ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐ ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ ԱՄՈԼԸ, ՈՐՈՒ ՈՐԴԻՆԵՐԸ ԿՈՉՈՒԱԾ ԵՆ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Դաւիթ եւ Նաթալի Գազանճեան ամոլը։ Հարկ է նշել, որ Սուրիոյ ներքին պատերազմէն խոյս տալով Հայաստան փոխադրուած են Գազանճեանները, որոնց երկու որդիները ծառայութեան կոչուած են Հայկական զինեալ ուժերուն մօտ։ Սուրիահայ այս ընտանիքի զաւակներուն հայոց բանակէն ներս ծառայութեան անցնիլը վերջին օրերուն ստեղծած է լայն արձագանգ։
Հրանոյշ Յակոբեան ջերմօրէն ողջունեց Գազանճեանները եւ անոնց շնորհակալութիւն յայտնեց՝ իրենց որդիները ճիշդ դաստիարակած ըլլալու եւ հայրենիքին արժանաւոր զաւակներ պարգեւած ըլլալու բերումով։ «Շնորհակալ եմ, որ ձեր որդիները ոչ միայն կիրթ են, այլ նաեւ հայրենասէր։ Տեղեակ են, որ մեր նախարարութեան աջակցութեամբ մասնակցած էք անոնց երդման արարողութեան եւ համոզուած եմ, որ հպարտութեան զգացումներ ունեցաք», ըսաւ նախարարը՝ հետաքրքրուելով ընտանիքի կարիքներով, դժուարութիւններով ու ծրագրերով։ Նաթալի Գազանճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հրանոյշ Յակոբեանի ջերմ ընդունելութեան համար եւ շեշտեց, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը առաջին իսկ օրէն սկսեալ եղած է իրենց կողքին, աջակցութիւն ցուցաբերած է բոլոր հարցերուն շուրջ։ Գազանճեանները քաղաքի մէջ վարձած են փոքրիկ տարածք մը, ուր հաստատած են փուռ մը, որու հասոյթով կը յաջողին ապահովել իրենց օրապահիկը։ «Միայն թէ խաղաղութիւն ըլլայ։ Կ՚ուզեմ, որ բոլոր զին-ւորները անփորձանք ծառայեն, վերադառնան իրենց ծնողներուն», ըսաւ Նաթալի Գազանճեան։
Գէորգ ու Թորոս Գազանճեան եղբայրները ներկայիս կը ծառայեն Հայաստանի զինեալ ուժերուն մօտ։ Անոնք գոհ են իրենց ծառայութենէն, ոգեւորուած են եւ արդէն կը սպասեն իրենց երրորդ եղբօր՝ Մեսրոպի։
Սուրիայէն Հայաստան մեկնած բազմաթիւ ընտանիքներու նման Գազանճեանները եւս ունին բազում խնդիրներ։ Անոնք սկիզբին հաստատուած էին Մեծամօրի մէջ եւ իրենց բնակարանի վարձքը կը վճարէին օգնութեամբ։ Տեղափոխուած ըլլալով Երեւան՝ կը դիմագրաւեն նման հարցեր։ Սփիւռքի նախարարութիւնը կը շարունակէ իր ջանքերը՝ օգնութիւն ցուցաբերելու համար այս ընտանիքին։ Բնակարանի վարձքին համար դիմումներ կը ներկայացուին զանազան մարդասիրական եւ հասարակական կազմակերպութիւններուն։