Չորեքշաբթի 4, Դեկտեմբեր 2024
ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ-ԱՐԱՂՉԻ ԶՐՈՅՑ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները զրոյցի ընթացքին անդրադարձան երկու հարեւան երկիրներու համատեղ օրակարգին վերաբերեալ նիւթերու։ Անոնք Երեւան-Թեհրան ընդլայնուած համագործակցութեան ոլորտներուն վրայ կանգ առին։ Արարատ Միրզոյեան եւ Ապպաս Արաղչի խօսեցան յստակ բնագաւառներու ուղղեալ այնպիսի հարցերու մասին, որոնք ապագային կրնան օգտակար ըլլալ երկու երկիրներու քաղաքացիներուն համար։
Ուրբաթ, Նոյեմբեր 22, 2024