ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին քննարկեցին տարածաշրջանէ ներս իրավիճակի կայունացման միջոցները։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան եւ Փութին շարունակեցին Հարաւային Կովկասի կայունացման նպատակով ձեռնարկուած միջոցներու քննարկումը՝ Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ՝ գոյացած եռակողմանի համաձայնութիւններու իրագործման համատեսքէն ներս։ Փաշինեան երախտագիտութիւն յայտնեց Ռուսաստանի աշխոյժ միջնորդական ջանքերուն համար։ Կողմերը պայմանաւորուեցան ապագայ շփումներու շուրջ։ Փաշինեան եւ Փութին վերջին մէկ շաբթուայ ընթացքին արդէն երկրորդ անգամ զրուցեցին հեռաձայնով։ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վերջին բախումներով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ էր այդ շփումը։ Օրեր անց Փաշինեան յայտարարած է, որ Ռուսաստան սահմանազատման ու սահմանագծման նախապատրաստական փուլին վերաբերեալ ներկայացուցած է առաջարկներ, որոնք ընդունելի են Երեւանի համար։ Պաքուն այդ առաջարկին տակաւին պաշտօնապէս չէ արձագանգած։ Փաշինեան-Փութին երկու հեռախօսազրոյցներուն միջեւ արդէն յայտնի դարձած էր, որ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յառաջիկայ դեկտեմբերին պիտի տեսակցին Պրիւքսելի մէջ՝ Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան գագաթաժողովի օրերուն։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան հաստատած է 40 ռազմագերիի գոյութիւնը, իսկ ժխտած՝ 100-ինը։ Ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» հեղինակաւոր օրաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ նախարարը դիտել տուաւ, որ Արցախի երկրորդ պատերազմին վերջ տուած հրադադարէն տարի մը անց իրավիճակը կը մնայ շատ լարուած։ Այս մէկ տարուայ ընթացքին Պաքու բազմատասնեակ անգամներ լրջօրէն խախտած է հրադադարը՝ պատճառ դառնալով նաեւ քաղաքացիական անձերու սպանութեան։ Այնուամենայնիւ, Երեւան ամէն ջանք կը գործադրէ տարածաշրջանէ ներս կայուն խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ։ Բայց եւ այնպէս, որպէսզի այս գործընթացը ըլլայ արդիւնաւէտ, ապա ջանքերը պէտք է ըլլան երկկողմանի։

Արարատ Միրզոյեան դիտել տուաւ, որ երկու կողմերու հռետորաբանութիւնը էապէս տարբեր է։ Հայաստան կը խօսի հաղորդակցութեան բոլոր ուղիներու բացման մասին, մինչդեռ Ատրպէյճան կը պնդէ այսպէս կոչուած միջանցքի վրայ։ Երբ հայկական կողմը խաղաղութեան մասին կը խօսի, Ատրպէյճան կը բազմապատկէ այլատեաց հռետորաբանութիւնը։ Միրզոյեանի խօսքով՝ տեւական խաղաղութիւն հնարաւոր է, բայց, Ատրպէյճանի կողմէ վերահսկուած տարածքներէն ներս դժուար է պատկերացնել հայկական բնակչութեան գոյութիւնը։ Պատերազմէն վերջ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս այսօր ոեւէ հայ չ՚ապրիր, ինչ որ փաստացի ապացոյց մըն է էթնիք զտման համար։ Բազմաթիւ են նաեւ վկայութիւնները հայ ռազմագերիներու դէմ անմարդկային եւ արժապատուութիւնը վիրաւորող վերաբերմունքի եւ կտտանքներու մասին։

Հարցումի մը պատասխանելով Արարատ Միրզոյեան անդրադարձաւ Փարիզի մէջ վերջերս իր եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման՝ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու մասնակցութեամբ։ Ան կարեւորեց համանախագահներու հովանաւորութեան ներքեւ բանակցութիւններու վերսկսման կարեւորութիւնը։ Անշուշտ, օրակարգի վրայ է հակամարտութեան վերջնական կարգաւորման հարցը։ Բայց, այս փուլին համաձայնութիւն գոյացած է, որպէսզի կողմերը յառաջ շարժուին փոքր քայլերով։

Մեկնաբանելով Ռուսաստանի դերակատարութիւնը՝ Միրզոյեան նշեց, որ ան յաջողած է դադրեցնել պատերազմական գործողութիւնները։ Այդ երկիրը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներէն մին է։ Ռուսական խաղաղապահ ուժերը կ՚ապահովեն Լեռնային Ղարաբաղի հայերու անվտանգութիւնը եւ կը նպաստեն բնականոն կեանքի վերականգնման։ Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտումները ուղղուած են նաեւ Ռուսաստանի խաղաղապահներու հեղինակութեան դէմ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2021