­թեւ ու­ղե­ւո­րուող զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րը ճա­նա­պար­հին կանգ կ՚առ­նեն Խոր Վի­րապ, Նո­րա­վանք, Ա­րե­նի եւ Զօ­րաց քա­րեր, կ՚օգ­տուին մա­տու­ցուող տար­բեր ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րէ», ն­շած է «Տա­թե­ւի վե­րած­նունդ» ծրագ­րի ղե­կա­վար Հայկ Թու­թուն­ճեա­ն:

«Տա­թե­ւեր»ու ա­ռա­ջին յո­բե­լեա­նի ա­ռի­թով կազ­մա­կեր­պուած ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին «Տա­թե­ւի վե­րած­նունդ» ծրագ­րի ղե­կա­վար Հայկ Թու­թուն­ճեան շնոր­հա­կա­լա­գր­եր յանձ­նած  է զբօ­սաշր­ջա­յին ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն՝ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ Տա­թե­ւը՝ որ­պէս զբօ­սաշր­ջա­յին ուղ­ղու­թիւն զար­գաց­նե­լու գոր­ծին մէջ ու­նե­ցած ներդր­ման հա­մար:

«Մենք նաեւ մեծ ու­շադ­րու­թիւն կը դարձ­նենք ճո­պա­նու­ղիի սպա­րարկ­ման ու մի­ջազ­գա­յին չա­փա­նիշ­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու ներդր­ման: Գար­նան ներդ­րուած էր աշ­խար­հի մէջ լա­ւա­գոյն­նե­րէն մէ­կը հա­մա­րուող՝ SKIDATA ըն­կե­րու­թեան տոմ­սե­րու վա­ճառ­քի մի­ջազ­գա­յին հա­մա­կար­գը, իսկ ամ­րան, զբօ­սաշր­ջա­յին ա­մե­նաաշ­խոյժ շրջա­նին, գոր­ծար­կուե­ցաւ տոմ­սե­րու վա­ճառ­քի առ­ցանց հա­մա­կար­գը՝ էա­պէս դի­ւաց­նե­լով տոմ­սե­րու ձեռքբեր­ման գոր­ծըն­թա­ցը», նշած է «Տա­թե­ւեր»ու տնօ­րէն Վա­հէ Պաղ­տա­սա­րեա­ն՝ ընդգ­ծե­լով, որ ճա­պա­նու­ղիի աշ­խա­տա­կից­նե­րուն հա­մար մշտա­պէս վե­րա­պատ­րաստ­ման դա­սըն­թացք­ներ կը կազ­մա­կեր­պուին՝ մաս­նա­գի­տա­կան հմտու­թիւն­նե­րու բարձ­րաց­ման նպա­տա­կով:

«Տա­թե­ւեր» ճո­պա­նու­ղին կա­ռու­ցուած է «Հա­յաս­տա­նի զար­գաց­ման նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ» (IDeA) հիմ­նադ­րա­մի «Տա­թե­ւի վե­րած­նունդ» ծրագ­րի ծի­րէն ներս: Ա­նի­կա ար­ձա­նագ­րուած է մրցանակներու Կի­նէսի գիր­քին մէջ՝ ոչ միայն որ­պէս աշ­խար­հի ա­մե­նաեր­կար յե­տա­դար­ձե­լի, այ­լեւ որ­պէս ա­մե­նա­կարճ ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծին (տասը ա­միս) կա­ռու­ցուած ճո­պա­նու­ղի:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2015