ՍՈՉԻԻ ՄԷՋ ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Ռուսաստան։ Այսպէս, միօրեայ այցելութեամբ ան կ՚ուղեւորուի Սոչի, ուր կը հիւրընկալուի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։ Բանակցութիւններու ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ կու գայ Սուրիոյ իրավիճակը։ «Խաղաղութեան ակ» գործողութեան արդիւնքներու լոյսին ներքեւ՝ Էրտողան եւ Փութին կ՚արժեւորեն ընդհանուր վիճակը եւ կը քննարկեն յառաջիկայ քայլերը։

Թուրքիա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ համաձայնութեան հասած էին, որպէսզի հինգ օրով դադրին «Խաղաղութեան ակ» գործողութիւնները։ Այդ հինգ օրուան ժամկէտը կը լրանայ այսօր, մինչ Էրտողան եւ Փութին կը մէկտեղուին Սոչիի մէջ։ Թուրքիա պահանջած է, որ ահաբեկիչները ամբողջութեամբ հեռանան՝ իր նախատեսած անվտանգ գօտիի տարածքէն։ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտնեց, որ եթէ ահաբեկիչները նախատեսուած ժամկէտով լքեն այդ տարածքը, ապա գործողութիւնները ինքնաբերաբար կը վերջանան։

Այսպիսի իրավիճակի մը մէջ է, որ Էրտողան եւ Փութին պիտի բանակցին եւ օրակարգի վրայ պիտի գտնուի նաեւ 1998 թուականին ստորագրուած Ատանայի պայմանագիրը։ Հարկ է յիշեցնել, որ այդ փաստաթուղթը ստորագրուած էր Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Սուրիոյ միջեւ։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով վերջին օրերուն յայտնած էր, որ Սուրիոյ ճգնաժամի կարգաւորման համար երկխօսութիւնը անհրաժեշտ է Թուրքիոյ եւ Պեշար Էսատի վարչախումբին միջեւ։ Լաւրով ընդգծած էր, որ Մոսկուա պատրաստ է միջնորդի դեր կատարելու Անգարայի եւ Դամասկոսի միջեւ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2019