ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՅՑԵԼՈՂ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐԸ
Այս տարուան առաջին կիսամեակին Հայաստան այցելած է 501.118 զբօսաշրջիկ, որոնց 26.3 առ հարիւրը եկած են ԱՊՀ-էն, 23.4 առ հարիւրը՝ եւրոպական երկիրներէ եւ 50.3 առ հարիւրը՝ այլ երկիրներէ:
Հայաստանի Հանրապետութեան վիճակագրական ծառայութեան համաձայն, Յունուարէն Յունիս Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներուն 22.3 առ հարիւրը եկած է Ռուսաստանէն, 17.8 առ հարիւրը՝ Իրանէն, իսկ 10.1 առ հարիւրը՝ Միացեալ Նահանգներէն: 2015 թուականի Յունուարէն Յունիսին հետ բաղդատելով՝ այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը աւելցած է 2.4 տոկոսով: Հայաստան այցելողներուն 31.6 առ հարիւրը՝ այցելած է գործնական նպատակով, 47 առ հարիւրը՝ հանգիստի եւ ժամանցի, 0.4 առ հարիւրը՝ բուժման, իսկ 20.9 առ հարիւրը. այլ նպատակներու համար:
2016 թուականի Յունուարէն Յունիս զբօսաշրջութեան նպատակով Հայաստանէն մեկնած է 470.693 մարդ, այսինքն՝ 2015 թուականի նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով` ցուցանիշը աճած է 1.2 տոկոսով: Ներկայացուած ցուցանիշներէն կը յստականայ, որ 2016 թուականի Յունուարէն Յունիս Հայաստանէն ինքնակամ մեկնած է 466.444 մարդ եւ միայն 4249 հոգի՝ զբօսաշրջային գործակալութիւններու միջոցով: Վերջին ցուցանիշը նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով՝ աւելցած է 83.9 առ հարիւր: Մեկնողներու 6.7 առ հարիւրը մեկնած է գործնական, 86.6 առ հարիւրը՝ հանգիստի եւ ժամանցի, իսկ 6.7 առ հարիւրը՝ այլ նպատակներով: