ՌՈՒՍ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԴԷՄ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՄԱՀԱՓՈՐՁԻՆ ԾԱՅՐԸ ԿԸ ՀԱՍՆԻ ՖԷԹԷՕ-ԻՆ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ Ան­գա­րա­յի մօտ Ռու­սաս­տա­նի դես­պան Անտ­րէյ Քար­լո­վի դէմ կա­տա­րուած մա­հա­փոր­ձին շուրջ։ Ըստ ի­րեն, այս դէպ­քի ա­ռըն­չու­թիւն­նե­րուն ծայ­րը կը հաս­նի ՖԷ­ԹԷՕ-ին։

Էր­տո­ղան ե­րէկ Ան­գա­րա­յի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ալ­պա­նիոյ Նա­խա­գահ Պու­ժար Նի­շա­նին։ Պեշ­թե­փէի պա­լա­տին մէջ իր պաշ­տօ­նակ­ցին հետ սար­քած հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին ան անդ­րա­դար­ձաւ այս հար­ցին։ Էր­տո­ղան ցաւ յայտ­նեց, որ այս կեղ­տոտ կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը տա­կա­ւին գո­յու­թիւն ու­նի ինչ­պէս զի­նեալ ու­ժե­րէն, այն­պէս ալ ոս­տի­կա­նու­թե­նէն ներս։ Իր խօս­քե­րով, պէտք չէ թաքց­նել այս ե­րե­ւոյ­թը։ Քար­լո­վի վրայ կրա­կած ա­հա­բեկ­չին բո­լոր ա­ռըն­չու­թիւն­նե­րը կը վկա­յեն, որ հա­սած տե­ղէն սկսեալ մին­չեւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը՝ ան կապ ու­նի ՖԷ­ԹԷՕ-ի հետ։

Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, Էր­տո­ղան բա­ցատ­րեց, որ ներ­կա­յիս այս գոր­ծըն­թա­ցի շա­րու­նա­կու­թիւ­նը պի­տի բե­րուի հա­մա­տեղ հե­տաքն­նու­թիւ­նով մը՝ Ռու­սաս­տա­նէն ե­կած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նով մը։ Ան յոյս յայտ­նեց, որ այդ հա­մա­տեղ աշ­խա­տան­քով ժամ ա­ռաջ կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ հաս­նիլ ար­դիւն­քի մը։ Նա­խա­գա­հը ընդգ­ծեց, որ ազ­դան­շան­ներ կան նաեւ ոճ­րա­գոր­ծի ար­տա­սահ­մա­նեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն շուրջ։

Հարկ է նշել, որ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լուն ալ ե­րէկ խօ­սե­ցաւ մա­հա­փոր­ձին շուրջ ու մատ­նան­շեց ՖԷ­ԹԷՕ-ն։ Մոս­կուա­յի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ան­մի­ջա­պէս ար­ձա­գան­գեց իր խօս­քե­րուն։ Քրեմ­լի­նի հա­մոզ­մամբ, տա­կա­ւին շատ վաղ է մա­հա­փոր­ձի ե­տե­ւը գտնուող ու­ժե­րուն շուրջ խօ­սե­լու հա­մար։ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի բան­բե­րը՝ Տի­միթ­րի Փես­քով յայտ­նեց, որ պէտք է սպա­սել հե­տաքն­նու­թեան հա­մա­տեղ մարմ­նի աշ­խա­տան­քի ար­դիւն­քին։ Ըստ ի­րեն, այս դէպ­քը հա­րուած մըն է Թուր­քիոյ հե­ղի­նա­կու­թեան դէմ ու պէտք չէ ա­ճա­պա­րել հե­տե­ւու­թիւն­ներ ը­նե­լու հա­մար։ Մինչ այդ, Անտ­րէյ Քար­լով յետ մա­հու պար­գե­ւատ­րուե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի զի­նուո­րա­կան բարձ­րա­գոյն շքան­շա­նով՝ հե­րո­սու­թեան մե­տայ­լո­վ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2016