ՍՈՒՐ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

Պոխումի համալսարանի Սփիւռքի եւ ցեղասպանութեանց ուսումնասիրութեան կաճառի տնօրէն Փրոֆ. Միհրան Տապաղ, որ նախկին պոլսահայ մըն է, Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթին հարցազրոյց մը տուաւ՝ արժեւորելով Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ ծաւալուած գործունէութիւնը։ Ստորեւ կ՚արտատպենք Ժիրայր Չոլաքեանի ստորագրութեամբ լոյս տեսած այս հարցազրոյցը։

*

-Հայաստանի մէջ իշխանափոխութիւն տեղի ունեցաւ եւ Նիկոլ Փաշինեան վարչապետ ընտրուեցաւ ու ստանձնեց երկրին ղեկը։ Ան արդէն հանրահաւաքներու հարթակ-ներէն բազմիցս անդրադարձաւ հայրենադարձութիւն կազմակերպելու կարեւոր հարցին եւ Սփիւռքի նորանը-շանակ նախարար Մխիթար Հայրապետեանի յայտարարութիւններուն մէջ ալ այդ երեւոյթը ընդգծուեցաւ։

Նոր իշխանութեանց որդեգրած քաղաքականութեան մէջ երկրորդ ուշագրաւ երեւոյթը այն է, որ յստակօրէն կը շեշտուի, թէ սփիւռքը պէտք է մասնակից ըլլայ Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին եւ պէտք է ձայն ունենայ արտերկրին վերաբերող քննարկումներուն մէջ։ Մխիթար Հայրապետեան նաեւ երկպալատ խորհրդարան մը ստեղծելու գաղափարին մասին խօսեցաւ, որոնց երկրորդին մէջ պէտք է ներկայ ըլլան սփիւռքահայ ներկայացուցիչներ։

Նախքան մեր անդրադարձը Փաշինեանի կողմէ կազմը-ւած նոր կառավարութեան եւ սփիւռքի հետ նոր յարաբերութիւններուն, ինչպէս կը գնահատէք Սփիւռքի նախարարութեան անցեալ 10 տարիներու գործունէութիւնը։

Առ ի գիտութիւն՝ յիշեցնենք, որ Սփիւռքի առաջին նախարարուհին, որ հիմքը դրած է Սփիւռքի նախարարութեան, անոր նը-պատակները ամփոփած էր նշեալ երեք կէտերուն մէջ.-

1- Մշակել յատուկ ծրագրեր՝ հայ ինքնութեան պահպանման եւ սփիւռքի ուծացման դէմ պայքարելու համար։

2- Համախմբել ըս-փիւռքի ներուժը եւ զայն օգտագործել ի նպաստ Հայաստանի զարգացման։

3- Մշակել ծրագրեր՝ խթանելու համար հայրենադարձութիւնը։

-Անձամբ ես տասը տարիէ ի վեր կը հետեւիմ Սփիւռքի նախարարութեան եւ Տիկին Հրանոյշ Յակոբեանի գործունէութեան եւ կրնամ ըսել, թէ տարուող աշխոյժ աշխատանքը տպաւորած է զիս, աւանդութիւն դարձած Սփիւռք-Հայաստան փոխյարաբերութիւններու ծիրէն ներս։ Անշուշտ թէ նախարարութիւնը ծրագրեր իրագործելու մէջ ունէր իր սահմանափակումները, վստահաբար եղած են նաեւ բացթողումներ, սակայն սփիւռքի համար նախարարութիւնը կարեւոր հասցէ մըն է՝ միշտ պատրաստակամ եւ վստահելի։

Ինչ կը վերաբերի հայրենադարձութիւնը խթանելու ծրագրերուն՝ կարելի է ըսել, թէ այդ գետնի վրայ յաջողութիւն չէ արձանագրուած եւ կարելի ալ չէր այդ ուղղութեամբ յառաջխաղացը, որովհետեւ նման ներգաղթի մը կարելիութիւնը ուղղակի կախեալ է երկրին մէջ տիրող տնտեսական ու քաղաքական պայմաններէն, որոնք ցարդ վստահութիւն չէին ներշնչեր։ Ինչպէ՞ս կարելի էր բազմահոս ներգաղթ մը յուսալ, երբ տիրող քաղաքական պայմաններու հետեւանքով արտագաղթը կը շարունակուէր։ Իսկ թէ արդեօք դէպի հայրենիք վերադարձը իրատես մօտեցո՞ւմ մըն է, թէ՞ ոչ, պէտք է այդ հարցը քննարկման ենթարկել։

