ԷԼ ՊԱՊԻ ՄԷՋ 14 ԹՈՒՐՔ ԶԻՆՈՒՈՐ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ
Թուրք զինեալ ուժերը Սուրիոյ հիւսիսին կը շարունակեն յառաջ տանիլ «Եփրատի վահան» գործողութիւնը, որու ներկայ փուլը կեդրոնացած է Էլ Պապը ձեռք անցընելու նպատակին վրայ։ Բանակը երէկ այս գործողութեան շրջագծով տուաւ ծանր կորուստներ, ինչ որ խոր ցաւ պատճառեց բովանդակ Թուրքիոյ։ Էլ Պապի մէջ նահատակուեցան տասնչորս զինուորներ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, թրքական ստորաբաժանումները երէկ յետմիջօրէին ենթարկուեցան երեք տարբեր շրջանի մէջ յարձակումներու, որոնք կատարուեցան ռումբերով բեռնաուորուած ինքնաշարժներով։ Ահաբեկիչներու դէմ կ՚իրականացուին թրքական բանակին այս ազդու գործողութիւնները, որոնց արդիւնքները թէեւ ընդհանրապէս կ՚արդարանան, սակայն ատեն-ատեն դժբախտաբար անխուսափելի կը դառնան կորուստներ։ Երէկ ալ դժբախտաբար պատահեցաւ նոյնը։
Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ տասնչորս զինուոր նահատակուած է Էլ Պապի մէջ։ Բանակի վիրաւորեալներուն թիւն ալ հասած է երեսուներեքի։ Անոնցմէ վեցին վիճակը կը համարուի ծանր։ Վիրաւորեալները դարմանման տակ առնուած են շրջանի հիւանդանոցներուն մէջ։
Թուրք զինեալ ուժերն ու իրենց տեղական գործակիցներն ալ վերջին օրերուն շատ ծանր կորուստներ պատճառեցին ԻՇԻՊ-ին («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում)։ Ռազմաօդային ուժերը ոչնչացուցին 67 ահաբեկչական թիրախներ։ Ընդհանրապէս չէզոքացուեցան ԻՇԻՊ-ի անդամ 138 ահաբեկիչներ։ Ցամաքէն ալ կը շարունակուին ռմբակոծումները։ Խտացեալ այս կրակին տակ ահաբեկիչներուն հնարաւորութիւնները սահմանափակուած են լրջօրէն։ Էլ Պապ-Հալէպ ճանապարհին վրայ ալ ապահովուած է լրիւ վերահսկողութիւն։
Միւս կողմէ, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըք որոշած է «Եփրատի վահան» գործողութիւններու ընթացքին եւ Էլ Պապի իրադարձութիւններուն շուրջ իրազեկել Ազգային մեծ ժողովը։