«ԵԹԷ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԷՆ ՊԱՀԱՆՋ ՄԸ ԸԼԼԱՅ, ԱՊԱ ԹՈՒՐՔԻԱ ՉԻ ՎԱՐԱՆԻՐ ԶՕՐՔ ՈՒՂԱՐԿԵԼՈՒ»

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ Անգարա անդրդուելի կը մնայ Պաքուի կողքին։ Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ֆուաթ Օքթայ երէկ «CNN Türk»ի ուղիղ եթերին վրայ յայտարարեց, որ Թուրքիա ռազմական համագործակցութեան պայմանագիր ունի Ատրպէյճանի հետ։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան առաջին իսկ օրէն յստակ խօսած է այս մասին։ «Եթէ Հայաստանի կողմէ անսպասելի քայլեր ըլլան եւ Պաքուէն դիմում մը հասնի, ապա Թուրքիա չի վարանիր զօրք ուղարկելու, նախագահը՝ առաւել եւս», ըսաւ Ֆուաթ Օքթայ։ Ահմէտ Հաքանի հարցումներուն պատասխանելու ժամանակ՝ Ֆուաթ Օքթայ նշեց, որ պատերազմական իրավիճակին մէջ Հայաստան խաղաղ բնակչութիւնը կը թիրախաւորէ եւ սա կը ցոլացնէ անոր ահաբեկչական պետութիւն մը ըլլալու բնոյթը։

Իր կարգին, նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն երէկ ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը հանդէս եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գրառումներուն անդրադառնալով ան մասնաւորապէս ուշադրութիւն հրաւիրեց անոր հետեւեալ արտայայտութեան վրայ. «Լեռնային Ղարաբաղի պարագային չկայ դիւանագիտական լուծում»։ Այս արտայայտութեան լոյսին տակ Իպրահիմ Քալըն ըսաւ. «Յայտնի է, թէ ո՛վ պատերազմ կ՚ուզէ։ Սա կը վերահաստատէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի արդարութիւնը։ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը պիտի հաստատուին միայն Լեռնային Ղարաբաղի բռնագրաւումէ ազատուելէն վերջ»։

Թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներն ալ Փաշինեանի վերոյիշեալ գրառման լոյսին տակ հակասական համարած են Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի մասնակցած դիւանագիտական շփումները։

Միւս կողմէ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հերթական հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։

Իր կարգին, Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սետաթ Էօնալ այսօր կ՚այցելէ Մոսկուա։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2020