ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՏՈՒԱՒ ԼԻԲԱՆԱՆ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Լիբանան։ Պէյրութի մէջ ան հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Այսպէս, Փաշինեան ընդունուեցաւ Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ։

Պէյրութի մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տեսակցեցաւ հայկական աւանդական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ համայնքային շրջանակներէ գործիչներու հետ։

Իր կեցութեան ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան այցելեց Անթիլիաս, ուր հիւրընկալուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ։ Փաշինեան եւ Արամ Ա. ունեցան առանձին հանդիպում մը։ Բաց աստի, վարչապետը մասնակցութիւն բերաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի քահանայական ձեռնադրութեան յիսնամեակին ձօն-ւած գոհաբանական Ս. Պատարագին եւ յոբելենական հանդիսութեան, որու ընթացքին յղեց շնորհաւորութիւններ։

Նիկոլ Փաշինեան այց մը տուաւ նաեւ Զմմառի Հայ կաթողիկէից պատրիարքարան։ Իր ուղեւորութեան յատկանշական փուլերէն մին բնորոշեց Հայկազեան համալսարան տրուած այցելութիւնը։ Հոգեւոր կեդրոններու եւ Հայկազեան համալսարանի առընթեր, Նիկոլ Փաշինեան այցելեց նաեւ այլ կրթական ու մշակութային կեդրոններ, որոնք կը գործեն Լիբանանի մէջ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2018