ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԴԱՇՏ

Երէկ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու «Համազգային» հայ կրթական ու մշակութային միութեան կեդրոնական վարչութեան գրասենեակի գործադիր տնօրէնուհի Արին Գալուստեանը, որ այս օրերուն կ՚այցելէ քաղաքս։ Իրեն կ՚ուղեկցէր մեր մշակութասէր համայնքային գործիչներէն Մարի Աքպաշ, որ Արին Գալուստեանին կ՚ընկերանայ իր կեցութեան օրերուն։

Արին Գալուստեան քաղաքս կ՚այցելէ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի կրթական յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ։ Ան պոլսահայ կրթական շրջանակներու, կրթական մշակներու հետ ունեցաւ շփումներ եւ մինչեւ իր մեկնումը նաեւ կը շարունակէ այդ հանդիպումները։

Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի կրթական յանձնախումբը եւ «Համազգային» միութիւնը ներկայիս կը ջանան համագործակցութեան դաշտ մը ստեղծել Իսթանպուլի մէջ։ Այս ամբողջին մէջ Արին Գալուստեան երէկ Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ համախմբուեցաւ շուրջ հինգ տասնեակ պոլսահայ կրթական մշակի հետ։ Այդ հանդիպումէն առաջ, քաղաքս ժամանելէ անմիջապէս վերջ Արին Գալուստեան այցելեց Գումգաբու, ուր ընդունուեցաւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։ Բացի նորին սրբազնութեան հետ Պատրիարքարանի երդիքին տակ տեղի ունեցած այս տեսակցութենէն, Արին Գալուստեան այցելութիւններ տուաւ նաեւ պոլսահայ մամլոյ խմբագրատուները։ Նոյն ծիրին մէջ հաճոյքն ունեցանք զինքը ընդունելու եւ բացատրութիւններ ստանալու իր այցելութեան նպատակներուն շուրջ։ Արին Գալուստեան մեզի յայտնեց, որ «Համազգային» միութիւնը ունի մանկապատանեկան կարեւոր ծրագիր մը եւ իր այցելութեան բուն նպատակներէն մին է այդ համացանցային ծրագրի ծանօթացումը։ «Լալան ու Արան» կը կոչուի այդ ծրագիրը, որու միւս անունն է «Ձեւերու աշխարհ»։ Նոր սերունդի հայերէնի իմացութիւնը խրախուսելու, լեզուին հաղորդ դառնալու ուղղեալ մասնագիտական ծրագիր մըն է այս մէկը, որու գործադրութիւնը ցայսօր լիբանանահայ կեանքէն ներս ունեցած է դրական արդիւնք։ Սփիւռքի որոշ շրջաններէն ներս ալ այդ ծրագիրը անանտեսելի արդիւնքներ արձանագրած է եւ հիմա արդէն կը նախատեսուի, որ Իսթանպուլի մէջ ալ հետաքրքիրներու տրամադրութեան տակ դրուի այդ ծրագիրը։ «Լալան ու Արան» ծրագիրը, որ հասանելի է համացանցային միջավայրի մէջ, միեւնոյն ժամանակ, յառաջիկայ շրջանին հաւանաբար Իսթանպուլի մէջ հետաքրքիրներու տրամադրութեան տակ դրուի՝ «Պէյազ ատամ» գրատան Ֆէրիգիւղի եւ Պաքըրգիւղի մասնաճիւղերէ ներս վաճառքի տակ դրուելով։ «Համազգային»ի եւ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի կրթական յանձնախումբի համագործակցութեան դաշտը սահմանափակուած չէ այսքանով։ Արդարեւ, «Համազգային» յառաջիկայ ապրիլի վերջաւորութեան Վենետիկի մէջ երիտասարդական եռօրեայ ֆորում մը նախատեսած է։ Աշխատանքները տեղի պիտի ունենան «Մուրատ Ռափայէլեան» վարժարանի շէնքին մէջ։ Բացի Վենետիկէն, նման ֆորում մըն ալ նախատեսուած է Երեւանի եւ Արցախի մէջ։ Սա արդէն երկշաբաթեայ աւելի ընդարձակ ծրագիր մըն է, որ պիտի համախմբէ ուսուցիչ դառնալու պատրաստուող հայ երիտասարդները։ Ուսուցիչներու պատրաստութեան առընթեր, այդ ֆորումը ունի նաեւ առանձին բաժին մը, որ նախատեսուած է հայկական դպրոցներու ղեկավար դառնալ փափաքողներու կամ արդէն հայկական դպրոց ղեկավարող գործիչներու համար։ Սա խորքին մէջ վարչական վերապատրաստութեան բնոյթով աշխատանք մըն է։ Այս բոլորը թէ՛ «Համազգային»ի եւ թէ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքերու բաժնի ջանքերով յառաջ կը տարուին։ Արին Գալուստեանի բացատրութիւններով՝ յառաջիկայ շրջանին աստիճանաբար այդ ծրագրերու մէջ պիտի ընդգրկուին նաեւ իսթանպուլահայ կրթական մշակներ՝ որպէսզի այնտեղ իրենց կուտակելիք փորձառութեան շնորհիւ կարելի ըլլայ մեր համայնքի կրթական կեանքէն ներս նոր թափ մը ապահովել։

Արին Գալուստեան Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ երէկ յետմիջօրէին կազմակերպուած տեսակցութեան ընթացքին ալ վերոյիշեալ առանցքներուն շուրջ զրոյց մը ունեցաւ մասնակիցներուն հետ։ Շուրջ հինգ տասնեակ կրթական մշակներու հետ իր զրոյցը տեւեց աւելի քան մէկ ժամ։ Վերոյիշեալ բոլոր նախագծերուն շուրջ մանրամասն բացատրութիւններ տալու առընթեր Արին Գալուստեան լսեց նաեւ ներկայ կրթական մշակներուն առաջարկներն ու մօտեցումները։

Արին Գալուստեան այսօր եւս մեր կրթական շրջանակներէն ներս կ՚ունենայ զանազան շփումներ եւ Իսթանպուլ այցելութեան ծրագիրը աւարտին հասցնելով կը վերադառնայ Պէյրութ։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2018