ԴԱՇՆԱՄՈՒՐՈՎ ՈԳԵՒՈՐ ՀԱՄԵՐԳ

Զուիցերացի յայտնի դաշնակահար Ժոզէֆ Մորիս Վետէր շաբաթավերջին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ։ Հայաստանի Պետական սենեկային նուագախումբին հետ հանդէս եկաւ ան։ Համերգը ղեկավարեց Ռոպերթ Մլքէեան։

Երեւանի «Կոմիտաս» սենեկային երաժշտութեան տան մէջ կազմակերպուած համերգին զուգահեռ տեղի ունեցաւ նաեւ նկարիչ Կարէն Գրիգորեանի գործերուն ցուցահանդէսը։

Ժոզէֆ Մորիս Վետէր ցարդ հանդէս եկած է աշխարհի ամենահեղինակաւոր համերգասրահներուն մէջ. օրինակ՝ Նիւ Եորքի «Քարնեկի Հոլ»ը, Պերլինի Ֆիլհարմոնիքը, Վիեննայի «Միւզիք Ֆէրայն»ը, Լոնտոնի «Վիկմոր Հոլ»ը, Ցիւրիխի Թոնհալէն եւ այլն։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2021