ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ Տօնական Ձեռնարկներ
Երեւանի քաղաքապետարանը Ամանորեայ տօնակատարութիւններուն վրայ պիտի ծախսէ 39 միլիոն դրամ՝ նախորդ տարիներու համեմատ մօտաւորապէս 20 միլիոն դրամ նուազ: Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեան վերջերս ներկայացուցած է՝ «Նոր Տարին Երեւանի մէջ 2017» ձեռնարկներու ծրագիրը:
Տօնական ձեռնարկները սկսան Դեկտեմբերի 19-ին: Հանրապետութեան հրապարակին վրայ լուսաւորուեցան գլխաւոր տօնածառին լոյսերը եւ միացուեցաւ մայրաքաղաքին տօնական արտաքին լուսաւորութիւնը: Պիւտճէի կրճատման պատճառով այս տարի տօնական հիմնական ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան Ազատութեան հրապարակին վրայ, ուր պիտի ձեւաւորուի հէքեաթային սառոյցէ քաղաք:
Բաց աստի, Ամանորի գիշերը մեթրոն պիտի աշխատի մինչեւ առաւօտեան ժամը 2-ը: Ձեռնարկներու ծրագրին մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ ընկերային բնագաւառը: Նուէրներու ծրարներ նախապատրաստուած են մօտաւորապէս 40 հազար փոքրիկներու համար, իսկ 23 հազար ընտանիքի պիտի տրամադրուի պարէնային աջակցութիւն:
Մինչ այդ, 4 հազար փոքրիկ ալ կարելիութիւն պիտի ունենայ թատրոններու մէջ ամանորեայ ներկայացումներ դիտելու: Երեւանի մէջ ամանորեայ ձեռնարկները պիտի ամփոփուին Յունուարի 13-ին՝ Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի ունենալիք տօնական ելոյթով: Յունուարի 2-5 թուականներուն, ժամը 11.00-17.00-ի միջեւ այցելուներուն համար բաց պիտի ըլլան Երեւանի Պատմութեան եւ Ժամանակակից արուեստի թանգարանները, ինչպէս նաեւ՝ Էրեբունի պատմական հնագիտական արգելոց-թանգարանը: