ՊԱՅՐԱՔՏԱՐԵԱՆԻ ԵԼՈՅԹԸ ՖՐԵԶՆՈՅԻ ՄԷՋ

Աշ­խար­հահռ­չակ հա­յազ­գի սոփ­րա­նօ Ի­զա­պէլ Պայ­րաք­տա­րեան յա­ռա­ջի­կայ Նո­յեմ­բե­րի 4-ին, Ֆրեզ­նո­յի Սուրբ Եր­րոր­դու­թիւն Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ հանդէս կու գայ։ Ելոյթին երգացանկը կը բաղ­կա­նայ հայ­կա­կան օրհ­ներգ­ներէ եւ ներ­բող­ներէ:

Պայ­րաք­տա­րեան ո­գեշն­չուած էր հայ­կա­կան հո­գե­ւոր եր­գե­րու կա­տար­մամբ տա­կա­ւին եր­կու տա­րի ա­ռաջ: Հա­մերգ­նե­րէն մէ­կուն ըն­թաց­քին ան կա­տա­րեց 5-րդ դա­րու հայ­կա­կան հո­գե­ւոր տաս­նութ օրհ­ներգ, ինչ­պէս՝ «Խնկի ծա­ռին», «Ուր ես, մայր իմ», «Աս­տուա­ծա­ծին երկ­նա­յին»  եւ այլն: Ըստ «Ար­մէնփ­րէս»ի, մի­ջո­ցառ­ման կը յա­ջոր­դէ Պայ­րաք­տա­րեա­նի «Մայր լու­սոյ» ձայ­նաս­կա­ւա­ռա­կի շնոր­հան­դէ­սը: Ի­զա­պէլ Պայ­րաք­տա­րեան ծնած է Լի­բա­նա­նի Զահ­լէ քա­ղա­քը։ Հան­դէս ե­կած է Լի­բա­նա­նի հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցա­կան երգ­չա­խում­բին մէջ, այ­նու­հե­տեւ տե­ղա­փո­խուած է Գա­նա­տա, ուր շա­րու­նա­կած է եր­գել Թո­րոն­թո­յի հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցա­կան երգ­չա­խում­բին մէջ։ 1997 թուա­կա­նին ա­ւար­տած է Թո­րոն­թո­յի ե­րաժշ­տա­նո­ցը: Ան հան­դէս ե­կած է աշ­խար­հի տար­բեր բե­մե­րէն, ար­ժա­նա­ցած է բազ­մա­թիւ բարձր պար­գեւ­նե­րու եւ մրցա­նակ­նե­րու՝ Տո­մին­կո­յի վո­քա­լիստ­նե­րու մրցոյ­թի ա­ռա­ջին մրցա­նա­կին, Մեծն Բրի­տա­նիոյ Է­լի­զա­պէթ Բ. թա­գու­հիի ոս­կէ մե­տայ­լին եւ այլն:

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 22, 2016