ՔԱԶԱՆԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԱԾ Է ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԵՒ ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ
Ռուսաստանի Քազան քաղաքին մէջ այսօր կը սկսի BRICS-ի 16-րդ գագաթաժողովը։ Չինաստանի եւ Ռուսաստանի գլխաւորութեամբ՝ Պրազիլիոյ, Հնդկաստանի եւ Հարաւային Ափրիկէի մասնակցութեամբ ստեղծուած BRICS-ը ընդլայնման միտում ունի։ Գագաթաժողովին կը մասնակցի նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան։ Քազանի մէջ է նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Դիւանագիտական աղբիւրները վերջին օրերուն հաղորդեցին, որ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ շփում մը նախատեսուած է Քազանի մէջ։
Երկօրեայ գագաթաժողովի ընթացքին կը քննարկուին մոլորակի ամենասուր տագնապները, համաշխարհային կամ տարածաշրջանային օրակարգի արդի հարցեր, ինչպէս նաեւ քաղաքականութեան, անվտանգութեան, տնտեսութեան, ելմտական ոլորտի, մշակութային եւ մարդասիրական խնդիրներ։ Ղեկավարները կ՚անդրադառնան նաեւ նոր պետութիւններու BRICS-ին ընդգրկման։ Փաշինեան անցեալ ամիս յայտնած էր, որ Հայաստան մտադիր չէ համարկիլ BRICS-ին։ Մինչ այդ, հայկական լրահոսին մէջ տեղ կը գտնեն մեկնաբանութիւններ, ըստ որոնց՝ ցուցանիշները կը վկայեն, թէ BRICS-ի երկիրներու հետ Հայաստանի տնտեսական համագործակցութիւնը ընդլայնման ներուժ ունի։ Այս ամբողջին մէջ կ՚առանձնանան յարաբերութիւնները՝ Իրանի, Հնդկաստանի, Չինաստանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն հետ։
Քազանի գագաթաժողովին աշխարհի 33 երկիր կը մասնակցի՝ 24-ը առաջին դէմքի մակարդակով։ Քրեմլինի արտաքին քաղաքականութեան յառաջատար դէմքերէն Եուրի Ուշաքով տեղեկացուց, որ գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս նախատեսուած է Վլատիրիմ Փութինի շուրջ երկու տասնեակ երկկողմանի հանդիպումը։ Միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ ալ ժամանած են Քազան՝ ներառեալ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերսը։