ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏԳԱՄ
Երէկ, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցան երկու կարեւոր գագաթաժողովներ, որոնց մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան։ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի տանտիրութեամբ նախ տեղի ունեցաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանը։ Բաց աստի, օրուան երկրորդ կէսին տեղի ունեցաւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նստաշրջանը։ Այս վերջինը կը բաղկանար երկու հանգրուանէ, որու առաջինն էր նախագահներուն նեղ կազմով խորհրդակցութիւնը, իսկ երկրորդը՝ ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնը։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մոսկուայի այս գագաթաժողովներուն ընթացքին Սերժ Սարգսեանին ընկերացան բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, որոնց շարքին էին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան, Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, Նախագահական աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան, Փոխ-վարչապետ Վաչէ Գաբրիէլեան։
ՀԱՊԿ-ի գագաթաժողովը սկսաւ հիւրընկալ երկրի՝ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի ողջոյնի խօսքով։ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանը վարեց Նախագահ Սերժ Սարգսեան՝ քանի որ ՀԱՊԿ-ի մօտ շրջանային նախագահի պաշտօնը ստանձնած է Հայաստան։ Սպիտակ Ռուսիոյ, Ղազախիստանի, Խրղըզիստանի, Տաճիկիստանի նախագահները, ինչպէս նաեւ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիուժա նախ իրականացուցին նեղ կազմով խորհրդակցութիւն մը, որմէ վերջ բանակցութիւնները շարունակուեցան ընդլայնուած կազմով։ Լիագումար նիստի ընթացքին ստորագրուեցան շարք մը փաստաթուղթեր։ ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններու ղեկավարները կարծիքներ փոխանակեցին աշխարհի ընթացիկ իրավիճակին եւ կազմակերպութեան հետագայ գործողութիւններուն շուրջ։ ՀԱՊԿ-ի գագաթաժողովի աւարտին արդիւնքներուն շուրջ մամլոյ ասուլիս մը սարքեց Սերժ Սարգսեան, որ նախագահած էր ժողովներուն։ Ասուլիսին ներկայ էր Նիքոլայ Պորտիուժա։ Սարգսեան այս առթիւ նշեց, թէ Մոսկուայի մէջ քննարկած են Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ խոցուած Ռուսաստանի ռազմաօդանաւին վերաբերեալ դէպքը։ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրները այս հարցին մէջ համերաշխութիւն եւ աջակցութիւն կը յայտնեն Մոսկուայի դիրքորոշման՝ ըլլալով դաշնակիցներ։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ՀԱՊԿ-ի գագաթաժողովին ընթացքին ունեցած ելոյթին մէջ Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին եւ այս առընչութեամբ յստակ պատգամներ հասցէագրեց Հայաստանի դաշնակիցներուն։ Ան բացատրեց, որ Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ ռուսական ռազմաօդանաւին ոչնչացումը լուրջ մարտահրաւէր դարձած է ահաբեկչութեան դէմ պայքարի, Սուրիոյ մէջ իրավիճակի կայունացման եւ տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ ջանքերուն տեսանկիւնէն։ «Խոցուած ռուսական օդանաւին հետ կապուած իրավիճակի զարգացման մէջ մենք բոլորս ականատես եղանք, թէ ինչպէ՛ս տեղի կ՚ունենայ գործօն ռազմաքաղաքներու դաշինքներու ձեւաւորումը։ ՆԱԹՕ-ի երկիրներու՝ ներառեալ, օրինակ, Յունաստանի անվերապահ աջակցութիւնը Թուրքիոյ, ակնյայտօրէն ցոյց կու տայ, որ «մէկը բոլորի եւ բոլորը՝ մէկի համար» սկզբունքը կը հանդիսանայ նման կառոյցներու արդիւնաւէտութեան պարտադիր պայման», ըսաւ Սերժ Սարգսեան եւ շեշտեց, թէ ՆԱԹՕ-ի որեւէ երկիր կասկածի տակ չդրաւ թրքական կողմի գործունէութիւնը եւ ՀԱՊԿ պէտք է դասեր քաղէ այս երեւոյթէն։ Սերժ Սարգսեան աւելի վերջ ելոյթը շարունակեց ըստ հետեւեալի.
