ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԳԻՏԵԼԻՔ

Լեռնային Ղարաբաղի առկայ թէժ պատերազմի մթնոլորտին մէջ վերջին օրերուն իրերայաջորդ խորհրդակցութիւններ տեղի կ՚ունենան՝ Հայաստանի եւ Արցախի նախկին ղեկավարներու մասնակցութեամբ։ Երէկ հաղորդուեցաւ, որ Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակով պայմանաւորուած՝ հանդիպում մը ունեցած են Հայաստանի բոլոր նախկին նախագահները՝ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, Ռոպերթ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան, որոնց հետ եղած են նաեւ Արցախի նախկին նախագահները՝ Արքատի Ղուկասեան եւ Բակօ Սահակեան։ Այսպէս, Արցախի եւ Հայաստանի առկայ մտահոգիչ իրավիճակով պայմանաւորուած՝ անոնք իրականացուցած են խորհրդակցութիւն մը։ Բաց աստի, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսն ալ երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունած է Արքատի Ղուկասեանն ու Բակօ Սահակեանը՝ անդրադառնալով ռազմական գործողութիւններուն եւ ստեղծուած իրավիճակին։

«Նախագահներու փորձառութիւնն ու գիտելիքը այս օրերուն յատկապէս կարեւոր է թէ՛ բանակցութիւններու եւ թէ յաղթանակներ ապահովելու տեսանկիւնէն», ընկերային ցանցերու վրայ յայտնեց Ռոպերթ Քոչարեան՝ վերջին օրերու նախկին ղեկավարներու զանազան ձեւաչափերով քննարկումներու լոյսին տակ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2020