ԻՆՔՆՈՒՐՈՅՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Մեր աշխատակից Անուշ Թրուանց Երեւանէն կը տեղեկացնէ.-

Երեւանի մէջ երէկ բացուեցաւ եզակի ցուցահանդէս մը, որու այցելուները կը տեսնեն Թուրքիոյ իգական սեռէ առաջին արհեստավարժ լուսանկարչին՝ Մարիամ Շահինեանի (1911-1996) կողմէ նկարահանուած դրուագներ։ «4+» վաւերագրական լուսանկարչութեան կեդրոնի երդիքին տակ բացուած է այս ցուցահանդէսը, որու կազմակերպիչն է գրող եւ հետազօտող Անահիտ Ղազարեան։ Այս վերջինը մօտաւոր անցեալին Իսթանպուլ ալ այցելած էր՝ հոգելոյս Մարիամ Շահինեանի կեանքին ու գործունէութեան մասին ուսումնասիրութիւններ կատարելու համար։ Մարիամ Շահինեանի ստեղծագործական ժառանգութեան արժեւորման ուղղութեամբ ցայսօր կարեւոր նպաստ բերուած է նաեւ «Արաս» հրատարակչութեան կողմէ։

Երեւանի այժմու ցուցահանդէսը կ՚ընդգրկէ Մարիամ Շահինեանի կողմէ նկարահանուած 27 դրուագ։ Անահիտ Ղազարեան այդ բոլորը յայտնաբերած ու գնած է զանազան հնավաճառներէ՝ 2019 թուականին Իսթանպուլ կատարած այցելութեան ժամանակ։ Ցուցադրութիւնը համեմուած է Անահիտ Ղազարեանի օրագրային գրառումներով։ Սա Մարիամ Շահինեանի լուսանկարներու ցուցահանդէսային պատմութեան մէջ աննախընթաց է, որովհետեւ առաջին անգամ կը ներկայացուին բնօրինակ լուսանկարներ, որոնք նկարահանուած, տպուած ու կնքուած են նոյնինքն Մարիամ Շահինեանի կողմէ։ Ուստի, թէկուզ փոքր չափերով այս 27 լուսանկարները անգնահատելի արժէք կը ներկայացնեն ու մեծ իմաստ մը կը վերագրեն կազմակերպուած ձեռնարկին։

Երեւանի մէջ կազմակերպուած ցուցադրութիւնը պիտի տեւէ երեք շաբաթ եւ աւարտին պիտի հասնի՝ նոյեմբերի 11-ին։ Երէկուան բացումը արդէն առաջին իսկ պահէն համախմբեց լուսանկարչութեան արհեստի հետամուտները։

Հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան Անահիտ Ղազարեան եւ «4+» կեդրոնի համահիմնադիր Նազիկ Արմենակեան։ Այս ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Հայաստանի Կանանց հիմնադրամի ելմտական աջակցութեամբ։ Ցուցահանդէսին համար պատրաստուած է նաեւ շատ ճաշակաւոր ծանօթացման բացիկ մը, որու վրայ հոգելոյս Մարիամ Շահինեանի նկարը կ՚երեւի։ Այդ բացիկի գեղարուեստական ձեւաւորման հեղինակն է Հայարփի Յակոբեան։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 22, 2021