ՎԵՐԱԾՆԱՒ…
Աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի յուղարկաւորութիւնը շաբաթավերջին վերածուեցաւ իրեն նկատմամբ յարգանքի, մեծարանքի եւ երախտագիտութեան մատուցման անկրկնելի շարժառիթի մը։ Անցեալ շաբթուան երկրորդ կէսին Արա Կիւլէր միշտ օրակարգի առաջին հորիզոնին վրայ էր, որովհետեւ իր կորուստը խոր ցնցումի եւ յուզումի պատճառ դարձած էր։ Ի շարունակութիւն այդ մթնոլորտին՝ Արա Կիւլէրի յուղարկաւորութիւնը եւս դարձաւ անմոռանալի։ Ան յաւերժութեան ճամբուեցաւ հանճարի մը վայել շուքով ու երախտագիտութեամբ։ Պատմական յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ պետական արարողակարգով. դագաղը ծածկուած էր դրօշով։
Իր հրաժեշտի ծրագիրը սկսաւ Կալաթասարայի հրապարակին վրայ կազմակերպուած սգահանդէսով։ Մօտակայքի իր անունը կրող սրճարանը արդէն դարձած էր ամբողջ յուղարկաւորման ծրագրի սկզբնակէտը։ Սրճարանին մէջ ծաղիկներ թողուած էին այն սեղանին վրայ, որու գլուխը սովորաբար կը նստէր Արա Կիւլէր։ Կալաթասարայի հրապարակին վրայ զետեղուած էր մեծ բեմահարթակ մը։ Բեմահարթակին վրայ էր դագաղը, որու շուրջ մարդիկ կը փութային իրենց խոնարհումը բերելու։ Իսկ պաստառի վրայ կը ներկայացուէր Արա Կիւլէրի կեանքին ու գործունէութեան վերաբերեալ շատ հետաքրքրական փաստավաւերագրական ժապաւէն մը։ Երբ ժամերը յառաջացան, խտացաւ նաեւ բազմութիւնը։ Սգահանդէսի յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ յայտնի հրապարակագիր Նեպիլ Էօզկէնթիւրքի հանդիսավարութեամբ։ Գործադրուեցաւ երաժշտական յայտագիր՝ տուտուկի եւ ջութակի նուագներով։ Արա Կիւլէրի մասին արտայայտուեցան Զիւլֆիւ Լիվանելի, Ճոշքուն Արալ, ինչպէս նաեւ իր օգնականը՝ Ֆաթիհ Ասլան, որ վերջին տարիներուն միշտ եղած էր իր կողքին։ Հասարակութեան բոլոր խաւերէն, գրեթէ բոլոր քաղաքական կուսակցութիւններէն ներկայացուցիչներ եւս ներկայ էին հրապարակին վրայ։ Իշխանութիւններուն կողմէ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ ալ փութացին Կալաթասարայ։ Այսպէս, ներկայ էին Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ֆուատ Օքթայ, Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Էրսոյ, Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն, ԱՔ կուսակցութեան փոխ-կուսակցապետ Էօմէր Չելիք, Իսթանպուլի կուսակալ Վասիփ Շահին, գլխաւոր քաղաքապետ Մեւլիւտ Ույսալ, Պէյօղլուի քաղաքապետ Ահմէտ Միսպահ Տեմիրճան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Պետական ներկայացուցիչներուն առընթեր Կալաթասարայի հրապարակի սգահանդէսին մասնակցեցաւ նաեւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Ելոյթներէն վերջ եզրափակուեցաւ սգահանդէսը եւ բոլորը ուղղուեցան դէպի Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին։ Ընդարձակ տաճարը ամբողջութեամբ լեցուած էր յուղարկաւորներով։ Փառաշուք արարողութեան նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան հանդիսապետեց եւ խօսեցաւ կուռ դամբանական մը։ Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որ վերահսկած էր արարողակարգային կարգադրութիւնները, ընթերցեց նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի ցաւակցագիրը։ Արա Կիւլէրի դագաղը զետեղուած էր լուսաշող տաճարի ճիշդ կեդրոնը՝ մահաբեմի վրայ եւ անոր շուրջը կերոնակիր էին՝ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան, արուեստագէտ Գրիգոր Սահակօղլու, «Լոյս» երկշաբաթաթերթի արտօնատէր Արամ Քուրան, «Ակօս» շաբաթաթերթէն Միհրան Մանուկեան, լուսանկարիչ Մկրտիչ Արծիւեան եւ հանգուցեալի համակիրներէն Տայք Միրիճանեան։ Յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուեցաւ Ուղղափառաց Ծայրագոյն Պատրիարք Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա.-ի ներկայացուցիչը։ Մասնակիցներու շարքին էին Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Պերթրան Պիւշվալթէր, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, ինչպէս նաեւ մեր համայնքային շրջանակներէն եւ լայն հասարակութենէն շատ յայտնի դէմքեր։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեպարար շարականները հնչեցին խոր տպաւորութիւն գործելով բոլոր յուղարկաւորներուն վրայ եւ ազդարարելով Արա Կիւլէրի յաւիտենական նենջի սկիզբը։
Արարողութեան աւարտին Արա Կիւլէրի դագաղը դուրս բերուեցաւ եկեղեցիէն եւ բակին մէջ Արսէն Աւագեանի կողմէ ընթերցուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ ուղարկուած ցաւակցականները։ Այս փուլին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան եւս հանդէս եկաւ դամբանախօսութիւնով մը։
Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիէն վերջ Արա Կիւլէրի մարմինը փոխադրուեցաւ Շիշլիի ազգային գերեզմանատունը, ուր ամփոփուեցաւ իր ընտանեկան դամբարանին մէջ։ Թաղման կարգին հանդիսապետեց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։
Արա Կիւլէր կարծես վերածնած ըլլար իր յուղարկաւորութեան օրը։ Հրաժեշտի յուզումնախառն հանգրուանին անոր խորհրդանշած կերպարի բազմակողմանի վերագնահատումէն ծնունդ առաւ նոր առասպել մը։ Արա Կիւլէրի թողած վիթխարի ժառանգը այլեւս այդ նոր առասպելական կերպարով կը խորհրդանշուի ու կը կամրջէ դարերը եւ կը միաձուլէ արժէքներն ու մշակոյթները։