ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՊԱՅՄԱՆԸ ՔՆՆԱՐԿՄԱՆ ԱՌԱՐԿԱՅ ՉԷ

«Լը Ֆիկարօ»ին տուած հարցազրոյցին մէջ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան պատասխանեց Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն վերաբերեալ հարցումի մը։

«Մենք մշտապէս յայտարարած ենք, որ պատրաստ ենք կարգաւորել մեր յարաբերութիւնները առանց նախապայմաններու՝ հակառակ Արցախի դէմ պատերազմի ընթացքին Թուրքիոյ կողմէ Ատրպէյճանին ցուցաբերուած հսկայական աջակցութեան։ Մենք դրական ազդակներ ստացած ենք Թուրքիոյ կողմէ երկխօսութիւնը վերսկսելու ուղղութեամբ, բայց, սա կը մնայ խրթին։ Անգարա նոր պայմաններ յառաջ կը քշէ։ Անոնց շարքին է Ատրպէյճան-Նախիջեւան միջանցքը։ Սա բացարձակապէս քննարկման առարկայ չի կրնար ըլլալ։ Պետութիւնները պէտք է տարանցում թոյլ տան՝ պահպանելով սեփական տարածքի պարագային ինքնիշխանութիւնը։ Տարածաշրջանի հաղորդակցութեան բոլոր ուղիները պէտք է վերաբացուին», նշեց Արարատ Միրզոյեան։

Հարկ է յիշեցնել, որ տարածաշրջանի նոր իրադրութեան պայմաններուն ներքեւ Թուրքիոյ կողմէ նախատեսուած հորիզոնը, ըստ էութեան, կ՚արտայայտուի «3+3» ձեւաչափով հարթակի առաջարկով։ Մինչ Երեւան Անգարայի կողմէ նախատեսուած միջանցքը հաշտ աչքով չի դիտեր, Թիֆլիզն ալ արդէն տեղեկացուցած է, որ պիտի չմասնակցի «3+3» ձեւաչափին։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2021