ՎԻԳԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Վի­գէն Սարգ­սեան վեր­ջին օ­րե­րուն շփում­ներ ու­նե­ցաւ Թիֆ­լի­զի մէջ, ուր ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Վրաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Ան ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Վրաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կիոր­կի Քվի­րի­քաշ­վի­լիի հետ։ Այս առ­թիւ ընդգ­ծուե­ցաւ, որ եր­կու եր­կիր­նե­րու բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կը գտնուին բարձր մա­կար­դա­կի վրայ։ Քննար­կուե­ցան պաշտ­պա­նա­կան ո­լոր­տի մէջ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ամ­րապնդ­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։ Կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կուե­ցան նաեւ տա­րած­քաշրջա­նա­յին անվ­տան­գու­թեան վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րու շուրջ։ Կող­մե­րը շեշ­տե­ցին տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս խա­ղա­ղու­թեան ու կա­յու­նու­թեան պահ­պան­ման անհրա­ժեշ­տու­թիւ­նը՝ որ­պէս եր­կիր­նե­րու կա­յուն զար­գաց­ման նա­խա­պայ­ման։

Վի­գէն Սարգ­սեան Թիֆ­լի­զի մէջ ըն­դու­նուե­ցաւ նաեւ իր վրա­ցի պաշ­տօ­նակ­ցին՝ Լե­ւան Ի­զո­րիա­յի կող­մէ։ Նա­խա­րար­նե­րը կանգ ա­ռին երկ­կող­մա­նի ռազ­մա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան եւ ա­պա­գայ ծրագ­րե­րուն վրայ։ Ա­նոնք անդ­րա­դար­ձան նաեւ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին անվ­տան­գու­թեան խնդիր­նե­րուն։

Պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան ծի­րէն ներս Հա­յաս­տա­նի եւ Վրաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ ստո­րագ­րուե­ցաւ 2017 թուակա­նի երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ծրա­գի­րը։ Սարգ­սեան եւ Ի­զո­րիա սար­քե­ցին հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը՝ ամ­փո­փե­լով բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ար­դիւնք­նե­րը։

Թիֆ­լի­զի մէջ Վի­գէն Սարգ­սեան հան­դի­պում մըն ալ ու­նե­ցաւ՝ Վրաց ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ Ի­լիա Բ. Կա­թո­ղի­կոս-պատ­րիար­քին հետ։

Միւս կող­մէ, Վի­գէն Սարգ­սեան յայ­տա­րա­րեց, որ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ պա­տե­րազ­մի վերսկ­սու­մը սպառ­նա­լիք կը դառ­նայ ամ­բողջ Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի հա­մար։ «Lenta.ru» կայ­քէ­ջին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ նա­խա­րա­րը հա­ւա­նա­կան հա­մա­րեց հա­կա­մար­տու­թեան վերսկ­սու­մը։ Դժբախ­տա­բար, ա­ւե­լի քան քսան տա­րիէ ի վեր Պա­քու կը կա­ցի­նա­հա­րէ խա­ղա­ղու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը։ Հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն կը ձա­խո­ղին այն բո­լոր ջան­քե­րը, ո­րոնք մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան կող­մէ կը գոր­ծադ­րուին՝ հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման ու­ղի­ներ փնտռե­լու հա­մար, ի դէմս ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն։

«Մենք մեր աշ­խա­տան­քը յա­ռաջ կը տա­նինք ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու վերսկս­ման հա­ւա­նա­կա­նու­թեան կան­խա­վար­կա­ծով», ը­սաւ նա­խա­րա­րը եւ ա­ւել­ցուց, որ Հա­յաս­տա­նի եւ տա­րած­քաշր­ջա­նի եր­կիր­նե­րուն հա­մար ձեռն­տու չէ հա­կա­մար­տու­թեան վերսկ­սու­մը։ Ան յի­շե­ցուց, որ Ե­րե­ւան ե­րաշ­խա­ւորն է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի անվ­տան­գու­թեան եւ պի­տի պար­տա­ւո­րուի ներգ­րա­ւուե­լու բա­խում­նե­րու մէջ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2016