Սփիւռքը այն վայրն է, ուր հայերը կ՚ապրին եւ ազդեցիկ են իրենց ապրած երկիրներուն մէջ։ Սփիւռքցին օտարութիւնը կ՚ըմ-բըռնէ իբրեւ իր կեանքը պայմանաւորող ապրելու գիտակից կերպ, միշտ իր մէջ կրելով կորուստի կարօտը եւ անոր հանդէպ պատասխանատւութիւնը, զոր մենք հայրենասիրութիւն կը կոչենք։

Ըստ իս, Հայաստանի պէս փոքրիկ երկիր մը անպայման պէտք ունի իր սփիւռքի կեդրոններուն։ Անձամբ ես զուտ հայրենակեդրոն սփիւռքի հետեւորդ մը չեմ։ Սփիւռքի նախարարութիւնը պէտք է սփիւռքը զօրացնէ, որովհետեւ սփիւռքը,- ինչպէս ըսի,- վայր մըն է, եւ ոչ թէ հայրենիքէն դուրս մտած-ւած երեւոյթ մը։

-Թերեւս Սփիւռքի նախարարութեան հայրենադարձութեան առընչուող գործունէութիւնը կարելի է աւելի մանրամասնել, զայն ուղղելով մա՛նաւանդ վերջին 20-30 տարիներու ընթացքին Հայաստանը լքած քաղաքացիներուն, որոնք հարկադրուած՝ արտագաղթած են ի տես Հայաստանի տնտեսական ծանր պայմաններուն։ Անոնք խորքին մէջ պատմական սփիւռքին մաս չեն կազմեր, բայց միախառնուելով հայ համայնքներուն՝ ձեւով մը նոր տեսակի սփիւռք մը մէջտեղ բերած են։ Հետեւաբար, հայրենադարձութեան ծրագրեր կարելի է մշակել յատկապէս այս զանգուածին համար, նկատի ունենալով, որ անոնք մշակոյթով հայաստանցի են, հոն ծնած են, այնտեղ ընտանեկան կապեր ունին։ Պէտք է աւանդական սփիւռքը զանազանել նոր սփիւռքէն։

-Այո՛, որովհետեւ անցնող տարիներուն Հայաստանէն մեկնողներուն, Հայաստանի հպատակ հայերուն պարագան կը տարբերի աւանդական սփիւռքի պարագաներէն։ Եթէ Հայաստանի Հանրապետութեան պայմանները փոխուին, անշուշտ ապագային թերեւս հայրենադարձութեան կարելիութիւն կը ստեղծուի։ Բայց ես լաւատես չեմ, որ արտագաղթածները երկիր կը վերադառնան։

-Ինչ կը վերաբերի սփիւռքի նախկին նախարարուհիին վարած ռազմավարական հայեցակարգին, որ ամփոփուած է վերը նշուած առաջին հարցումին մէջ, դուք որքանո՞վ յաջողած կը գտնէք այդ ծրագիրը։

-Նախ ըսեմ, թէ ես կը հաւատամ սփիւռքի ապագային։ Չեմ կարծեր, որ սփիւռքը կ՚ուծանայ եւ բոլորովին կը կորսուի։ Անշուշտ թէ կան որոշ վտանգներ, բայց հետաքրքրականը այն է, որ սփիւռքը գիտակից է այդ վտանգներուն եւ միշտ կ՚արտայայտէ այդ վտանգը ու ըստ այդմ ալ կը մշակէ իր ռազմավարութիւնը։ Այդ պատճառով ալ յաջողեցաւ 103 տարիներ վերջ վառ պահել ցեղասպանութեան յիշողութիւնը։

-Իսկ նախարարութիւնը որքանո՞վ յաջողեցաւ իր գործունէութեան ծիրին մէջ զօրացնել հայ համայնքները։

