ՓՈՒԹԻՆԷՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան պէտք է գնահատեն խաղաղ գոյակցութեան առաւելութիւնները, ինչ որ կը բխի բոլորի շահերէն։

«Վալտայ» քննարկման ակումբին կողմէ կազմակերպուած հանդիպման մը ընթացքին, ի թիւս այլ հարցերու, Վլատիմիր Փութին անդրադարձաւ Հարաւային Կովկասէ ներս ստեղծուած իրավիճակին։ Փութին նշեց, որ Պաքու եւ Երեւան կարողացան արիւնահեղութիւնը դադրեցնել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ՝ հրաժարելով վայրկենական շահերէ եւ այժմ անհրաժեշտ է պայմաններ ստեղծել տարածքաշրջանէ ներս երկարաժամկէտ կարգաւորման համար։ Իր խօսքով՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, քաղաքական իմաստութիւն դրսեւորեցին, երբ որոշեցին արիւնահեղութիւնը դադրեցնել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։

«Ի վերջոյ նախագահ Ալիեւ եւ վարչապետ Փաշինեան յաջողեցան դադրեցնել արիւնահեղութիւնը։ Բայց ամէն ինչ այսքանով սահմանափակուած չէ՝ թէեւ մարդկային կեանքեր փրկելէ աւելի կարեւոր բան մը չի կրնար ըլլալ։ Այդուհանդերձ, տակաւին կան կարեւոր նիւթեր, անհրաժեշտ է պայմաններ ստեղծել ընդհանուր տարածքաշրջանէն ներս երկարաժամկէտ կարգաւորման համար։ Այս պայմանները կրնան ստեղծուիլ միայն այն պարագային, եթէ երկու կողմերն ալ ընդունին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները երկարաժամկէտ հեռանկարով եւ երկու կողմերն ալ գնահատեն խաղաղ գոյակցութեան առաւելութիւնները։ Կ՚ուզեմ ընդգծել այս բանը եւ սա կը բխի բոլորի շահերէն», ըսաւ Փութին։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ ան մանրամասնեց, որ խաղաղ գոյակցութեան առաւելութիւններու գնահատման պարագային հնարաւոր պիտի ըլլայ ապաշրջափակել փոխադրութեան ուղիներն ու տնտեսական կապերը տարածքաշրջանէն ներս։ Սա պայմաններ պիտի ստեղծէ երկու երկիրներու անվտանգութեան համար։

Վլատիմիր Փութին անդրադարձաւ նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի առկայ կացութեան։ Ան համոզուած է, թէ սահմանային իրավիճակի կարգաւորումը հնարաւոր չէ առանց Ռուսաստանի։ Հայաստան եւ Ատրպէյճան կրնան Խորհրդային ժամանակաշրջանի քարտէսներու հիման վրայ լուծել հարցը, սակայն, այս գործընթացը փոխզիջումներու կը կարօտի։

«Այժմ ամենակարեւորը սահմանի իրավիճակի կարգաւորումն է։ Եւ այստեղ, ի հարկէ, առանց Ռուսաստանի մասնակցութեան ոչինչ ընել հնարաւոր է։ Այստեղ նոյնիսկ մեզի, թերեւս, ուրիշ ոչ ոք պէտք է՝ բացի երկու կողմերէն եւ Ռուսաստանէն։ Թէ ինչո՞ւ։ Այստեղ շատ պարզ, շահապաշտ բաներ կան։ Այո՛, որովհետեւ ռուսական բանակի ընդհանուր սպայակոյտէն ներս կան քարտէսներ, որոնք ցոյց կու տան, թէ ինչպէս անցած է միութենական հանրապետութիւններու սահմանը Խորհրդային շրջանին։ Այստեղ կան բաներ, որոնք նոյնպէս փոխզիջումներ կը պահանջեն՝ տեղ մը բան մը հարթեցնել, տեղ մը բան մը փոխանակել… Միայն այնպէս, որ սա ճանչցուի, հասկնալի ըլլայ եւ սա երկու կողմերուն ալ ձեռնտու է», ընդգծեց Փութին։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ԶԱԽԱՐՈՎԱ

Միւս կողմէ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յոյս յայտնեց, թէ Անդրկովկասի պարագային «3+3» ձեւաչափը շուտով կը գործարկուի։ Բայց եւ այնպէս, ըստ Զախարովայի, Արեւմտեան երկիրները՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ, կը փորձեն խոչընդոտել այդ գործընթացը։ «Մենք կը տեսնենք շարք մը Արեւմտեան պետութիւններու, առաջին հերթին՝ ԱՄՆ-ի փափաքը, խանգարել որոշ գործընթացները», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ ամերիկեան կողմը կը ջանայ կանխել բանակցային դրութեան գործարկումը։ Ուաշինկթըն նաեւ ապատեղեկատուութիւն կը տարածէ՝ Մոսկուային վերագրելով այդ ձեւաչափի ստեղծման նախաձեռնութիւնը։ Մինչդեռ, ռուս բանբերը յիշեցուց, որ այդ ձեւաչափը ստեղծելու գաղափարը առաջարկած են Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահները։

Բաց աստի, իր յայտարարութիւններուն մէջ Զախարովա նշեց, որ Մոսկուա կ՚ողջունէ վերջերս եւս հինգ հայ ռազմագերիի Պաքուի կողմէ Երեւանին վերադարձուիլը։ Ան յոյս յայտնեց, թէ այս գործընթացը կը շարունակուի։

Հարցումի մը պատասխանելով ռուս բանբերը նշեց, որ Ռուսաստան կողմնակից է Ատրպէյճան-Իրան սահմանի լարուածութեան նուազեցման՝ քաղաքական, դիւանագիտական ճանապարհով։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 22, 2021