ԼՈՆՏՈՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան, որ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Լոնտոն, հանդիպում մը ունեցաւ Անգլիոյ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի հարցերով նորանշանակ Պետական նախարար Քրիստոֆըր Փինչըրի հետ։ Այս վերջինը պաշտօնի կոչուելէ վերջ մօտաւոր անցեալին այցելած էր նաեւ Երեւան։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար՝ Զօհրապ Մնացականեան վստահութիւն յայտնեց, որ բոլոր նախադրեալները գոյութիւն ունին՝ Հայաստան-Անգլիա յարաբերութիւնները նոր մակարդակի մը վրայ բարձրացնելու եւ համագործակցութիւնը առաւել ընդլայնելու համար։ Այս ամբողջին մէջ երկուստեք կարեւորուեցաւ բոլոր մակարդակներու վրայ աշխոյժ երկխօսութեան յետագայ ծաւալումը՝ զանազան ոլորտներէ ներս երկկողմանի համագործակցութեան ներուժի լիարժէք օգտագործման ուղղութեամբ։ Նոյն ամբողջին մէջ կողմերը որպէս թիրախային ուղղութիւն թուարկեցին՝ տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու, բարձրագոյն փորձագիտութիւններու, ստեղծագործ կրթութեան, զբօսաշրջութեան եւ այլ ոլորտները։ Զրուցակիցները կարեւորեցին այս բնագաւառներուն մէջ փորձառութեան փոխանակման ուղղեալ ծրագրերը եւ մարդոց միջեւ շփումներու աշխուժացումը։ Կարծիքներ փոխանակուեցան երկկողմանի ստեղծուած իրողութիւններուն համապատասխան համագործակցութեան իրաւապայմանագրային դաշտի մը ապահովման ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերուն շուրջ։

Նախարար Զօհրապ Մնացականեան ներկայացուց Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուած լայնածաւալ բարեփոխումներու օրակարգը։ Ան ընդգծեց, որ բարեփոխումները միտուած են ժողովրդավարութեան ամրապնդման, մարդու իրաւանց եւ հիմնարար ազատութիւններու պաշտպանութեան։ Այս գործընթացի պարագային առանձնայատուկ կարեւորուեցաւ միջազգային գործընկերներու հետ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը։

Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ միջազգային եւ տարածքաշրջանային օրակարգի շարք մը հրատապ հարցերուն։ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի համատեսքին մէջ Զօհրապ Մնացականեան կարեւորեց՝ ժողովուրդները խաղաղութեան պատրաստելու ուղղեալ համոզիչ քայլերու ձեռնարկուիլը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2019