ՍԿԶԲՈՒՆՔԱՅԻՆ ՔԱՅԼ

Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Էշ­թըն Քար­թըր ե­րէկ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Ան­գա­րա, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Պէշ­թե­փէի պա­լա­տին մէջ ան ըն­դու­նուե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի կող­մէ։ Չան­քա­յա­յի ա­պա­րան­քէն ներս հիւր նա­խա­րա­րը տե­սակ­ցե­ցաւ Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րը­մի հետ։ Բնա­կա­նա­բար, օ­ր-ւան տե­ւո­ղու­թեան Ազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Ֆիք­րի Ը­շըք բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րեց իր ա­մե­րի­կա­ցի պաշ­տօ­նակ­ցին հետ։ Էշ­թըն Քար­թը­րի Ան­գա­րա­յի շփում­նե­րը մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նէին ժամ­կէ­տի ա­ռու­մով։ Ար­դա­րեւ, «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ մի­ջազ­գա­յին պայ­քա­րը նոր ու նոյ­նիսկ բախ­տո­րոշ փուլ մը թե­ւա­կո­խած է ներ­կա­յիս։ Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րուն կող­մէ Սու­րիոյ մէջ ձեռ­նար­կուած «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թիւ­նը ար­դէն վեր­ջին շրջա­նին ի­րադ­րու­թիւ­նը բո­լո­րո­վին փո­խած էր տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս։ Վրայ հա­սաւ նաեւ Ի­րա­քէ ներս սկսած լայ­նա­ծա­ւալ մի­ջազ­գա­յին գոր­ծո­ղու­թիւ­նը՝ Մու­սու­լը ա­զա­տագ­րե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Մի­ջազ­գա­յին բո­լոր դե­րա­կա­տար­նե­րը առ­կայ պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ ի­րա­րու հետ թէ՛ կը հա­մա­գոր­ծակ­ցին եւ թէ կը դի­մագ­րա­ւեն հա­կա­սու­թիւն­ներ։ Այս­պէս է նաեւ կա­ցու­թիւ­նը Թուր­քիոյ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին՝ ԱՄՆ-ի եւ Ռու­սաս­տա­նի հետ։ Հե­տե­ւա­բար Քար­թը­րի ե­րէ­կուան շփում­նե­րը ծայր աս­տի­ճան կա­րե­ւոր էին՝ տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս դիր­քե­րու վե­րայս­տա­կեց­ման, ու­ժե­րու վե­րա­դա­սա­ւոր­ման ա­ռու­մո­վ։

