ԴՐԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ

Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նի ե­րէկ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Ե­րե­ւան՝ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ։ Սա եր­կու հա­րե­ւան եր­կիր­նե­րու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման եւ տա­րած­քաշր­ջա­նի հա­ւա­սա­րակշռու­թիւն­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ ե­ղաւ կա­րե­ւոր ի­րա­դար­ձու­թիւն մը։

Միօ­րեայ ու­ղե­ւո­րու­թեան հա­մար Ռու­հա­նի օ­րուան սկիզ­բին հա­սաւ Ե­րե­ւա­նի «Զուարթ­նոց» օ­դա­կա­յա­նը, ուր­կէ ա­ռաջ­նոր­դուե­ցան նա­խա­գա­հա­կան ա­պա­րանք։ Սերժ Սարգ­սեան զի­նուո­րա­կան ա­րա­րո­ղա­կար­գով դի­մա­ւո­րեց իր պաշ­տօ­նա­կի­ցը, ո­րու ըն­կե­րա­կից պա­տուի­րա­կու­թեան կազ­մին մէջ էին Ի­րա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճե­ւատ Զա­րիֆ եւ այլ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­ներ։ Նա­խա­գահ­նե­րը ու­նե­ցան ա­ռանձ­նազ­րոյց մը, գլխա­ւո­րե­ցին պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րու բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը, ներ­կայ ե­ղան երկ­կող­մա­նի փաս­տա­թուղ­թե­րու ստո­րագր­ման ա­րա­րո­ղու­թեան։ Սարգ­սեան եւ Ռու­հա­նի սար­քե­ցին հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը՝ զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հա­մար ամ­փո­փե­լով բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ար­դիւնք­նե­րը։ Ա­նոնք հան­դէս ե­կան նաեւ հա­մա­տեղ յայ­տա­րա­րու­թեամբ։ Նա­խա­գահ­նե­րը մաս­նակ­ցե­ցան Ե­րե­ւա­նի մէջ ե­րէկ կազ­մա­կեր­պը-ւած Հա­յաս­տան-Ի­րան գոր­ծա­րար հա­մա­ժո­ղո­վին։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան Հա­սան Ռու­հա­նի ըն­դու­նուե­ցաւ նաեւ Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նի կող­մէ։ Միօ­րեայ ծրագ­րի ա­ւար­տին ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն ան ար­դէն հրա­ժեշտ ա­ռաւ Ե­րե­ւա­նէն։

Հա­սան Ռու­հա­նի ե­րէ­կուան շփում­նե­րուն ժա­մա­նակ դրա­կան պատ­գամ­ներ փո­խան­ցեց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին շուրջ։ Ան յայտ­նեց, որ հիմ­նախն­դի­րը չու­նի ռազ­մա­կան լու­ծում ու պէտք է կար­գա­ւո­րուի բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ ճա­նա­պարհով։ Ե­րէ­կուան այ­ցը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ նաեւ, որ­պէս­զի Ե­րե­ւա­նի եւ Թիֆ­լի­զի ղե­կա­վա­րու­թիւն­նե­րը վե­րա­հաս­տա­տեն ի­րենց կամքն ու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ուղ­ղու­թեամբ։ Ի շա­րու­նա­կու­թիւն կող­մե­րուն մի­ջեւ մի­ջո­ցէ մը ի վեր տա­րուած աշ­խա­տան­քին՝ ընդգ­ծուե­ցաւ Պար­սից ծո­ցէն դէ­պի Սեւ ծով փո­խադ­րու­թեան մի­ջանցք մը ստեղ­ծե­լու նա­խա­գի­ծը։ Ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ քննար­կուե­ցան այդ ծրագ­րին վե­րա­բե­րեալ խնդիր­նե­րը։ Սա նկա­տուե­ցաւ անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն։

Սարգ­սեան եւ Ռու­հա­նի շեշ­տե­ցին տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս յա­րա­տեւ խա­ղա­ղու­թեան, կա­յու­նու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան հաս­տա­տումն ու հե­տա­գայ ամ­րապն­դու­մը։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2016