Տ. ՍԵՊՈՒՀ ԱՐՔ. ՉՈՒԼՃԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ ԿՈՉ
Հայաստանէն՝ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան այս առաւօտ խմբագրութեանս ուղարկեց յայտարարութիւն մը՝ Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին մէջ արտասահմանի թեկնածուներուն համար նախատեսուած սահմանափակումներուն կապակցութեամբ։ Ինչպէս ծանօթ է, ընտրական կանոնադրութեան տրամադրութիւններով պատրիարքի թեկնածու կրնան ներկայանալ միայն Պոլսոյ Աթոռին ենթակայ սրբազանները։ Այս իրավիճակը տարակարծութիւններու եւ բանավէճի տեղի տուած է պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ։ Թեկնածութեան իրաւունքի տէր երեք սրբազաններէն Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան պաշտօնական նամակով մը հրաժարած էր թեկնածութենէ՝ ի զօրակցութիւն արտասահմանի թեկնածուներուն։ Ան կոչ ուղղած էր, որպէսզի Պոլսոյ երկու թեկնածուները՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւս հրաժարին թեկնածութենէ։
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի այս կոչէն վերջ, Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեանն ալ այսօրուան յայտարարութիւններով իր հերթին կոչ ուղղած է մեր երկու սրբազաններուն, որպէսզի անոնք պահ մը սթափուին ու վեր կանգնին անձնական յաւակնութիւններէ։
Այս յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է, որ պէտք է խօսիլ ճշմարտութիւնը ու պէտք է փաստել, որ 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան կանոնադրութիւնը փոփոխութեան ենթարկուած է՝ մանաւանդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեանի անձով եւ անոր Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի ըլլալու հանգամանքներով պայմանաւորուած։ Նորին սրբազնութիւնը համոզուած է, որ եթէ ինք մտադրութիւնը չունենար թեկնածութիւնը առաջադրելու, ապա Թուրքիոյ Ներքին գործոց նախարարութիւնը կանոնադրութիւնով պիտի չսահմանափակէր արտերկրի հոգեւորականներու մասնակցութիւնը ընտրութիւններուն։
«Իսկ ես իմ կողմէ որպէս գործնական քայլ կը յայտարարեմ, քանի իմ անձն է պատճառը կանոնադրութեան փոփոխման եւ Թուրքիայէ դուրս ապրող հոգեւորականներու ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը խոչընդոտող հանգամանքը՝ ապա ես պատրաստ եմ յանուն իմ հոգեւոր միւս եղբայրներու իրաւունքի վերականգնման չներկայացնել իմ թեկնածութիւնը իբրեւ պատրիարքի գահու յաւակնորդ», նշուած է Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեանի յայտարարութեան մէջ։