ՅԱՐԱՏԵՒ ՈՐՈՆՈՒՄՆԵՐ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրները կը շարունակեն բազմակողմանի ջանքեր գործադրել՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու առաջադրութեամբ։ Յամառ որոնումներ կը կատարուին, որպէսզի առաջին հերթին հրադադար մը հաստատուի եւ յաջորդ քայլափոխին վերսկսին բանակցութիւնները։ Այս իրավիճակին մէջ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Մոսկուայի մէջ առանձին հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Ռուսական դիւանագիտական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուած են մարդասիրական հրադադարի շուրջ ապահովուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման եւ խնդրի կայուն կարգաւորման վերաբերեալ հրատապ հարցեր։ Համապատասխան պայմաններու ստեղծման ուղղեալ անյետաձգելի խնդիրները Լաւրով նկատի առած է իր պաշտօնակիցներուն հետ։

Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մնացականեան-Լաւրով երէկուան հանդիպման ընթացքին օրակարգի վրայ եկան հակամարտութեան գօտիէն ներս կրակի դադրեցման համաձայնութիւններու կատարման մասին հարցերը։ Մնացականեան ընդգծեց, որ համաձայնութիւնները թուղթի վրայ կը մնան Ատրպէյճանի ուխտադրուժ կեցուածքի եւ իրավիճակի ապակայունացման ուղղեալ քայլերուն հետեւանքով։ Վերահաստատելով Հայաստանի հաւատարմութիւնը հրադադարի հաստատման ուղղեալ յանձնառութիւններուն նկատմամբ՝ Մնացականեան որպէս առաջնահերթ նպատակ ընդգծեց ստուգման դրութիւններով երաշխաւորուելիք կայուն հրադադարի մը հաստատումը։

Մոսկուայի երէկուան քննարկումներէն վերջ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները արդէն Ուաշինկթըն կ՚ուղղուին՝ վաղը նախատեսուած շփումներուն համար։ Ինչպէս ծանօթ է, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ վաղը ժամադրութիւններ ունի անոնց հետ։ Երեւանի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Զօհրապ Մնացականեան աշխատանքային այցով կը մեկնի Ուաշինկթըն, ուր կը տեսակցի Մայք Փոմփէոյի եւ շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ։ Իր կարգին, Մնացականեանն ու Պայրամովը հիւրընկալելու ընդառաջ Մայք Փոմփէօ հարցազրոյցներ տուաւ ամերիկեան լրատուամիջոցներուն։ Այսպէս, պետական քարտուղարը մատնանշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս իրավիճակը բարդ է։ Դիւանագիտական տեսակէտէ ալ ստեղծուած է բարդ իրավիճակ մը։ Ըստ Փոմփէոյի, ԱՄՆ կը շարունակէ իր գործընկերներուն հետ պնդել հրադադարի հաստատման վրայ, ինչ որ միակ ճիշդ ուղին է։ «Երրորդ երկիրներն ալ պէտք է հեռու մնան հակամարտութեան ներգրաւուելէ։ Հրադադարի հաստատումը Ուաշինկթընի հանդիպումներու օրակարգի առաջնային նիւթն է», ըսաւ Փոմփէօ։ Բաց աստի, ան շեշտեց, որ միւս պետութիւնները պէտք չէ միջամտեն ու պէտք չէ բորբոքեն հակամարտութիւնը՝ զէնք եւ աջակցութիւն առաջարկելով։ Եւ այդ պարագային է, որ հաւանական կ՚ըլլայ հասնիլ դիւանագիտական լուծումի մը՝ բոլոր կողմերուն համար ընդունելի։ «Ես կը պատրաստուիմ այս մասին խօսիլ նախարարներուն հետ ուրբաթ օր», աւելցուց ան։

Թէեւ այս պահուն գործնականօրէն շատ ալ հաւանական ըլլալ չի թուիր, սակայն ռուսական դիւանագիտական շրջանակները արձագանգեցին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ նախընթաց օր արտայայտուած պատրաստակամութեան՝ Մոսկուայի մէջ դէմ առ դէմ հանդիպելու ուղղութեամբ։ Թէեւ անոնց յաջորդող յայտարարութիւնները չի վերահաստատեր այդ պատրաստակամութիւնը, սակայն Մոսկուա չէ անտեսած անոնց դրական յայտարարութիւնները։ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ուտենքօ երէկ «ԹԱՍՍ» գործակալութեան յայտնեց. «Մենք կ՚ողջունենք երկու առաջնորդներու՝ հանդիպելու եւ խաղաղութեան հասնելու ցանկութիւնը»։

Իր կարգին, Մոսկուայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Փոլատ Պիւլպիւլօղլու յայտնեց, որ տակաւին վաղ է Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումի մը մասին խօսելու համար։ «Իրավիճակը, ըստ իս, տակաւին չէ հասունցած։  Հակառակ կողմը կը շարունակէ ապակառուցողական մօտեցում ցուցաբերել։ Սակայն, երկու երկիրներու ղեկավարներու միջեւ հանդիպում մը կազմակերպելու համար պաշտօնական հրաւէր մը ստանալու պարագային այդ մէկը կ՚ուսումնասիրուի պատշաճ ձեւով», ըսաւ Պիւլպիւլօղլու։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2020