ՆՈՐՈՎԻ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը՝ Ի­կոր Փո­փով (Ռու­սաս­տան), Ճէյմս Ո­ւոր­լիք (Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ), Փիէռ Անտ­րիու (Ֆրան­սա), նաեւ շրջա­նա­յին նա­խա­գա­հի յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ան­ճէյ Կասպր­չիկ կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն ի­րենց հեր­թա­կան ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը դէ­պի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան տա­րած­քաշր­ջան։ Ար­դէն սկսած է միջ­նորդ­նե­րուն այ­ցե­լու­թիւ­նը, ըստ ո­րու ծրագ­րին ա­նոնք նախ կ՚այ­ցե­լեն Պա­քու, ուր կը տե­սակ­ցին Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան հետ։ Ա­ւե­լի վերջ ա­նոնք շփում­ներ պի­տի ու­նե­նան Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի մէջ։

Ռուս հա­մա­նա­խա­գահ Փո­փով այ­ցե­լու­թեան ըն­դա­ռաջ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ը­րաւ APA գոր­ծա­կա­լու­թեան եւ ը­սաւ, որ ի­րենց շփում­նե­րուն ըն­թաց­քին պի­տի քննար­կեն Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին հե­ռան­կար­նե­րը։ Ըստ ի­րեն, միջ­նորդ­նե­րը Ատր­պէյ­ճա­նի, Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի մէջ պի­տի տե­սակ­ցին այդ եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րուն եւ զի­նուո­րա­կան­նե­րուն հետ։ Քննար­կում­նե­րու օ­րա­կար­գին վրայ պի­տի ըլ­լան՝ Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի գա­գա­թա­ժո­ղով­նե­րուն ըն­թաց­քին ձեռք բե­րուած պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման ու­ղի­նե­րը՝ ինչ որ պի­տի նպաս­տէ հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տիէն ներս կա­յու­նու­թեան հաս­տատ­ման։

Ար­ցա­խի շրջա­կայ անվ­տան­գու­թեան գօ­տիէն զա­նա­զան շրջան­նե­րու հայ­կա­կան զօր­քե­րուն կող­մէ ա­զա­տուե­լուն վե­րա­բե­րեալ հարց­ման ի պա­տաս­խան՝ ռուս դի­ւա­նա­գէ­տը նշեց, որ լու­ծու­մը պէտք է ըմբռ­նել կար­գա­ւոր­ման բո­լոր տար­րե­րուն հետ հա­մա­կար­գուած ձե­ւով։ Սա կը նե­րառ­նէ նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի կար­գա­վի­ճա­կը, փախս­տա­կան­նե­րու վե­րա­դար­ձը, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ-Հա­յաս­տան ցա­մա­քա­յին մի­ջանց­քի պահ­պա­նու­մը եւ խա­ղա­ղա­րար գոր­ծո­ղու­թեան ի­րա­կա­նա­ցու­մը։ Ար­դա­րեւ, կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցը ընդ­հա­նուր թղթած­րար մըն է։ Այս կամ այն կող­մին հա­մար նա­խընտ­րե­լի ա­ռան­ձին տար­րե­րու ընդգծ­ման փոր­ձե­րը ա­պա­կա­ռու­ցո­ղա­կան են եւ ա­նար­դիւ­նա­ւէտ։

Միջ­նորդ­նե­րու այ­ցե­լու­թեան սե­մին Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Մա­րիա Զա­խա­րո­վան ալ խօ­սե­ցաւ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցէն ներս Թուր­քիոյ դե­րա­կա­տա­րու­թեան շուրջ. նիւթ մը, ո­րու մա­սին վեր­ջին շրջա­նին յա­ճախ տե­սա­կէտ­ներ կը հնչեն Մոս­կուա­յէն։ Զա­խա­րո­վա­յի խօս­քե­րով, ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ձե­ւա­չա­փը փո­փո­խու­թեան են­թար­կե­լու վե­րա­բե­րեալ քննար­կում­ներ չկան օ­րա­կար­գի վրայ։ «Մինս­քեան խմբա­կի բո­լոր ան­դամ­նե­րուն ուղ­ղա­կի պար­տա­կա­նու­թիւնն է ներդ­րում ու­նե­նալ ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ջան­քե­րուն մէջ։ Մոս­կուա միայն պի­տի ող­ջու­նէ, ե­թէ Մինս­քեան խմբա­կի ան­դամ եր­կիր­նե­րը, նե­րա­ռեալ Թուր­քիան, շի­նիչ դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­նան ղա­րա­բա­րեան հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ջան­քե­րուն մէջ», ը­սաւ ան։

Ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ Ո­ւոր­լիքն ալ վեր­ջին շրջա­նին հաս­տա­տեց, որ հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւո­րու­մը կ՚են­թադ­րէ կարգ մը տա­րածք­նե­րու վե­րա­դար­ձը՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի կար­գա­վի­ճա­կին փո­խա­րէն։ Ըստ ի­րեն, գո­յու­թիւն ու­նի հա­կա­մար­տու­թեան վերս­տին սրման ռիսք՝ ամ­բողջ ծանր զի­նա­տե­սակ­նե­րու կի­րառ­մամբ։ Իսկ Պա­քուի մօտ ԱՄՆ-ի դես­պան Ռա­պըրթ Սե­քու­թա ընդգ­ծեց, որ իր երկ­րին դիր­քո­րո­շու­մը ան­փո­փոխ կը մնայ ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման հար­ցին շուրջ։ Ըստ ի­րեն, միջ­նորդ­նե­րու ներ­կայ այ­ցե­լու­թեան նպա­տակն է՝ նպաս­տել հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման։ Աշ­խա­տե­լով հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն, Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ՝ ԱՄՆ ջան­քեր կը գոր­ծադ­րէ այս ուղ­ղու­թեամբ։

Ան­ճէյ Կասպր­չիկն ալ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին այ­ցե­լու­թեան սե­մին մատ­նան­շեց, թէ հա­կա­մար­տու­թեան լու­ծու­մը քննարկ­ման ա­ռար­կայ կը դառ­նայ մի­ջազ­գա­յին բազ­մա­թիւ մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու ժա­մա­նակ։

Ի­րե­րա­յա­ջորդ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ, միջ­նորդ­նե­րու շփում­նե­րու սե­մին Ար­ցա­խի ճա­կա­տի վրայ մտա­հո­գիչ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին՝ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րու հե­տե­ւան­քով։ Ա­զէ­րի զի­նեալ ու­ժե­րը նա­խըն­թաց օր սահ­մա­նէն ներ­թա­փանց­ման փորձ մը կա­տա­րե­ցին։ Ար­ցա­խի Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի զօր­քե­րը այդ փոր­ձը կա­սե­ցու­ցին։ Ըստ հայ­կա­կան աղ­բիւր­նե­րուն, ա­զէ­րի կող­մը տուաւ ծանր կո­րուստ­ներ, իսկ հայ­կա­կան կող­մը կո­րուստ­ներ չու­նի։ Ներ­թա­փանց­ման փոր­ձը յա­ջոր­դեց Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի կող­մէ կա­տա­րուած գայ­թակ­ղե­ցու­ցիչ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն։

Բնա­կա­նա­բար, հայ­կա­կան կող­մը բուռն ձե­ւով ար­ձա­գան­գեց այս բո­լո­րին։ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեա­նի բան­բե­րը՝ Դա­ւիթ Պա­պա­յեան հա­մո­զուած է, որ այս վեր­ջին ներ­թա­փանց­ման փոր­ձով Ատր­պէյ­ճան կը ջա­նայ իր դէմ­քը փրկել եւ այդ քայ­լը ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն կապ չու­նի միջ­նորդ­նե­րու ներ­կայ այ­ցե­լու­թեան հետ։ Պա­պա­յեան ա­ւել­ցուց, որ Ստե­փա­նա­կեր­տի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը, ըստ էու­թեան, հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու Ար­ցախ այ­ցէն ու­նի գործ­նա­կան քննարկ­ման ակն­կա­լու­թիւն­ներ։ Այս­պէս, անդ­րա­դարձ կը կա­տա­րուի կար­գա­ւոր­ման հար­ցե­րուն եւ սահ­մա­նի ի­րա­վի­ճա­կին։ Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ, միջ­նորդ­նե­րը հիւ­րըն­կա­լե­լու սե­մին, Բա­կօ Սա­հա­կեան տե­սակ­ցե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Վի­գէն Սարգ­սեա­նի հետ։

