ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ. «ՓՈՒԹԻՆ ԿԸ ՍՏԷ»
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ երեկոյեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Պուրսայի մէջ։ Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ վար առնուած Ռուսաստանի ռազմաօդանաւի խնդրին շուրջ հերթական անգամ արտայայտուեցաւ նախագահը, որ շարունակեց վճռական պատգամներ փոխանցել հանրային կարծիքին։ Անգարա-Մոսկուա առկայ լարուածութեան մթնոլորտին մէջ, անդրադառնալով ռուսական կողմէն օրակարգի վրայ բերուած հակափաստարկներուն՝ Էրտողան յայտնեց, թէ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին կը ստէ։ Ըստ Էտողանի, ինք պաշտօնական բանակցութիւններու ընթացքին, վկաներու ներկայութեամբ Փութինին բացատրած է, թէ ռուսական զօրքերը Սուրիոյ մէջ ռմբակոծեցին այնպիսի շրջաններ, ուր գոյութիւն չունի «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորումը։ Էրտողանի խօսքերով, ինք Փութինի նկատառման յանձնած է, որ այդ շրջաններուն մէջ կը գտնուին Պայըրպուճաքի թիւրքմէնները։ Հետեւաբար, Էրտողան շեշտեց, թէ այս կտրուածքով Վլատիմիր Փութին կը ստէ։
Պուրսայի Առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան պալատին կողմէ կազմակերպուած «Տնտեսութեան մէջ արժէք աւելցնողներ» խորագրեալ մրցանակաբաշխութեան ընթացքին ունեցած ելոյթին ժամանակ Էրտողան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Սուրիոյ ճգնաժամին։ Ըստ իրեն, Սուրիոյ ճգնաժամը մէկ կողմէ տարածքաշրջանի հաւասարակշռութիւններէն ծնունդ կ՚առնէ, իսկ միւս կողմէ Թուրքիոյ ճանապարհը խոչընդոտելու ծրագիր մըն է։ Սուրիոյ մէջ ապրուած դէպքերու ետին կանգնած դրդապատճառներէն մին է Թուրքիոյ զօրացման առթած անհանգստութիւնը։
Էրտողան մատնանշեց, թէ այսօր ռուսական կողմը կը պնդէ, որ իրենց թիւրքմէններուն վերաբերեալ բան մը չէ ըսուած։ Սա ճիշդ չէ։ Բացի Փութինէն, Էրտողան այդ բոլորին մասին բացատրութիւններ տուած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամային, որ եւս տեղեակ է այս նիւթերէն։
Վերջին մօտաւորապէս հինգ տարուան ընթացքին 400 հազար հոգի մահացած է Սուրիոյ մէջ։ Էրտողան հարց տուաւ թէ, արդեօք անոնց քանի՞ հատը ԻՇԻՊ-ի շարքային է։ Պեշար Էսատի ղեկավարութիւնը ներկայիս կը վերահսկէ Սուրիոյ 14 տոկոսը։ Իր վարչակարգէն հեռու մնալ նախընտրողներ՝ շուրջ 20 հազար հոգիի դէմ պայքարելու համար աչք կը փակեն 400 հազար հոգիի մահուան եւ այսպէսով մարդկային պատմութեան ամենածանր յանցանքներէն մին կը գործեն։ «Եթէ Սուրիոյ մէջ ԻՇԻՊ-ի դէմ իսկապէս վճռական պայքար մը պիտի մղուի, ապա այդ մէկուն առաջին քայլը պէտք է ըլլայ երկիրը փրկել Էսատէն», ըսաւ Էրտողան։ Սուրիոյ մէջ ԻՇԻՊ անունով կազմակերպութիւն մը ստեղծուած ու յառաջ քշուած է եւ Էրտողանի համոզմամբ՝ բոլոր շահերը անոր ետին կը թաքցուին, անգութ, անբարոյական պատերազմ մը կը շարունակուի այսպէսով։
Միւս կողմէ, երէկ Մոսկուայի մէջ բացուեցաւ Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ վար առնուած ռուսական ռազմաօդանաւին սեւ արկղը։ Իրաւասուները տեղեկացուցին, թէ այդ սեւ արկղը այն աստիճան վնաս կրած է, որ կարելի չէ որեւէ յաւելեալ տեղեկութեան հասնիլ։