ՌԱԶՄԱՃԱԿԱՏԻ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

Լեռնային Ղարաբաղի ռազմաճակատի ընդհանուր իրադրութիւնը կը շարունակէ խոր մտահոգութեան առարկայ դառնալ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան այսօր կէսօրուան ժամերուն ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկութիւններ փոխանցեց առաւօտեան ժամերու վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։ Ըստ իրեն, յամառ մարտերը կը շարունակուին զանազան ուղղութիւններով։ Ըստ էութեան, օճախային մարտեր տեղի կ՚ունենան եւ կը չէզոքացուին Ատրպէյճանի զօրքերու զանազան խումբերը։

Արցախի Պաշտպանութեան բանակի աղբիւրներն ալ այս առաւօտ տեղեկացուցին, որ երէկ գիշեր հակամարտութեան գօտիէն ներս իրադրութիւնը եղած է յարաբերաբար կայուն-լարուած։ Ներկայիս տեղային նշանակութիւնով մարտեր կ՚ընթանան ճակատի բոլոր ուղղութիւններով։ Ատրպէյճան ռազմաճակատի կեդրոնական ուղղութեամբ ձեռնարկած է ներթափանցման փորձերու, որոնք կանխուած են հայկական զօրքերու ստորաբաժանումներուն կողմէ։

Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնին մէջ Արծրուն Յովհաննիսեան երէկ երեկոյեան յայտնած էր, որ երէկ օրուան տեւողութեան մարտերը շարունակուած են, սակայն ոչ այնքան թէժ, ինչպէս նախորդ օրերուն։ Օդային զօրքերը երէկ այդքան խտութեամբ չեն օգտագործուած։ Ռազմաճակատի հարաւային ուղղութեան վրայ օրուան տեւողութեան շարունակուած են մարտերը։ Կեդրոնական հատուածի պարագային իրադրութիւնը որոշ չափով եղած է թէժ, իսկ հիւսիսին Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը քանի մը յարձակման փորձ ըրած են։ Այս ամբողջը կասեցուած են հայկական զօրքերու կողմէ։ Արծրուն Յովհաննիսեանի խօսքով՝ Ատրպէյճանի զօրքերը մէկ միլիմեթր իսկ չեն յառաջացած ու երէկ ալ կրած են զգալի կորուստներ։

Պաքուէն երէկ ալ հրապարակուեցան հայկական կողմի զանազան թիրախաւորումներու կամ յարձակումներու վերաբերեալ լուրեր, որոնք անմիջապէս հերքուեցան քանիցս։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս օրուայ սկիզբին հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով Ատրպէյճանին կոչ ուղղեց՝ կրակի դադրեցման վերահսկելի դրութեան մը հաստատման ուղղեալ ջանքերը տապալելու գործողութիւններէ ետ մնալու համար։ Երեւանէն հրապարակուած յայտարարութիւնը հասցէագրուած էր նաեւ Անգարային։ Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Ատրպէյճան պէտք է հրաժարի մեղքը հայկական կողմի վրայ բարդելու իր աւանդական քաղաքականութենէն։ «Մշտապէս հանդէս գալով հակամարտութեան ռազմական կարգաւորումը բացառող դիրքերէ՝ անգամ մը եւս կը շեշտենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը կրնայ կարգաւորուիլ բացառապէս խաղաղ միջոցներով, միջազգայնօրէն լիազօրուած ձեւաչափի՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս», նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2020