ԸՍՏ ՊՐԱՅԶԱՅԻ, ԹՈՒՐՔԻԱ ԿՐՆԱՅ ԱՋԱԿՑԻԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախկին արտաքին գործոց փոխ-նախարար Մեթիու Պրայզա «Անատոլու» գործակալութեան յայտարարութիւններ ըրաւ՝ Հայաստանի մէջ 9 դեկտեմբերին տեղի ունենալիք արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, Մեթիու Պրայզա փոխ-նախարար ըլլալէ առաջ եղած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ։ Պրայզայի համոզմամբ, յառաջիկայ արտահերթ խոր-հըրդարանական ընտրութիւններէն յաղթական դուրս կրնայ գալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, սակայն Ռուսաստան դէմ է Հայաստանէ ներս մեծ փոփոխութեան մը։

Ըստ Մեթիու Պրայզայի, Նիկոլ Փաշինեան դժուար իրավիճակի մը մէջ քաղաքական մեծ վարպետութիւն դրսեւորած է՝ երկիրը արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու առաջնորդելու համար, սակայն ան տակաւին չի վայելեր երկրի քաղաքական վերնախաւի զօրակցութիւնը։ Ընտրութեան որոշումը կրնայ լաւ արդիւնքներ ծնիլ Հայաստանի տեսակէտէ։ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը, Մոսկուայի կողմնակիցները եւ երկրի քաղաքական վերնախաւը դէմ են Փաշինեանի քայլերուն, սակայն այս մթնոլորտին մէջ Հայաստանի ժողովուրդը լաւ պիտի արժեւորէ ներկայ հնարաւորութիւնը։

Մեթիու Պրայզա համոզուած է, թէ Նիկոլ Փաշինեան յաղթական կրնայ դուրս գալ արդար ընտրութենէ մը։ «Եթէ ան ընտրութիւնը շահի, ապա Հայաստանի ներքին քաղաքական հաւասարակշռութիւնները պիտի փոխուին։ Անոր հաւանական յաղթանակին դէմ թէկուզ պիտի բողոքեն Մոսկուայի կողմնակիցները եւ ներքին ընդդիմադիրները, սակայն Փաշինեան ժողովուրդի բարոյական ուժով Հայաստանի քաղաքականութեան մէջ մեծ բարեփոխումներ պիտի իրականացնէ։ Հայաստանի քաղաքական ապագան կանխատեսել շատ դժուար է։ Եթէ Փաշինեան հիմնական բարեփոխումներու ձեռնարկէ, ապա զօրակցութեան կարիք պիտի ունենայ եւ Թուրքիա կրնայ ապահովել այդ զօրակցութիւնը», ըսաւ Պրայզա։

Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ ԱՊՀ-ի գագաթաժողովի ընթացքին տեղի ունեցած հանդիպումը, ըստ Մեթիու Պրայզայի, կարեւոր քայլ մըն է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման առումով։ Բաց աստի, Պրայզայի կանխատեսումներով, Ռուսաստան կրնայ միջամուխ դառնալ Հայաստանի փոփոխութիւններու գործընթացին, սակայն դէմ է Հայաստանէ ներս մեծ փոփոխութիւններու։ Ռուսաստան Հայաստանի միջամտութիւններու պարագային պէտք է ուշադիր ըլլայ, որովհետեւ ուժանիւթի շուկան եւ դրամատնային հատուածը, մեծ տնտեսական ներդրումները իր վերահսկողութեան տակ կը գտնուին։ Պրայզա մատնանշեց, որ այդ տնտեսական ուժով Ռուսաստան կը վերահսկէ նաեւ երկրի քաղաքական վերնախաւը։ «Ռուսերը կրնան ձգտիլ Հայաստանին ուղղութիւն տալ՝ որպէս քաղաքական ուժ։ Սակայն կը հաւատամ հետեւեալին. Փաշինեանն ալ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ միւս բոլոր քաղաքական գործիչներուն նման պիտի ուզէ անկախ ըլլալ», նշեց Պրայզա եւ աւելցուց, որ ընտրութիւններէն վերջ կրնայ յստականալ Հայաստանի յարաբերութիւնը Արեւմուտքի հետ։ Ըստ Պրայզայի, արեւմտեան պետութիւնները շատ մեծ աջակցութիւն մը պիտի չցուցաբերեն Փաշինեանին։ «Եթէ արեւմտեան պետութիւնները չափէն աւելի խրախուսեն Փաշինեանը, ապա կրնայ տպաւորութիւն յառաջանալ, թէ ան անոնց քաղաքական դրածոն է։ Ուստի, Արեւմուտքը միայն ճիշդ գործելու պարագային պիտի աջակցի Փաշինեանին», աւելցուց Պրայզա եւ ընդգծեց, որ հայերը Ռուսաստանը կ՚ընկալեն որպէս պաշտպան։ Ան մատնանշեց, որ Հայաստան բազում հասարակաց կէտեր ունի Ռուսաստանի հետ։ Պրայզա յիշեցուց, որ Հայաստանի սահմանները եւ օդային մարզը կը պաշտպանուին Ռուսաստանի կողմէ։ «Ժամանակ պէտք է՝ տեսնելու համար, թէ Հայաստան Ռուսաստանէն պիտի հեռանայ կամ ոչ։ Բայց եւ այնպէս, հետեւեալը կրնամ ըսել. շատ մը հայեր տակաւին Ռուսաստանը կ՚ընկալեն արտաքին վտանգներու  դէմ պահապան։ Ռուսաստան որքան որ ալ ձգտի հայերը հակակշռել, պատմութեան ընթացքին քանիցս պահպանած է զանոնք։ Հայաստանի առջեւ կայ՝ բազմաթիւ ուղղութիւններով արտաքին քաղաքական օրակարգ մը։ Յառաջիկայ շրջանին Հայաստանի քաղաքականութեան մէջ Ռուսաստան գլխաւոր դերակատարը պիտի ըլլայ», ըսաւ Պրայզա եւ աւելցուց, որ հայերը կը փափաքին շփում հաստատել նաեւ այլ երկիրներու հետ, ներառեալ Թուրքիան։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2018