ԻՐԱՒԱԲԱՆ ՍԱՐՕ ՊԵՆԿԼԵԱՆԷՆ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԽՕՍՔ
Իրաւաբան Սարօ Պենկլեան, որ դուրս եկաւ Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմնի կազմէն, համայնքային մամուլին տեղեկութիւններ փոխանցեց իր հրաժարականի պատճառներուն շուրջ։ Սարօ Պենկլեան նշեց, որ ցայսօր իր կարողութիւններու ներած չափով փորձած է առաւելագոյնս օգտակար հանդիսանալ Նախաձեռնարկ մարմնին կողմէ ծաւալուած գործունէութեան՝ մասնաւորապէս վարչական, հաղորդակցական եւ բնականաբար իրաւաբանական ուղղութիւններով։ Հրաժարելէ վերջ ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ աշխատանքային շրջանին իր հետ գործակցած ընկերներուն եւ համայնքային մամլոյ ներկայացուցիչներուն։
Իր յայտարարութեան մէջ Սարօ Պենկլեան ընդգծած է, որ ցաւով ականատես եղած է՝ ընտրական գործընթացի աստիճանաբար ներկայ վիճակի հասնելուն։ Այժմ ստեղծուած կացութիւնը խոտոր կը համեմատի իր որդեգրած մասնագիտական, իրաւաբանական ու անձնական սկզբունքներուն։ «Ներկայիս համոզուած եմ, թէ մասնագիտական կամ իրաւաբանական իմ տեսակէտները որեւէ նպաստ պիտի չբերեն այս գործընթացին։ Ուստի, այս փուլին սկզբունքային առումով այլեւս նպատակայարմար չեմ նկատած շարունակել անդամակցութիւնը Նախաձեռնարկ մարմնին եւ ներկայացուցած եմ հրաժարականս», նշած է Սարօ Պենկլեան մեր մամուլին ուղարկած յայտարարութեան մէջ։ Այս փուլին ան հրապարակաւ շեշտած է պապենական աւանդ իր ըմբռնումը, ըստ որու պէտք է հաւատարմութեամբ ծառայել Պատրիարքական Աթոռին ու պէտք է յարգանք տածել անոր նկատմամբ։ «Կը յուսամ ու կը մաղթեմ, թէ ընտրութեան գործընթացին ներգրաւուած հոգեւորական կամ աշխարհական անհատներ միշտ ի մտի ունենան, որ սա ի վերջոյ հոգեւորականի մը ընտրութիւնն է՝ ի տարբերութիւն քաղաքական գործիչի մը ընտրութեան եւ պարտին պատշաճութիւնները յարգել», նշած է Սարօ Պենկլեան ու մաղթած է, թէ համերաշխ մթնոլորտի մը մէջ իրագործուի պատրիարքական ընտրութիւնը։
Սարօ Պենկլեան Նախաձեռնարկ մարմնի կազմէն ներս իր ստանձնած պարտականութիւնները կատարած էր թէ՛ բարեխիղճօրէն եւ թէ անթերիօրէն։ Այս յայտարարութեան հրապարակումը եւ անոր ցոլացուցած մտայնութիւնը կու գան վկայել, թէ Սարօ Պենկլեան նոյն բծախնդրութիւնը եւ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը դրսեւորած է կազմէն դուրս գալու փուլին։