ԱՆԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի վերջին օրերուն դէպի Երեւան եւ Պաքու կատարած պաշտօնական այցելութիւններուն արձագանգները կը շարունակուին։ Ինչպէս հաղորդած էինք, ռուս նախարարը երէկ Երեւանի մէջ յստակ ընդգծեց, որ արագութիւն պէտք չէ ակնկալել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ։ Սերկէյ Լաւրով օրուան տեւողութեան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի եւ Սերկէյ Լաւրովի տեսակցութեան ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ «Հայաստան երբեք ետ չէ կանգնած ձեռք բերուած համաձայնութիւններէն եւ տրամադրուած է Ռուսաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ միւս երկիրներուն հետ շարունակել ջանքերը՝ ուղղուած ղարաբաղեան հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման», ըսաւ Նալպանտեան՝ իր ռուս գործընկերոջ հետ համատեղ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։

Լրագրողներ Նալպանտեանին յիշեցուցին զանգուածային լրատուութեան միջոցներու մէջ արձագանգ գտած՝ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի յայտարարութիւնը, ըստ որու Պաքու միտուած է հակամարտութեան հնարաւորինս արագ լուծման եւ եթէ Հայաստան եւս նման փափաք մը ունի, ապա ո՞ւր է խնդիրը։ Ի պատասխան՝ Եդուարդ Նալպանտեան ըսաւ. «Խնդիրը այն է, որ գործը համընկնի խօսքերուն հետ ու չշեղուի խօսքերէ»։ Նալպանտեան աւելի վերջ թուարկեց բազում օրինակներ, որոնց պարագային Ատրպէյճան պատրաստակամ յայտարարութիւններով հանդերձ ձախողեցուցած էր շօշափելի արդիւնքները։ Ան շարունակեց. «Ատրպէյճանցիները ամէն անգամ չեն ուզեր յիշատակել այն երեք հիմնական սկզբունքները, որոնց շուրջ համաձայնութեան եկած են նախապէս։ Անոնք են՝ ուժի եւ սպառնալիքի չկիրառումը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ինքնորոշման իրաւունքը։ Մենք համաձայն ենք, ի դէպ՝ ոչ միայն Հայաստանը, այլեւ Ղարաբաղը եւ Ատրպէյճանը կրակի դադրեցման։ Իսկ Ատրպէյճան ամէն ճիշդ ու սուտ գործածելով կը փորձէ համաձայնութիւններէն ետ կանգնիլ։ Լաւ պիտի ըլլար, ի հարկէ, եթէ խօսքերը համապատասխանէին գործերուն։ Կը յուսամ՝ անոնք կը փոխեն այդօրինակ դիրքորոշումը եւ ցանկութիւնը կը սկսին մարմնաւորել իրենց գործերուն մէջ»։

Համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Նալպանտեան շեշտեց, որ Հայաստան տրամադ-րըւած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու հետ շինիչ հանդիպումներու։ «Կարգաւորման հիմնական սկզբունքներն ու տարրերը արդէն դրուած են սեղանին վրայ։ Կան աշխատանքային փաստաթուղթեր։ Մենք շատ երկար բանակցութիւններ վարած ենք հակամարտութեան հիմնական սկզբունքներուն շուրջ։ Իսկ Ատրպէյճան կ՚ըսէ, որ կարիք չունի բանակցային հիմնական սկզբունքներու հարցով եւ հակառակ Ատրպէյճանի այս մեղմ խօսքով, ոչ-շինիչ դիրքորոշման, անշուշտ բանակցութիւնները պէտք է շարունակուին, որովհետեւ չկայ այլընտրանքային բանակցային գործընթաց», շարունակեց Նալպանտեան։ 

Եդուարդ Նալպանտեան տեղեկացուց, որ Լաւրովի հետ բանակցութիւնները անցած են լիակատար փոխըմ-բըռնման մթնոլորտի մը մէջ, ինչ որ բնական է դաշնակից երկիրներու պարագային։ Նախարարը ըսաւ. «Հանդիպման ընթացքին քննարկեցինք տարածքաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի շարք մը հարցեր, մեր տարածքաշրջանէն ներս անվտանգութեան խնդիրները։ Յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին, Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու ջանքերուն, որոնք ուղղուած են 2016-2017 թուականներուն ղարաբաղեան խնդրի շուրջ Վիեննայի, Սեն Փեթերսպուրկի եւ Ժընեւի գագաթաժողովներուն ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրականացման՝ ուղղուած իրավիճակի լարուածութեան կանխուելուն, հրադադարի մասին եռակողմ համաձայնագրերու պահպանման, հակամարտութեան գօտիէն ներս լարուածութեան նուազեցման նպատակով յաւելեալ միջոցառումներու ձեռնարկման եւ բանակցային գործընթացի աշխուժացման»։

Իր կարգին, Սերկէյ Լաւրովն ալ յայտնեց, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները ձեռք բերած են դաշնակցային եւ ռազմավարական գործընկերութեան փուլին։ Ռուս նախարարի խօսքերով՝ Հայաստան ԱՊՀ-ի տարածքէն ներս Ռուսաստանի անկիւնաքարային գործընկերներէն մին է։ «Մենք գործնականին մէջ համընկնող դիրքորոշում ունինք այն բոլոր հարցերուն շուրջ, որոնք կը գտնուին միջազգային կազմակերպութիւններու օրակարգին վրայ, ներառեալ՝ ՄԱԿ-ը, ԵԱՀԿ-ը, Եւրոխորհուրդը, Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը», ընդգը-ծեց Սերկէյ Լաւրով։

ԵԱՀԿ-Ի ԿՈՉԸ

Մինչ այդ, ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Թոմաս Կրեմինկէր յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերը պէտք է ազնիւ մտադրութիւններով վերադառնան բանակցութիւններու սեղանի շուրջ։ «Ինթերֆաքս» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ ան յայտնեց, որ սա է միակ միջոցը՝ երկարատեւ հակամարտութեան կարգաւորման համար։ ԵԱՀԿ երկխօսութեան հարթակ կը տրամադրէ ու հակամարտ կողմերուն կ՚աջակցի՝ երկարաժամկէտ խաղաղութիւն ձեռք բերելու ուղղութեամբ։ Իր խօսքերով՝ այս նպատակին հասնելու համար անհրաժեշտ է իսկական քաղաքական կամք եւ յանձնառութիւն։ «Միայն հակամարտութեան կողմերը կրնան հասնիլ խաղաղ կարգաւորման։ ԵԱՀԿ չի կրնար հակամարտութեան լուծում պարտադրել», ըսաւ Կրեմինկէր։

Բաց աստի, ընդհանուր քարտուղարը հաստատեց, որ Մինսքեան խմբակի համանախագահները եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչը հակամարտ կողմերուն հետ մշտապէս կապի մէջ են լարուածութիւնը վերացնելու եւ բանակցային գործընթացը յառաջ մղելու համար։ «Դիտորդական առաքելութիւնները, որոնք պարբերաբար կը կազմակերպուին, կը շարունակեն մնալ ռազմական ոլորտի մէջ վստահութեան ամրապնդման միակ կայուն միջոցը», աւելցուց Կրեմինկէր։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2017