ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԵՄ-Ի ԵՒ ՆԱԹՕ-Ի ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ այցելեց Պրիւքսել, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Եւրոմիութեան եւ ՆԱԹՕ-ի յառաջատար դէմքերուն հետ, Արցախի լայնածաւալ պատերազմի բարդ իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան օրուան տեւողութեան կարեւոր հանդիպումներ ունեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Շարլ Միշելի հետ զրուցելու ժամանակ Արմէն Սարգսեան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Արցախի լայնածաւալ պատերազմին, որ ընթացքի մէջ է սեպտեմբերի 27-էն ի վեր։ Ան կանգ առաւ Ատրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ ռազմական բռնութեան վրայ՝ մատնանշելով նաեւ Թուրքիոյ ներգրաւուածութիւնն ու ռազմաքաղաքական օժանդակութիւնը։ Նախագահը շեշտեց, որ Ատրպէյճան որոշած է հրաժարիլ խաղաղ բանակցային գործընթացէն։ Իր կարգին, Շարլ Միշել յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բռնութիւնը պէտք է դադրի։ Ան հետաքրքրուեցաւ հակամարտութեան համատեսքին մէջ արձանագրուած տարածքաշրջանային զարգացումներով։ Արմէն Սարգսեան իրավիճակը հանգամանօրէն ներկայացուց եւ այս ամբողջին մէջ քննադատութիւններ հասցէագրեց Թուրքիոյ։ Ըստ իրեն, Անգարայի քաղաքականութիւնը տարածքաշրջանէ ներս կայունութեան եւ անվտանգութեան տեսակէտէ լուրջ սպառնալիք կը համարուի։ Զրուցակիցները խոր մտահոգութիւն յայտնեցին ռազմական գործողութիւններու շարունակուելուն բերումով։ Արդարեւ, սա կրնայ պատճառ դառնալ մարդասիրական մեծ աղէտի մը։ Շարլ Միշել նշեց, որ հրադադարը պէտք է յարգել եւ առանց նախապայմաններու պէտք է վերադառնալ բանակցային սեղան։ Արմէն Սարգսեանն ալ շատ կարեւոր համարեց, որ միջազգային գործընկերները ամբողջութեամբ հասկնան այս հակամարտութեան էութիւնը եւ այս պատերազմը դադրեցնելու յստակ կոչ հնչեցնեն։ Ըստ իրեն, հրադադարը բացարձակ անհրաժեշտութիւն է, իսկ Թուրքիա պէտք է դուրս գայ այս հակամարտութենէն։

Եէնս Սթոլթենպերկի հետ տեսակցելու ընթացքին ալ Արմէն Սարգսեան անդրադարձաւ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած իրադրութեան, Հայաստանի սահմաններու եւս թիրախաւորումով հանդերձ։ Արմէն Սարգսեան Թուրքիոյ վերաբերեալ քննադատութիւններն ալ կրկնեց՝ ընդգծելով այն հանգամանքը, թէ ան ՆԱԹՕ-ի անդամ է։ Իր կարգին, Սթոլթենպերկ անհանգստութիւն յայտնեց ստեղծուած իրավիճակին կապակցութեամբ՝ մասնաւորապէս քաղաքացիական բնակչութեան թիրախաւորման բերումով։ Ան յոյս յայտնեց, թէ կողմերը կը յարգեն հրադադարի վերաբերեալ համաձայնութիւնները ու կը վերադառնան բանակցային սեղանի շուրջ՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան ներքեւ։

Արմէն Սարգսեան եւ Եէնս Սթոլթենպերկ Պրիւքսելի մէջ սարքեցին նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Այս փուլին Հայաստանի նախագահը շեշտեց, որ եթէ Թուրքիա դադրի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմ ըլլալէ, ապա հնարաւոր կ՚ըլլայ հասնիլ հրադադարի։ Ասուլիսի ընթացքին ալ իր տեսակէտները հիմնաւորելու ժամանակ Արմէն Սարգսեան ընդգծեց Թուրքիոյ՝ ՆԱԹՕ-ի անդամ ըլլալու հանգամանքը։

Թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցները եւս տեղ տուած են Արմէն Սարգսեանի Պրիւքսել այցելութեան եւ մանաւանդ՝ ՆԱԹՕ-ի կեդրոնատեղիէն ներս կատարած յայտարարութիւններուն։ Որոշ թերթեր կը գրեն, որ Արմէն Սարգսեան դիւանագիտական նախընթացները անտեսելով վարուած է եւ իր յայտարարութիւնները ունեցած են՝ նպատակը գերազանցող բնոյթ։ Եէնս Սթոլթենպերկ թէեւ չափաւոր յայտարարութիւններ ըրած է, սակայն, ըստ թերթերուն, լուռ մնացած է ՆԱԹՕ-ի կարեւորագոյն դաշնակիցներէն մէկուն՝ Թուրքիոյ դէմ բարձրաձայնուած մեղադրանքներուն փոխարէն։

ԴԵՍՊԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Միւս կողմէ, երէկ, Թեհրանի մօտ Հայաստանի դեսպան Արտաշէս Թումանեան եւ Թեհրանի մօտ Քաթարի պետութեան դեսպան Մուհամմէտ պին Համիտ էլ Հաճրի ունեցան հանդիպում մը։ Այս վերջինը Արտաշէս Թումանեանին փոխանցեց Քաթարի էմիր Թամիմ պին Համիտ էլ Թըհանիի ուղերձը՝ հասցէագրուած Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի։ Հարկ է յիշեցնել, որ Արմէն Սարգսեան վերջերս Քաթարի էմիրին հետ կապ հաստատած էր Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Թեհրանի հայկական դեսպանատան մէջ երէկ տեղի ունեցած զրոյցի ընթացքին երկու դեսպանները անդրադարձան Արցախի պատերազմի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին եւ հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ շարք մը հարցերու։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2020