ԵՐԵՔ ՆՈՐ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒՄ
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի դէմ կատարուած մահափորձին շրջագծով տեղի ունեցան նոր ձերբակալութիւններ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, ոստիկան զօրաց պատասխանատուներուն ուղղեալ հարցաքննութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցան այս ձերբակալութիւնները։ Իսթանպուլի Հանրապետական աւագ դատախազութեան ահաբեկչութեան ու կազմակերպեալ յանցագործութիւններու բաժանմունքի դատախազներէն Կէօքալփ Քէօքճիւի հսկողութեան ներքեւ կ՚ընթանայ այս գործը։ Իսթանպուլի հերթապահ 7-րդ պատժական ատեանին կողմէ աւարտին հասցուեցաւ կասկածեալներուն հարցաքննութիւնը եւ որոշում առնուեցաւ մեղադրեալներու ձերբակալման ուղղութեամբ, ինչ որ արձագանգ գտած է նաեւ տեղական մամուլին մօտ։
Ձերբակալեալներն են՝ Համզա Ճելեպօղլու (զօրավար), Մուհարրէմ Տեմիրքալէ(հարիւրապետ) եւ Եավուզ Քարաքայա (ենթասպայ)։ Հարկ է նշել, որ այս վերջինները արդէն ուրիշ յանցագործութիւններու բերումով ալ կը գտնուին կալանաւորուած։