ՊԱՅՐԱՄՓԱՇԱՅԻ ՄԷՋ ՄԵԾ ՀՐԴԵՀ

Իս­թան­պու­լի Պայ­րամ­փա­շա գա­ւա­ռա­կին մէջ այս ա­ռա­ւօտ հրդեհ մը տե­ղի ու­նե­ցաւ, ինչ որ մտա­հո­գու­թիւն ստեղ­ծեց ամ­բողջ քա­ղա­քին մէջ։ NTV-ի հա­ղոր­դում­նե­րով, գոր­ծա­րա­նէ մը ներս ծա­գած հրդե­հը պատ­ճառ դար­ձաւ խու­ճա­պի։

«Պալ­թաշ» ար­դիւ­նա­բե­րա­կան սի­թէին մէջ տե­ղա­կա­յուած կեր­պըն­կա­լի գոր­ծա­րան մը բռնկե­ցաւ ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րուն։ Ե­ռա­յարկ շէն­քը մնաց բո­ցե­րու մէջ, ո­րոնք յա­րա­կից գոր­ծա­տե­ղի­ներն ալ ա­ռին ի­րենց ազ­դե­ցու­թեան տակ։ Ան­մի­ջա­պէս հրդե­հի վայր հա­սաւ հրշէջ գուն­դը, որ մաս­նա­ւոր սան­դուխ­նե­րով փրկեց շէն­քին մէջ գտնուող­նե­րը։ Հրդե­հը հա­կակշ­ռի տակ առ­նե­լու հա­մար Իս­թան­պու­լի բազ­մա­թիւ գա­ւա­ռակ­նե­րէն հրշէջ գուն­դեր հա­սան դէպ­քի վայր։ Ոս­տի­կա­նու­թիւնն ալ մի­ջոց­ներ ձեռք ա­ռաւ անվ­տան­գու­թիւ­նը ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու նպա­տա­կով։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2016