1+2 ՓՈԽԱՆ՝ 3+3-Ի

Թեհրանէն հնչած պաշտօնական յայտարարութիւններուն ամենէն ուշագրաւ բաժինը այն էր, որ Իրանի ընկերութիւնները պատրաստ են զարգացնել Հայաստանի հետ փոխադրումները եւ նոր տարանցիկ անցք մը ստեղծել Հայաստանի եւ Պարսից ծոցի միջեւ՝ Արեւելեան Ատրպէյճանի Նորտուզ գիւղով: Խօսքը, ըստ էութեան, Պարսից ծոց-Սեւ ծով ուղղութեան մասին է:

Անշուշտ, նոր չէ Հայաստանի տարանցիկ կարգավիճակին տեսակէտէ այս կարեւոր եւ ռազմավարական նշանակութեամբ ծրագիրը: Խնդիրը այն է, որ յաճախ կ՚արծարծուէր այս առաջադրանքը, միշտ կը խօսուէր անոր անհրաժեշտութեան մասին, կ՚ընդգծուէր, որ երկու երկիրներուն համար բեկումնային նշանակութիւն կրնար ունենալ նման կամրջում մը, այնուամենայնիւ գործնականացումը կ՚ուշանար: Խնդիրը շրջափակուած Հայաստանին չնպաստելը չէր՝ որքան Իրանը մեկուսացած պահելը: Ի վերջոյ, Իրան Հայաստանի եւ Վրաստանի ճամբով կրնար դուրս գալ դէպի Սեւ ծով եւ դէպի Եւրոպա: Այս ճամբան էր, որ միջազգային ընտանիքը փակ կը պահէր Իրանի դիմաց:

Հիմա աշխարհաքաղաքականութեան փոփոխութեան պէտք է կապել ծրագրին դէպի առարկայացում թեքումի նախադրեալներու տեսանելիութիւնը: Պաշտօնապէս կը յայտարարուի Իրանի ընկերութիւններու այս առումով պատրաստ ըլլալը: Կը յայտարարուին ճանապարհաշինութեան, նոր փապուղիներու կառուցման եւ ենթակառուցուածքի վերաբերեալ համապատասխան ծրագիրներ: Ընդ որում, կը ճշդուին շինարարական աշխատանքներու մեկնարկի ժամկէտներ: Թեհրան յայտնապէս ստացած է որոշ նշաններ, որոնց հիման վրայ ալ ծրագրի գործնականացման յայտարարութիւններ կը կատարէ: Երեւոյթը սերտօրէն կ՚առընչուի Իրան-Հայաստան սահմաններու անփոփոխելիութեան սկզբունքին բազմիցս յայտարարուելուն կամ Թեհրանի նախաձեռնած՝ Սիւնիքի մէջ հիւպատոսարան հաստատելու գործողութիւններուն հետ:

Դէպի Եւրոպա Իրանի ելքը Սիւնիքէն կ՚անցնի: Այդ ելքի այլ ուժերու վերահսկողութեան տակ անցնիլը չի բխիր Իրանի շահերէն: Իսկ այստեղ արդէն կ՚ամբողջանայ խճանկարը նախագահ Ռայիսիի յայտարարութեամբ, թէ տարածաշրջանին մէջ օտար միջամտութիւնները խնդիրներու դուռ կը բանան։ Իրանէն հնչած օտար միջամտութիւններու բացառման սկզբունքը նախ եւ առաջ մտաբերել կու տայ եւրոպական դիտորդներու, փաստահաւաք խումբերու թէ կարիքներու ուսումնասիրութեան առաքելութիւններու ժամանումը Հայաստան-Իրան սահմանամերձ գօտիներ, կամ ամերիկեան դիւանագիտութեան եռուզեռ Սիւնիքի շրջանին մէջ, բայց, միեւնոյն ժամանակ, նաեւ բացառում՝ միջանցքի գաղափարի եւ Թուրքիա-Ատրպէյճան ներկայութեան: Կը թուի նաեւ, որ այս հարցով Իրանի շահերէն չի բխիր միջանցքին Ռուսաստանի կողմէ վերահսկուիլը: Իրան ուղիղ փապուղիով, ճանապարհով, երկաթուղիով թէ տարանցիկ անցքով մը ելք կ՚ուզէ դէպի Սեւ ծով: «Օտար միջամտութիւններ» բառակապակցութիւնը յատկանշական է եւ կը ներառէ բոլորը:

Հին յանկերգի գործնականացման միտած առաջին յայտարարութիւնները անպայման պէտք է դիտարկել հաւաքական Արեւմուտք-Իրան բանակցութիւններով: Վիեննան այս առումով ընթացք հունաւորող է: Իրանի ապամեկուսացման ճանապարհային քարտէսը հունաւորող այս յայտարարութիւններուն առընթեր, կարեւոր է նկատել Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատուին եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարին միջեւ կայացած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մասին հրապարակուած լրատուութիւնը։ Կողմերը քննարկած են հակաիրանական պատժամիջոցներու վերացման շուրջ Վիեննայի բանակցութիւններու վերջին զարգացումները, երկկողմանի յարաբերութիւններն ու փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ հարցերը, ինչպէս նաեւ Ուքրայնայի պատերազմը: Անդրադառնալով Եւրոմիութեան միջնորդական դերով Իրանի ուղերձները Միացեալ Նահանգներուն փոխանցելուն՝ Թեհրանէն բարձրաստիճան դիւանագէտ մը ըսած է, որ իր երկիրը պատրաստ է լաւ, ամուր եւ տեւական համաձայնութեան մը հասնելու:

Վերադառնանք Հայաստանի տարանցիկութեան կարելիութեան: Թէեւ Իրան Հայաստանը Պարսից ծոցին կապելու մասին կը խօսի, սակայն, նոյնքան պարզ է, որ այդ տարանցիկութիւնը պիտի աշխատի երկկողմանի եւ Իրանն ալ պիտի կապէ Սեւ ծովուն: Այս գործընթացները մտածել կու տան, որ 3+3 ձեւաչափին փոխարէն 1+2-ն է, որ սկսած է ուրուագծուիլ՝ Իրան-Հայաստան-Վրաստան ուղղութեամբ:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 22, 2022