-Ճիշդ է, որ Սփիւռքի նախարարութիւն բառացիօրէն կը նշանակէ սփիւռքի համար ստեղծուած նախարարութիւն, սակայն իրականութեան մէջ այդ նախարարութիւնը հասկցուեցաւ իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան սատարելու իմաստէն մեկնող կառոյց մը, կամ սփիւռքի ինքնութեան պահպանման եւ ուծացման դէմ ջանք թափող հաստատութիւն մը։ Սփիւռքը երկրին կորուստը փոխարինող այսօրուան Հանրապետութեան հանդէպ իւրայատուկ զգացական կապ մը ունի։ Մենք մեր մէջ կը կրենք այդ զգացական կապը եւ այդ ապրուած յիշողութիւնը մեզ միշտ կը մղէ դէպի մեր կորուստը փոխարինող հայրենիքը։

Սփիւռքի նախարարութեան գոյութիւնը որոշ չափով նպաստեց սփիւռքահայութեան մէջ Հայաստանի հետ կապերու հզօրացումին։

-Իսկ ի՞նչ կ՚ըսէիք նախարարութեան վերոնշեալ նպատակներէն երկրորդ կէտին կապակցութեամբ՝ «համախմբել սփիւռքի ներուժը եւ զայն օգտագործել ի նպաստ Հայաստանի զարգացման»։

-Կ՚ենթադրեմ, թէ մենք Սփիւռքի նախարարութենէն շատ մեծ ակնկալիքներ ունէինք։ Բայց ան ըրաւ այն, ինչ որ կարելի էր։ Սփիւռքի ներուժի օգտագործումը միա՛յն Սփիւռքի նախարարութեան պատասխանատւութեան սահմաններուն մէջ չ՚իյնար։

-Հոս կարելի է Հայաստան-սփիւռք համահայկական երեք համագումարներու օրինակը բերել։ Ձեր կարծիքով այդ ժողովները օգտակա՞ր էին։

-Նման համագումարները կարեւոր են եւ ըստ իս, կ՚ամրապնդեն Հայաստանի հետ մեր կապերը։ Այդ ժողովները նաեւ սփիւռքահայ որոշ խաւերուն գոհացում կու տան։ Հետեւաբար պէտք չէ թերագնահատել այս ժողովներուն նկատմամբ նիւթապէս իրենց նպաստը բերած սփիւռքահայերուն դրական տեսակէտը։ Սակայն, միւս կողմէ, սփիւռքի կապակցութեամբ յղացքային մտածողութեան առումով չեմ կարծեր, որ այդ համագումարները օգտակար եղան։ Արդէն այդ նպատակով ալ չէին կազմակերպուած այս բազմամարդ հանդիպումները, այլ զանոնք պէտք է դիտարկել սփիւռքի որոշ հատուածներուն գոհացում պատճառելու միտող ձեռնարկներ։

-Քաղաքական հարթակի վրայ, Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ Հայաստան-սփիւռք երկխօսութեան մէջ ընդդիմութեան ներգրաւումը անտեսուած էր։ Ինչ որ համագումարներուն կու տային իշխանութեան ի նպաստ քարոզչական ցուցադրական բնոյթ։ Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այս երեւոյթը։

-Կ՚ենթադրեմ, թէ համագումարներուն բուն նպատակը սփիւռքահայութիւնը Հայաստանով հիացնելն էր, հայրենիքով հպարտացնելը եւ ոչ թէ դժուարութիւնները ներկայացնելը։ Այս երեւոյթը քննադատելի է անշուշտ եւ դուք իրաւացի էք։

-Ինչպէս ծանօթ է, Սփիւռքի նախարարութեան ղեկավարը Հանրապետական կուսակցութեան անդամ էր։ Ան ըստ երեւոյթին Սփիւռքի նախարարութիւնը իբրեւ վահան կամ քարոզչական մեքենայ կը գործածէր՝ սփիւռքահայութեան մարսելի դարձնելու համար Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութիւնը։ Չմոռնանք, որ այդ նոյն վարչակարգի օրով էր, որ Հայաստանէն զանգուածային արտագաղթ տեղի ունեցաւ, իսկ հոն մնացողներն ալ թշուառութեան մատնուեցան։ Ի՞նչ տեսակէտ ունիք Սփիւռքի նախարարութեան երկդիմի կեցուածքին մասին։

