ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐ
Թէ ի՞նչ կը պատահի ներկայ դարուս մէջ, աւելի ճշգրիտ եւ արդար ըլլալու համար, պահ մը անդրադառնանք մեր մօտիկ ժամանակակից տարիներուն մէջ կատարուած իրադարձութիւններուն, մարդկային զոհերուն եւ անոնց պատճառած վնասներուն ակնարկութեամբ։ Արար աշխարհ ականատես եղած եւ իմացած է, թէ որքա՜ն զարհուրելի պատկերներ են անոնք, որոնք կը ներկայանան այս անասնաբնակ եւ մարդաբնակ, բայց անմարդկային աշխարհին աչքերուն առաջ։ Գերտէրութիւններու անտարբեր եւ սառնասիրտ արարքները, յանուն մարդասիրական, ժողովրդավարութեան, բռնապետներու եւ բռնատիրութեանց վերացման, փոքր ազգերու պաշտպանութեան, խաղաղութեան եւ համերաշխութեան անուան ներքեւ կը քանդեն, կը ջարդեն եւ կը կոտորեն երկիրներ, պետութիւններ, ժողովուրդներ եւ կ՚ոչնչացնեն հնամենի դարաւոր քաղաքակրթութեան յիշատակներ, քանդակներ եւ մարդկայնութիւն, անոնց զոհերը վերածելով զայրոյթով եւ ցասումով լեցուն աշխարհացրիւ գաղթականներու…, որոնց ոխը այն բոլորին հանդէպ, օր մը անպայման պիտի հալածէ այդ անմարդկային արարքներու հեղինակները, նոյնիսկ… իրենց դղեակներուն հաստ պատերու ետին ապաստանածները, անոնցմէ արդարութիւն եւ հաշուետուութիւն պահանջելով, ինչպէս որ կը պատահի այսօր Եւրոպայի մէջ։ Աշխարհի ժողովուրդներու մէջ այնպիսի տպաւորութիւն ստեղծուած է, թէ գերտէրութիւններու կառավարութիւններ այսօր՝ այնպէս կը գործեն, ինչպէս որպէս կը հա-ճին, առանց նոյնիսկ իրենց ժողովուրդներու կարծիքը անսալու, նոյնիսկ… ժողովրդավարութեան նշանաւոր զօրակոչները։
Յաճախ, շաղակրատութիւն եւ կրկնութիւն կը թուին աշխարհի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն յարատեւ եւ նոյնանման հաղորդումները եւ գրութիւնները, սակայն անոնք տարբեր են իրենց անհատական պատմականներով, տարածքաշրջաններով, կենցաղով եւ պարագաներով։ Անոնք, յար եւ նման են իրենց կոտորածի, հալածանքի, տեղահանման եւ ջարդի պայմաններով ու պարագաներով, անկախ պատահարներու ժամանակաշրջաններէն։
Ինչպէ՞ս կարելի է բիրտ ու բռնի կերպով ստիպել… ազգի մը կամքը այլ ազգի մը ընդունման կամ իւրացումին։ Այսօր սակայն, այդ կը նկատուի ժողովրդավարութեան սկզբունքներու կիրարկում, նոյնիսկ եթէ այդ պարտադրուի զէնքի, ոսկիի եւ մամուլի ուժով։ Արդարութիւնը… այնտեղ կը խօսի ուժի եւ հզօրութեան ուժգնութեամբ, որովհետեւ այնտեղ մարդկային արժէքը սակարկելու կարիքը չկայ, ան միշտ զոհ դարձած է հզօրին, բարձրաձայնին, անխիղճին, վաշխառուին եւ… քաղաքագէտի շահերուն, մինչդեռ կենդանին այսօր, թերեւս ունի համազօր կամ աւելի արժէք քան մարդ արարածը։
Մարդ արարածին որքանո՞վ համարժէք է անասուն մը կամ՝ ընտելացած կենդանի մը, երբ անհատ մը, աքացիով կը հարուածէ իր վրայ յարձակած շան մը, որուն համար կը պատժուի երեք տարուան բանտարկութեան։ Կամ մարդ էակ սպաննող շուն մը կը ղրկուի հոգեկան բուժարան, իմանալու համար անոր դրդապատճառները, եւ կամ տարեկան միլիառաւոր տոլարներու մսխումներ կը կատարուին յանուն կենդանիներու կեանքի կամ տեսակի «փրկութեան» համար։ Արդեօք կենդանին պէտք է՞ գերադասուի մարդ արարածէն, նոյնիսկ եթէ անձը յանցաւոր ըլլայ որեւէ առումով։ Մեր հասկացողութեամբ, մարդ էակը իր, իսկ կենդանին իր տեղը ունի այս աշխարհին մէջ։ Հաւանաբար շատեր առարկեն այս արտայայտութեան, սակայն ի խորոց սրտի թող որ յայտարարենք, թէ անդին, հազարաւոր մարդկային էակներ կը սպաննուին կամ ծովամոյն կ՚ըլլան Միջերկրականի ջուրերուն, Եւրոպայի, միջինարեւելեան եւ ափրիկեան երկիրներուն մէջ, առանց որեւէ խղճահարութեան կամ գութի։ Աշխարհի մէջ հարիւր հազարաւոր անձինք կը սպաննուին աննշան եւ անիմաստ պատճառներով, առանց որեւէ տեսակի անդրադարձման, արձագանգի, նշումի կամ խնայումի։ Ո՞րն է աւելի արդար բոլորիս հայեցողութեամբ, մարդ էա՞կը, թէ կենդանին։ Այսօր, կը տեսնենք պատերազմներու հիւանդագին վաճառորդներ, որոնք իրենց նորաստեղծ կամ պահեստներուն մէջ հինցած զինամթերքներու փորձառութեան համար, զանոնք կը գործածեն մարդկային էակներու վրայ, նոյնիսկ զանգուածային քիմիական զէնքերու տարողութեամբ, մինչդեռ ասդին, իրենց փափկասուն կենդանիներուն «գլխացաւին» համար բարձրաձայն աղմուկ աղաղակ կ՚արձակեն արար աշխարհին։
Ո՞ւր մնացին մարդկային արժէքները, արդեօք անոնք արդէն հաւասարա՞ծ են անասնական աշխարհի մակարդակին հետ, կամ թէ՝ աւելի նուաստացած։
Խմբագրական «Նոր Օր»ի