«Ի հարկէ, ամէն երկիր ունի իր շահերը, իր առաջնայնութիւնները, բայց անոնք պէտք չէ հակադրուին մեր ընդհանուր շահերուն եւ փոխադարձ պարտաւորութիւններուն։ Ամէն անգամ, երբ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ կը կիրառեն ինքնագործներ, ականանետեր, հրետանային սարքաւորումներ, անոնք կը կրակեն Աստանայի, Տուշանպէի եւ Պիշքէքի, Մոսկուայի եւ Մինսքի ուղղութեամբ։ Յիշեցնեմ, որ մեր կանոնադրութեան մէջ ունինք համապատասխան յօդուած։ Եւ եթէ մենք ոչ միայն չենք գործադրեր այդ յօդուածը, չենք քննարկեր ստեղծուած իրավիճակը, հարկ չենք համարեր վերցնել ընկալուչը եւ հետաքրքրուիլ՝ ի՛նչ կը կատարուի դաշնակից Հայաստանի մէջ եւ ասոր հետ մէկտեղ նաեւ կը քուէարկենք իրարու շահերու դէմ միջազգային կազմակերպութիւններուն մօտ, երրորդ երկիրներու հետ կ՚ընդունինք երկկողմանի յայտարարութիւններ, որոնց բովանդակութիւնը ուղղուած է ՀԱՊԿ-ի դաշնակիցներուն դէմ, ապա մենք պարզապէս այդ կրակոցներուն տակ կը դնենք մեր ամբողջ կազմակերպութիւնը, անոր հեղինակութիւնը, անոր կարեւորութիւնը։
«Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը ուղղուած է հակամարտութեան սրման։ Դժբախտաբար, Տուշանպէի նստաշրջանէն վերջ իրավիճակը ոչ միայն չէ կայունացած, այլեւ աւելի լարուած բնոյթ մը ստացած է։ Ատրպէյճանական կողմը չի սահմանափակուիր ծանր հրետանիի կիրառմամբ, ներառեալ թրքական արտադրութեամբ։ Դեկտեմբերի 8-ին Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը 1994 թուականի հրադադարի դրութեան հաստատումէն ի վեր առաջին անգամ անցան հրասայլային ռմբակոծութեան, ինչ որ լարուածութիւնը կը բարձրացնէ նոր եւ շատ վտանգաւոր մակարդակի։ Հաշուի առնելով տարածքաշրջանէ ներս վերջին շրջանին ձեւաւորուած լարուած մթնոլորտը՝ պէտք չէ բացառել, որ Ատրպէյճան այդ քայլը առած է դուրսի կողմի յուշումով կամ աջակցութեամբ»։
Միւս կողմէ, Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արտակ Զաքարեան Սերժ Սարգսեանի երէկուան ելոյթէն վերջ այս առաւօտ Երեւանի մէջ յայտարարեց, թէ հայկական կողմը ՀԱՊԿ-էն կ՚ակնկալէ Ատրպէյճանի սադրանքներուն վերաբերեալ քաղաքական գնահատական։ Ան մթնոլորտը մեկնաբանեց նաեւ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ շաբաթավերջին Պեռնի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման լոյսին տակ։ Ըստ իրեն, Պեռնի հանդիպումը ցոյց տուաւ, թէ Հայաստան աստիճանաբար գործ պիտի ունենայ իրավիճակին անհամարժէք արձագանգով Ատրպէյճանի մը հետ, որովհետեւ այդ երկրէն ներս հասունցած են խնդիրներ թէ՛ տնտեսական եւ թէ աշխարհաքաղաքական դերակատարութեան առումով։ Իր խօսքերով՝ ռազմական ուժի գործադրութեամբ Ատրպէյճանի փայփայած անյոյս ակնկալութիւնները՝ բանակցային գործընթացէն ներս որոշ փոփոխութիւններու հասնելու առումով, արդարացուած չեն։ Զաքարեան դիտել տուաւ, որ խնդիրը ռազմական լուծում ուղղակի չունի, եւ անոր ռազմական լուծումը շատ ցաւոտ պիտի ըլլայ Ատրպէյճանի համար։