-Նախ ըսեմ, թէ ըստ իս, Տիկին Հրանոյշ Յակոբեանը օրուան իշխանութեան քարոզչութիւնը չէր ըներ եւ գաղափարախօսութեան մը հետեւորդը չէր. գերմանացի ծանօթ ընկերաբան Մաքս Վէպէրի սահմանումով՝ ան քաղաքականութիւնը կ՚ըմբռնէր իբրեւ արհեստ։ Կը գործէր սահմանուած պարտականութիւններէն ներս։ Իր առաջնային, այսպէս կոչուած, գաղափարախօսութիւնը պիտի ըսէի՝ հայրենասիրութիւնն էր։

-Սփիւռքի նախարարութիւնը բաւական մեծ հրատարակչական աշխատանք տարած է։ Արդէն առաջին օրէն նախարարութեան փափաքն էր՝ սփիւռքի դպրոցներու դասագիրքերը հրատարակել Հայաստանի մէջ։ Սակայն երբ սփիւռքի մէջ հայապահպանման կեդրոն մը կամ կրթօճախ մը կը բացուէր, երբեք չտեսանք նախարարութեան նիւթական օժանդակութիւնը, որ կրնար նոյնիսկ խորհրդանշական մասնակցութիւն մը ըլլալ։ Այս պարագան աւելի շեշտուած կերպով տեսանելի էր դպրոցներու փակումներու պարագային, ինչպէս՝ Կիպրոսի Մելգոնեանի։

-Այո՛, Մելգոնեանի փակումը աններելի որոշում մըն էր։ Ձեր ճիշդ մատնանշումը հետեւանք էր Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու իշխող հայեցակէտին։

-Խօսինք Սփիւռքի նախարարութեան՝ երիտասարդներու առընչուող աշխատանքներուն։ Անցնող տարիներու ընթացքին այդ ուղղութեամբ բազմաթիւ ծրագրեր մէջտեղ եկան, ինչպէս «Արի՛ տուն»ը եւ այլն, նաեւ կազմակերպուեցան երիտասարդական զանազան փառատօներ։ Ձեր կարծիքով՝ արդեօք նման ծրագրերու իրագործումը նախարարութեա՞ն մը վերապահուած գործունէութիւն է, նկատի ունենալով որ ընդհանրապէս նախարարութիւնները քաղաքական հարցերով կը զբաղին, կապեր կը հաստատեն եւ մասնագիտացած կազմակերպութիւններու կը յանձնեն ծրագրերու իրագործումը։

-Դուք ճիշդ մատնանշումներ կ՚ընէք՝ Ֆրանսայի նման մեծ պետութեան մը կարելիութիւններէն մեկնելով։ Սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը, որոշ աւանդութիւններ պահպանելով, կեանքի կոչուած էր սփիւռքի եւ Հայաստանի կապերու հզօրացումին համար։ Ըստ իս՝ Հայաստանի մէջ այդպիսի մասնագիտական հաստատութիւններ չկան եւ մեր հայրենիքի կարելիութիւններն ալ սահմանափակ են։

-Կարելի է խօսիլ նաեւ լրագրողներու համաժողովներու մասին։ Նախքան Սփիւռքի նախարարութեան ստեղծումը, լրագրողներու չորս համագումարներ կայացած են։ Բայց նախարարութիւնը այդ գործն ալ յանձն առաւ, խանգարելով լրագրողներու անկախութեան սկզբունքը։

-Իրաւացի էք, մա՛նաւանդ որ լրագրողները ազատ ու անկաշկանդ խօսքի դրօշակիրն են եւ կամ պէտք է ըլլան։ Համաձայն եմ, որ լրագրողներու համագումարը պէտք է Լրագրողներու միութիւնը կազմակերպէ։

-Նկատի ունենալով վերոնշեալ բոլոր հարցադրումները, ձեր կարծիքով՝ սփիւռքի նորանշանակ նախարարը ի՞նչ ուղղութիւններով պէտք է աշխատի։

