ԱՐՄԱՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒՈՒՄ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ընկերային ցանցերու վրայ բաւական արմատական գրառումներով հանդէս եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին կապակցութեամբ։ Ան նախ կոչ ուղղեց կամաւորական ջոկատներու կազմաւորման ուղղութեամբ։ Բաց աստի, Նիկոլ Փաշինեան նշեց. «Այն, ինչ որ մեզի համար ընդունելի է, Ատրպէյճանի համար այլեւս ընդունելի չէ, գոնէ այս փուլին դիւանագիտական լուծման մասին խօսիլը անիմաստ է»։ Ըստ Փաշինեանի, այն բոլոր յոյսերը, առաջարկներն ու մտածումները, թէ պէտք է դիւանագիտական լուծում մը գտնել, առաւել եւս առկայ իրավիճակին մէջ, աւարտած պէտք է համարուին։ «Մենք բազմիցս ըսած ենք՝ հարցը փոխադարձ զիջումներու տարբերակով լուծելու պատրաստակամութիւն ունինք։ Բայց, գործնականութիւնը ցոյց տուաւ, թէ այն ինչ այս տրամաբանութեան մէջ ընդունելի է հայկական կողմին համար, այլեւս անընդունելի է Ատրպէյճանի համար։ Սա ցոյց կու տայ, թէ որեւէ դիւանագիտական լուծման մասին խօսիլ անիմաստ է այս փուլին», ըսաւ վարչապետը։ Ընկերային ցանցերու վրայ ուղիղ եթերի ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ Ատրպէյճան համաձայն է միայն Արցախը ինքզինքին ենթարկելու։ «Առանց Արցախի չկայ Հայաստան, մեր ընելիքը պայքարիլն է մինչեւ վերջ», շարունակեց Փաշինեան եւ բարձր գնահատեց Հայաստանի եւ Ռուսաստանի համագործակցութիւնը։ «Մենք կը զգանք Ռուսաստանի աջակցութիւնը՝ որպէս Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ռազմավարական դաշնակիցը եւ ունինք մշտական հաղորդակցութիւն։ Մենք հնարաւորինս ամենաբարձր եւ արդիւնաւէտ կերպով համագործակցած ենք ու կը համագործակցինք այս իրավիճակին լուծում մը գտնելու համար», ըսաւ վարչապետը։ Ի լրումն այս բոլորին, Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց, որ առաջնագծի վրայ կացութիւնը բաւական բարդ է, բաւական դժուար իրավիճակ ստեղծուած է։ Արցախի ամբողջ հարաւով կ՚ընթանան մարտական գործողութիւններ։ «Այստեղ կայ շատ կարեւոր նրբութիւն մը։ Մեր դիտարկումները ցոյց կու տան, թէ հակառակորդը մարտի կը նետէ արդէն իր վերջին պահեստները։ Այո՛, անոնց պաշարները շատ-շատ մեծ են, սակայն մեր հերոսական զինուորները աննկարագրելի ծաւալով կորուստներ կը պատճառեն», աւելցուց Փաշինեան։ 

Ընկերային ցանցերու այս հրապարակումէն վերջ, օրուան տեւողութեան պարզաբանումներով հանդէս եկաւ Նիկոլ Փաշինեանի բանբերը՝ Մանէ Գէորգեան։ Ըստ իրեն, Հայաստան պատրաստ եղած է եւ այժմ ալ պատրաստ է Լեռնային Ղարաբաղի հարցի խաղաղ կարգաւորման։ Խնդիրը դիւանագիտական լուծում չունի Ատրպէյճանի ապակառուցողական գործելաոճին հետեւանքով։ Մանէ Գէորգեան պարզաբանումին մէջ յիշեցուց, որ Փաշինեան պատրաստակամութիւն յայտնած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ Մոսկուայի մէջ հանդիպելու։ Երեւան բարձր կը գնահատէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու եւ մասնաւորապէս Ռուսաստանի միջնորդական ջանքերը։ «Ատրպէյճան հարցի լուծման հիմնական գործօնը կը համարէ ռազմական ուժը եւ շարունակաբար կը խախտէ հրադադարի մասին համաձայնութիւնները։ Ըստ այդմ, հայ ժողովուրդը պէտք է խտացնէ իր պաշտպանական ներուժը՝ դիւանագիտական ճակատի վրայ ըսելիքը պաշտպանելու հնարաւորութիւն ունենալու համար։ Անգամ մը եւս կ՚ընդգծենք, որ այս փուլին Լեռնային Ղարաբաղի հարցը դիւանագիտական լուծում չունի Ատրպէյճանի ապակառուցողական գործելաոճին հետեւանքով։ Նիկոլ Փաշինեան բազմիցս, ներառեալ վերջին օրերը, ընդգծած է, որ հայկական կողմը պատրաստ է փոխադարձ զիջումներու հիման վրայ բանակցային գործընթացին։ Բայց գործնականութիւնը ցոյց տուած է, թէ այս տրամաբանութիւնը անընդունելի է Ատրպէյճանի համար», նշեց Մանէ Գէորգեան պարզաբանումին մէջ։

Բաց աստի, Նիկոլ Փաշինեան երէկ հարցազրոյց մը տուաւ Իրանի պաշտօնական լրատուական գործակալութեան՝ «ԻՐՆԱ»ին։ Այս առթիւ ան յայտնեց, որ տարածքաշրջանի երկիրները պէտք է առաւել խիստ արձագանգէին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս ահաբեկիչներու գոյութեան հարցին։ «Մենք նախապէս ծրագրուած լայնածաւալ պատերազմի մը մէջ կը գտնուինք եւ այդ մէկը սպառնալիք մըն է ամբողջ տարածքաշրջանին համար», ըսաւ Փաշինեան։ Նոյն հարցազրոյցին մէջ ան կրկնեց վերջին շրջանին Երեւանի կողմէ Անգարային հասցէագրուած քննադատութիւնները։

Միւս կողմէ, Երեւանի մէջ ցոյցերն ու երթերը կը շարունակուին՝ Արցախի անկախութեան ճանաչման պահանջով։ Ցուցարարները միշտ կը պահանջեն միջազգային կարեւոր դերակատար երկիրներու դեսպանատուները այցելել՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կրակի դադրեցման եւ ժողովուրդի ինքնորոշան իրաւունքի իրականացման սպասումով։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2020