ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ. «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՈՒՆԻՆՔ 12 ՀԱԶԱՐ ԸՆԹԵՐՑՈՂ ԵՒ 12 ՕՐԱԹԵՐԹ, ԿԸ ԿԱՐԾԵՄ՝ ԱՅՍ ԹԻՒԸ ԲԱՐՁՐ Է ԵՐԿՐԻՆ ՀԱՄԱՐ»
Հայաստանի Լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեան եւ «Ազգ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Աւետիքեան երէկ Երեւանի մէջ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Այս առթիւ անոնք զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու նկատառման յանձնեցին իրենց դիտարկումները յատկապէս երկրի տպագիր մամուլի բնագաւառին շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հաւաքոյթի ընթացքին Յակոբ Աւետիքեան շեշտեց, թէ Հայաստանի մէջ հետզհետէ կը վատանայ տպագիր լրագրութեան վիճակը։ Աստիճանաբար կը նուազի տպագիր թերթերու ընթերցողներուն թիւնը։ «Կ՚ըսեն, որ ամբողջ աշխարհի մէջ կը նկատուի թերթերու նուազ ընթերցման երեւոյթը, համացանցը գրաւած է ամբողջ աշխարհը, մարդիկ չեն ուզեր թերթ կարդալ, բայց ես որքան որ գիտեմ, որեւէ տեղ նման յետընթաց չէ արձանագրուած։ Մեր ժողովուրդը սկսած է նուազեցնել ընթերցումը, քիչ կը կարդացուին թէ՛ գիրքերը եւ թէ թերթերը։ Հայաստանի մէջ ունինք 12 հազար ընթերցող ու 12 օրաթերթ, կը կարծեմ՝ որ այդ թիւը Հայաստանի համար բարձր է», ըսաւ Աւետիքեան։
Փորձառու խմբագիրը աւելի վերջ բացատրեց, որ Հայաստանի մէջ լրագրութեան պատմութեան տարիներուն ընթացքին կարելի չէ եղած ընթերցող պատրաստել։ Ըստ իրեն, ընթերցող պատրաստել կը նշանակէ աշխատիլ դպրոցներու, երախաներու հետ, զանոնք դարձնել թերթի ապագայ ընթերցող։ Իբրեւ օրինակ Աւետիքեան մատնանշեց, որ Պալթեան երկիրներուն եւ Գերմանիոյ մէջ ժողովուրդներուն մօտ գլխաւոր լրագրողները դպրոցականներու հետ լրագրութեան վրայ կ՚աշխատին, անոնք կը սորվեցնեն ոչ թէ պատի թերթ մը պատրաստել, այլ կը բացատրեն, թէ ի՛նչ է լրագրութիւնը, ի՛նչ բան կրնայ խմբագրական աշխատանքի նիւթ դառնալ։ «Երբ ես Գերմանիայէն մէկուն հարցուցի, թէ գլխաւոր լրագրողները կ՚երթան դպրոց ու կ՚աշխատին, սա բարդ չէ՞ իրենց համար։ Ան պատասխանեց, որ ընդհակառակն, այդ ճանապարհով լրագրողները կը պատրաստեն իրենց վաղուան ընթերցողները։ Իսկ մենք թերթ կը հրատարակենք միայն խորհրդարանի պատգամաւորներուն համար», ըսաւ Աւետիքեան։
Իսկ Աստղիկ Գէորգեանն ալ վստահեցուց, թէ թերթերը չեն տպուիր միայն երեսփոխաններուն համար, անոնք կը կարդացուին նաեւ մտաւորական մարդոց կողմէ ու կը գնահատուի թերթին աշխատանքը։ «Համաձայն եմ Պարոն Աւետիքեանին հետ, թէ քիչ թերթ կը կարդացուի, բայց մենք թերթ կարդալու ծաւալները մասամբ բարձրացնելու ուղղութեամբ կ՚իրականացնենք աշխատանքներ», ըսաւ Աստղիկ Գէորգեան ու մէջբերեց Պատանի լրագրողներու դպրոցի օրինակը։