Մու­սու­լի ա­զա­տագր­ման գոր­ծո­ղու­թեան շրջագ­ծով տա­րա­կար­ծու­թիւն­ներ ծա­գած են Ան­գա­րա­յի եւ Պաղ­տա­տի ղե­կա­վա­րու­թեանց մի­ջեւ, հրա­պա­րա­կա­յին բուռն վէ­ճե­րով հան­դերձ։ Մաս­նա­ւո­րա­բար Պա­շի­քա­յի թրքա­կան ռազ­մա­խա­րիս­խի գո­յու­թիւնն ու գոր­ծու­նէու­թեան ծի­րը ծնունդ կու տան այդ տա­րա­ձայ­նու­թիւն­նե­րուն։ Ո­ւա­շինկ­թըն հա­կ-ւած էր այս խնդի­րը դի­տար­կել Ի­րա­քի գե­րիշ­խա­նու­թեան հար­թու­թեան վրայ։ Այս ա­ռու­մով Քար­թը­րի ե­րէ­կուան այ­ցով ո­րոշ չա­փով յաղ­թա­հա­րուե­ցան յո­ռե­տե­սու­թեան պատ­ճառ­նե­րը։ Ա­մե­րի­կա­ցի նա­խա­րա­րը յայ­տա­րա­րեց, որ Թուր­քիա եւ Ի­րաք այս նիւ­թին շուրջ եւ առ հա­սա­րակ Մու­սու­լի պա­րա­գա­յին հա­սած են ընդ­հա­նուր ըմբռ­նու­մի մը։ Յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ կը նա­խա­տե­սուին յա­ւե­լեալ շփում­ներ՝ գործ­նա­կան ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու յստա­կեց­ման հա­մար՝ միշտ Ո­ւա­շինկ­թը­նի քա­ջա­լե­րա­կա­նով։ Քար­թը­րի այս յայ­տա­րա­րու­թիին­նե­րուն զու­գա­հեռ՝ Սպի­տակ տու­նէն եւս հնչե­ցին դրա­կան խօս­քեր։ Այս­պէս, ԱՄՆ-ի վար­չա­խում­բին կող­մէ տե­ղե­կա­ցուե­ցաւ, որ Պա­շի­քա­յի մէջ թրքա­կան գո­յու­թիւ­նը օ­րի­նա­կա­նու­թեան ա­ռու­մով վի­ճե­լի կամ խնդրա­յա­րոյց չէ։ Յա­ռա­ջի­կա­յին, Թուր­քիա եւ Ի­րաք պի­տի յստա­կեց­նեն ո՛չ միայն Պա­շի­քա­յի ռազ­մա­խա­րիս­խին հար­ցը, այլ նաեւ Թուր­քիոյ ընդ­հա­նուր դիր­քը Մու­սու­լի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն մէջ։ Տե­ղա­կան լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, կա­րե­ւոր լո­ժիս­թիք դե­րա­կա­տա­րու­թիւն մը պի­տի վի­ճա­կի թրքա­կան կող­մին՝ առ­նուազն այս պա­հուն յստա­կա­ցած չա­փո­վ։

Թէեւ Մու­սու­լի գոր­ծո­ղու­թեան Թուր­քիա պի­տի մաս­նակ­ցի ա­ռա­ւել չա­փով մար­դա­սի­րա­կան ու բժշկա­կան բնոյ­թով, այ­սինքն ոչ-զի­նուո­րա­կան ա­ռանց­քին շուրջ, սա­կայն Քար­թըր յայտ­նեց, թէ թրքա­կան կող­մը հե­տաքրք­րուած է նաեւ գոր­ծո­ղու­թեան ար­դիւն­քով՝ ո­րով­հե­տեւ աշ­խար­հագ­րա­կա­նօ­րէն հա­րե­ւան է Մու­սու­լի շրջա­նին հե­տ։

Էշ­թըն Քար­թըր Ան­գա­րա ժա­մա­նե­լէ ա­ռաջ ար­դէն բա­ցա­յայ­տօ­րէն մատ­նան­շած էր Թուր­քիոյ մաս­նակ­ցու­թեան ճա­կա­տագ­րա­կան նշա­նա­կու­թիւ­նը Ի­ՇԻՊ-ի դէմ պայ­քա­րին։ Ե­րէ­կուան բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րէն վերջ այս ա­ռանց­քին շուրջ կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը ու­ղիղ հա­մե­մա­տու­թեան մէջ էին միշտ։ Իսկ դաշ­տի վրայ պա­տա­հած մտա­հո­գիչ նոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներն ալ ե­կան հեր­թա­կան ան­գամ վե­րա­հաս­տա­տել այդ հան­գա­ման­քը։ Ար­դա­րեւ, Ի­ՇԻՊ այս ան­գամ շարժ­ման ան­ցաւ նաւ­թի պա­շար­նե­րով հա­րուստ ու­րիշ ի­րա­քեան քա­ղա­քի մը՝ Քեր­քիւ­քի մէջ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րու­մը սկսած է շարժ­ման ան­ցը­նել իր «քնա­ցած բջիջ­նե­րը», ո­րոնք նոյ­նա­ժա­մա­նակ «կեն­դա­նի ռում­բեր» պայ­թե­ցու­ցած են Մու­սու­լի մէջ, ուր դժբախ­տա­բար կան նոր զո­հե­ր։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 22, 2016