ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԵՆ ՆԱԵՒ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը ամ­սա­վեր­ջին պի­տի ի­րա­կա­նաց­նեն այ­ցե­լու­թիւն մը դէ­պի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան տա­րած­քաշր­ջան։ Ե­րե­ւա­նի եւ Պա­քուի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը ար­դէն հաս­տա­տած են միջ­նորդ­նե­րու այս ու­ղե­ւո­րու­թեան ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցը։ Մինչ այդ, ե­րէկ հա­ղոր­դուե­ցաւ, թէ միջ­նորդ­նե­րը տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով շփում­ներ պի­տի ու­նե­նան նաեւ Ար­ցա­խի մէջ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րը Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ պի­տի տե­սակ­ցին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Կա­րէն Միր­զո­յեա­նի հետ։ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի մամ­լոյ քար­տու­ղար Դա­ւիթ Պա­պա­յեա­նի կող­մէ փո­խան­ցուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով, յի­շեալ պաշ­տօ­նա­կան տե­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն ա­ռըն­թեր չի բա­ցա­ռուիր, որ ան­պաշ­տօն ձե­ւա­չա­փով հան­դի­պում­ներ ալ տե­ղի ու­նե­նան այլ պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու հետ։

«Երբ կ՚ըլ­լան նման հան­դի­պում­ներ, կը քննար­կուին շարք մը ուղ­ղու­թիւն­ներ։ Նախ, յստակ ստեղ­ծուած ի­րա­վի­ճա­կը։ Ա­ռա­ջին հեր­թին, բնա­կա­նա­բար ու­շադ­րու­թիւն պի­տի կեդ­րո­նա­ցուի սահ­մա­նա­յին խնդիր­նե­րուն վրայ, շեշ­տը պի­տի դրուի խախ­տում­նե­րուն վրայ ու պի­տի քննար­կուի, թէ ի՛նչ քայ­լեր կա­րե­լի է կա­տա­րել այդ խախ­տում­նե­րը նուա­զեց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Բնա­կա­նա­բար պի­տի քննար­կուին նաեւ ընդ­հա­նուր բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թացն ու տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին փո­փո­խու­թիւն­նե­րը։ Հա­շուի առ­նե­լով, որ վեր­ջին եր­կու տա­րուան ըն­թաց­քին Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ սահ­մա­նա­յին խախ­տում­նե­րը նոր դրսե­ւո­րում­ներ ստա­ցած են, ան­կա­րե­լի է շրջան­ցել նաեւ սահ­մա­նին տե­ղի ու­նե­ցող դէպ­քե­րուն ա­ռըն­չու­թեամբ ան­կախ հե­տաքն­նու­թեան դրու­թեան ներդր­ման հար­ցի բարձ­րա­ձայ­նու­մը», ը­սաւ բան­բե­րը եւ ա­ւել­ցուց, որ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու հետ հան­դի­պում­նե­րու ժա­մա­նակ Ստե­փա­նա­կերտ միշտ պաշ­տօ­նա­պէս կը ներ­կա­յաց­նէ բազ­մա­թիւ ա­ռա­ջարկ­ներ, ո­րոնք կը մեր­ժուին Պա­քուի կող­մէ։ Ան շա­րու­նա­կեց.

«Մենք ա­ռա­ջար­կե­ցինք դի­պու­կա­հար­նե­րու ետ քա­շուի­լը, բայց Պա­քու մշտա­պէս կը մեր­ժէ։ Նաեւ ա­ռա­ջար­կե­ցինք, որ­պէս­զի տօ­նա­կան օ­րե­րուն՝ տե­ղա­կան կամ մի­ջազ­գա­յին, քա­ղա­քա­կան, ե­կե­ղե­ցա­կան, սահ­մա­նի վրայ հրա­դա­դա­րի դրու­թիւ­նը չխախ­տուի, սա­կայն Պա­քու կրկին մեր­ժեց։ Այս ան­գամ, նոյն­պէս, մենք շարք մը ա­ռա­ջարկ­ներ պի­տի ը­նենք հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն, բայց կը կար­ծեմ, որ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը պէտք է հիմ­նա­կան շեշ­տը դնեն ա­զէ­րի կող­մին վրայ՝ զայն շի­նիչ դաշտ բե­րե­լու հա­մար»։

­Դա­ւիթ Պա­պա­յեա­նի հա­մոզ­մամբ, այս բո­լո­րի տե­սան­կիւ­նէն շատ կա­րե­ւոր պի­տի ըլ­լայ նաեւ Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­նե­րուն յա­ռա­ջի­կա­յին նա­խա­տե­սուած հան­դի­պու­մը։ «Թէեւ իւ­րա­քան­չիւր հան­դի­պու­մէն յե­տոյ Ա­լիեւ կը խոս­տա­նայ բան մը, կը կա­տա­րէ հա­կա­ռա­կը ու կը խախ­տէ մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւուն­քը, այդ ձե­ւով ի­մաս­տազր­կե­լով նաեւ իր իսկ խօս­քե­րը, սա­կայն ե­թէ յա­ռա­ջի­կա­յին կա­յա­նայ Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գահ­նե­րուն հան­դի­պու­մը, սա պի­տի ըլ­լայ կա­րե­ւոր ու ազ­դե­ցիկ՝ խա­ղա­ղու­թիւնն ու կա­յու­նու­թիւ­նը ընդ­հա­նուր առ­մամբ պահ­պա­նե­լու հա­մար», ը­սաւ ան։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2015