BLOOMBERG ԿԸ ԴՐՈՒԱՏԷ ԿԱՐԷՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆԸ

Bloomberg գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը հրա­պա­րա­կեց յօ­դուած մը, ո­րու մէջ ընդգ­ծուած է, որ Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան կեդ­րո­նա­ցած է ա­րագ փո­փո­խու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րե­լու վրայ։ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը թարգմա­նա­բար ար­ձա­գանգ հան­դի­սա­ցաւ այդ յօ­դուա­ծին, ըստ ո­րու բո­վան­դա­կու­թեան Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան Հա­յաս­տա­նի մէջ լուրջ փո­փո­խու­թիւն­նե­րու կա­րի­քը կը տես­նէ եւ ա­նոր կող­մէ գլխա­ւորուած կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կ՚ա­ռա­ջար­կէ ա­մե­նաա­րագ փո­փո­խու­թիւն­նե­րը։ Այդ բո­լո­րին նպա­տակն է յա­ռաջ մղել Հա­յաս­տա­նի տնտե­սու­թիւ­նը։ «Մենք պի­տի ստեղ­ծենք հա­ւա­սար մրցակ­ցա­յին պայ­ման­ներ գոր­ծա­րար­նե­րուն հա­մար։ Գոր­ծա­րար­նե­րու հա­մար խո­չըն­դոտ­ներ պէտք չէ ըլ­լան», մէջ­բե­րուած են Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի խօս­քե­րը Bloomberg-ի կող­մէ։

Անդ­րա­դառ­նա­լով Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի տես­լա­կա­նին՝ մի­ջազ­գա­յին հե­ղի­նա­կա­ւոր գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը մատ­նան­շած է, որ Հայաստանի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան նոր վար­չա­պե­տը կ՚ա­նուա­նէ «փո­փո­խու­թիւն­նե­րու խորհրդա­նիշ»։ Իր նշա­նակ­ման յա­ջոր­դած օ­րե­րուն Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան շեշ­տած էր, որ երկ­րի տնտե­սու­թիւ­նը կը գտնուի ծանր վի­ճա­կի մը մէջ եւ անհ­րա­ժեշտ կը հա­մա­րուին կա­ռու­ցուած­քա­յին փո­փո­խու­թիւն­նե­րը։

Bloomberg մաս­նա­ւո­րա­պէս ու­շադ­րու­թիւն կեդ­րո­նա­ցու­ցած է Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի այն խոս­տում­նե­րուն վրայ, ո­րոնք կը վե­րա­բե­րին կա­շա­ռա­կե­րու­թեան դէմ պայ­քա­րի, դի­ւա­նա­կա­լա­կան քաշք­շուք­նե­րու վերջ տրուե­լուն եւ ձեռ­նար­կու­թիւն­նե­րու եւ գոր­ծա­րա­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման ի նպաստ ա­ջակ­ցու­թեան։ «Ոե­ւէ մէ­կը ան­ձեռնմ­խե­լի կամ ար­տօ­նեալ չէ», մէջ­բե­րուած են Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի խօս­քե­րը եւ Bloomberg-ի կող­մէ ա­ւել­ցուած է հե­տե­ւեա­լը. «Հա­յաս­տա­նի նոր վար­չա­պե­տը կը պատ­րաս­տուի յա­ջորդ վեց ա­միս­նե­րուն ըն­թաց­քին մշա­կել հե­ռան­կա­րա­յին զար­գաց­ման ծրա­գիր մը, որ­պէս­զի 2018 թուա­կա­նէն սկսեալ եր­կի­րը կա­յուն աճ ար­ձա­նագ­րէ իւ­րա­քան­չիւր տա­րին»։

­Նոյն գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, թէեւ վար­չա­պե­տը կեդ­րո­նա­ցած է ա­րագ փո­փո­խու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րե­լու վրայ, սա­կայն միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կը պատ­րաս­տուի երկ­րի զար­գաց­ման ու­ղի­նե­րու ո­րոն­ման նպա­տա­կով ձե­ւա­ւո­րել օ­տար մաս­նա­գէտ­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ խորհր­դա­տուա­կան խումբ մը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2016