Հա­յաս­տա­նի մէջ իշ­խա­նու­թեան գլուխ գտնուող Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թեան բան­բեր Ե­դուարդ Շար­մա­զա­նովն ալ յայտ­նեց, որ Ե­րե­ւան մի­ջազ­գա­յին խիստ գնա­հա­տա­կա­նի մը կը սպա­սէ Ատր­պէյ­ճա­նի այս վեր­ջին ներ­թա­փանց­ման փոր­ձին շուրջ։ Ար­դա­րեւ, սա խա­փա­նա­րա­րու­թիւն մըն է Ա­լիե­ւի կող­մէ։ Շար­մա­զա­նով ը­սաւ, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ Ատր­պէյ­ճա­նի կազ­մին մէջ պի­տի չըլ­լայ ո­րե­ւէ կար­գա­վի­ճա­կով։

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Տիգ­րան Բա­լա­յեա­նի հա­մոզ­մամբ, Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիեւ կը փոր­ձէ իր յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով խե­ղա­թիւ­րել բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը։ Իր կար­գին, նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեանն ալ Ե­րե­ւա­նի մէջ լրագ­րող­նե­րու հետ զրու­ցե­լու ժա­մա­նակ յայտ­նեց, որ Պա­քուի մէջ կորսն­ցու­ցած են ի­րա­կա­նու­թեան զգա­ցու­մը։ Ան ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րեց միջ­նորդ­նե­րու եւ Ատր­պէյ­ճա­նի դիր­քո­րո­շում­նե­րուն մի­ջեւ ծա­գած հա­կա­սու­թիւն­նե­րուն վրայ։

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րէն ան­մի­ջա­պէս ա­ռաջ Ե­րե­ւա­նի մէջ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Եւ­րո­միու­թեան Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի հար­ցե­րով յա­տուկ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Հեր­պերթ Զալ­պէր։ Ան տե­սակ­ցե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի, Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի, ինչ­պէս նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Կա­րէն Միր­զո­յեա­նի հետ։ Սարգ­սեան բարձր գնա­հա­տեց ԵՄ-ի յանձ­նա­ռու­թիւ­նը՝ հա­կա­մարտ կող­մե­րու մի­ջեւ վստա­հու­թեան մթնո­լորտ ձե­ւա­ւո­րե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Զրու­ցա­կից­նե­րը կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին նաեւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին զար­գա­ցում­նե­րուն շուրջ։

Միր­զո­յեան-Զալ­պէր զրոյ­ցին ըն­թաց­քին կա­րե­ւո­րուե­ցաւ Վիեն­նա­յի եւ Սեն Փե­թերս­պուր­կի պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն­նե­րու ի­րա­գոր­ծու­մը։ ԵՄ-ի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը լրագ­րող­նե­րու հետ զրու­ցե­լու ժա­մա­նակ նշեց, որ հրա­դա­դա­րի պահ­պա­նու­մը շատ կա­րե­ւոր բա­ղադ­րիչ մըն է խա­ղաղ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն հա­մար։ Կա­րէն Միր­զո­յեանն ալ ա­ռար­կա­յա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն հա­մա­րեց Ար­ցա­խի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին։

ՆՈ­ՐԱՆ­ՇԱ­ՆԱԿ ՀԱ­ՄԱ­ՆԱ­ԽԱ­ԳԱՀ

Միւս կող­մէ, Ֆրան­սա­յի Նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լանտ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կին հա­մար իր երկ­րին կող­մէ նշա­նա­կեց նոր հա­մա­նա­խա­գահ մը. յան­ձին՝ Սթե­ֆան Վիս­քոն­թիի։ Այս վեր­ջի­նը պի­տի յա­ջոր­դէ Փիէր Անտ­րիու­յին, որ կը պաշ­տօ­նա­վա­րէ 2014 թուա­կա­նէն ի վեր։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 22, 2016