-Սփիւռքի նախարարութիւնը երբ հայ իրականութեան մասին կը մտածէ, ըստ իս, նախ պէտք է հայաստանակեդրոն հասկացութիւնը վերասահմանէ։ Սփիւռքը պէտք է դիտել որպէս դրական իրականութիւն, հակառակ անոր, որ աղէտէ մը ծնունդ առած է։ Սփիւռքը վերադարձ չունեցող իրականութիւն մըն է, որու զարգացումը եւ հզօրացումը Սփիւռքի նախարարութեան կարեւոր պարտականութիւններէն մէկն է։

Առաջնային է ինծի համար նախ համայնքային կառոյցներու վերամշակումը, իբրեւ կորիզը սփիւռքահայ իրականութեան, եւ առ այդ պէտք է ստեղծել հաղորդակցութեան համացանց մը, որ կը ձգտի զօրակցութեան վրայ հիմնուած փոխյարաբերութիւններու։ Ազգային պետութեան մը տէր ըլլալու հայկական սփիւռքի բախտաւորութիւնը կու տայ բազմատեսակ կարելիութիւններ, նման ծրագրերու մշակման եւ իրագործման։ Թերեւս Սփիւռքի նախարարութիւնը կրնայ միջնորդի դերով հարթակ մը ստեղծել նման իրագործումներու համար։

-Իսկ եթէ սփիւռքը նկատենք իբրեւ Հայաստանէն անկախ ինքնակազմակերպ երեւոյթ, ձեր կարծիքով ո՞րն է սփիւռքի կազմակերպման կարեւորագոյն դրոյթը, նկատի ունենալով որ ժողովուրդի հազիւ հինգ տոկոսը միայն ներառուած է համայնքային կեանքին, Եկեղեցիին, աւանդական կուսակցութիւններուն եւ կազմակերպութիւններու մէջ, իսկ մնացեալ 95 տոկոսը այսպէս կոչուած՝ անջատ հիւլէներ են։

-Կ՚ենթադրեմ, թէ պետութիւններու մէջ ալ ընտրութիւններէն անդին ժողովուրդի մեծամասնութիւնը ձեր նշած հիւլէներու նման կեանք կը վարէ։ Սփիւռքի մէջ ուծացում տեղի չունեցաւ եւ նոյնիսկ լեզուի կորուստով զգացական կապը հայրենիքի հետ չխզուեցաւ։ Իսկ ձեր նշած հինգ տոկոսի գործօն մասնակցութիւնը պէտք չէ աչքաթող ընել, քանի անոնք ընկերային կեանքի կրողներն են ինչպէս բոլոր ընկերութիւններու մէջ։

Ինչ կը վերաբերի Սփիւռքի նախարարութեան ուղղութիւններուն, ըստ իս, պէտք է սկզբունքային մօտեցումները վերաքննութեան ենթարկել։ Ինչպէս ըսի, սփիւռքը անցողակի չէր եւ այսօր սփիւռքը հաստատուած իրականութիւն մըն է։ Նաեւ սփիւռքի կառոյցին դէմ է, կեդրոնացած մարմիններու կողմէ ղեկավարուիլը։ Սփիւռքը անիշխանական կառոյց մըն է եւ լա՛ւ է, որ այդպէս է։ Պէտք չէ մտահան ընել այս պարագան։

-Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ Սփիւռքի նախարարութիւնը ի՞նչ տեղ կը վերապահէ սփիւռքի մէջ գործող մասնագիտական հաստատութիւններուն, օրինակ՝ ձեր ղեկավարած Պոխումի համալսարանի Սփիւռքի եւ ցեղասպանութեանց ուսումնասիրութեան հիմնարկին, որ Գերմանիոյ մէջ ակադեմական մասնագիտացած միակ հաստատութիւնն է։ Արդեօք դուք կը համագործակցի՞ք Հայաստանի մէջ նման աշխատանք տանող կեդրոններու հետ։

-Հայաստանի մէջ վերջին շրջանին Սփիւռքագիտութեան ամպիոն մը ստեղծուած է, որու հետ տակաւին գործակցային կապ չենք հաստատած։ Պատճառն ալ թերեւս այն է, որ մեր հաստատութիւնը պէտք եղած ձեւով ծանօթացուած չէ հայրենիքի մէջ։ Պէտք է ըսել, որ երկկողմանի այդպիսի ծրագրեր իրագործելը նաեւ նիւթական կարելիութիւններ կը պահանջէ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 22, 2018