ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆ. «ՌՈՒՍ ԽԱՂԱՂԱՊԱՀՆԵՐԸ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՄԷՋ ԴԱՐՁԱԾ ԵՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱՇԽԱՒՈՐ»

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ իր երկրի խաղաղապահները դարձած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ անվտանգութեան երաշխաւոր։ «Անոնք կը վտանգեն իրենց կեանքը, որպէսզի վերահաստատուի տեղւոյն խաղաղ կեանքը», ըսաւ Փութին։

Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան վերնախաւին հետ ունեցած ընդլայնուած կազմով խորհրդակցութեան ժամանակ Վլատիմիր Փութին մատնանշեց, որ Անդրկովկասի, Մերձաւոր Արեւելքի, Ափրիկէի եւ աշխարհի այլ տարածքաշրջաններէն ներս խնդրոյ առարկայ են լարուած իրավիճակներու յառաջացման ռիսքեր։ ՆԱԹՕ-ի պլոքի ռազմական աշխուժութիւնն ալ չի դադրիր։ «Յօրինուած պատրուակներով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները արդէն դուրս եկած է հակաօդային պաշտպանութեան, Ռուսաստանի միջազգային գործերու խորհուրդի բաց երկնքի մասին համաձայնագրերէն։ Յստակութիւն չկայ նաեւ Ռազմավարական զէնքի կրճատման պայմանագրի կապակցութեամբ, որու ժամկէտը, ինչպէս ծանօթ է, կը լրանայ 2021  թուականի փետրուարին։ Մենք բազմիցս յայտարարած ենք այս համաձայնագրերը երկարեցնելու պատրաստակամութեան մասին, սակայն պատասխան չկայ», ըսաւ Փութին ու շեշտեց, որ Մոսկուա մանրամասնօրէն կը վերլուծէ աշխարհաքաղաքական եւ ռազմաքաղաքական ներկայ իրավիճակը ու կը ջանայ կանխատեսել անոր զարգացման հաւանական տարբերակները։ Ռուս ղեկավարը ընդգծեց, որ այս տարի արդէն աւարտած է պետական պաշտպանութեան ծրագրաւորումը յաջորդ հինգ տարիներուն համար։ Այս աշխատանքին ընթացքին հաշուի առնուած են Ռուսաստանի անվտանգութեան դէմ առկայ կամ հաւանական բոլոր սպառնալիքները, ինչպէս նաեւ բանակի ու նաւատորմի աճող մարտական կարողութիւնները։ «Հիմնական եզրակացութիւնը ակնյայտ է։ Մենք պիտի շարունակենք աշխուժօրէն եւ արդիւնաւէտ զարգացնել զինեալ ուժերը, բարձրացնել անոնց մարտական պատրաստութիւնը եւ արդիւնաւէտութիւնը», շեշտեց Փութին։

Իր կարգին Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն ալ բացատրութիւններ տուաւ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս ձեռնարկուած խաղաղապահ առաքելութեան կապակցութեամբ։ Ըստ իրեն, մինչեւ յաջորդ տարուան ապրիլը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներուն համար պիտի ստեղծուի 32 արդիական զինուորական աւան։ Ստեփանակերտի մէջ արդէն երկու հաւաքովի աւան կառուցուած է ռուս խաղաղապահներուն համար։ Այնտեղ արդէն կրնայ 333 հոգի բնակիլ։ «Մինչեւ յաջորդ տարուայ ապրիլի 1-ը տեղակայուած պիտի ըլլայ 32 նմանատիպ աւան։ Ամէն ինչ պիտի կատարուի խաղաղապահներու ծառայութեան եւ բնակութեան յարմարութեան համար», նշեց Շոյկու։ Այդ աւանները պիտի ընդգրկեն կացարաններ, սպայակոյտի կեդրոն մը, մարզասրահ, սպաներու տնակներ, բաղնիք, բազմաբուժարան, ժամանցի սենեակներ, խոհանոց, զէնքի եւ զինամթերքի, պարէնի եւ այլ անհրաժեշտ իրերու պահեստներ, սարքաւորումներու եւ կենցաղային իրերու համար շտեմարաններ։

Փութինի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած յիշեալ ժողովին ժամանակ Շոյկու ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս ռուս խաղաղապահները որեւէ լուրջ միջադէպի պատահման թոյլ չեն տուած։

Մինչ այդ, Ռուսաստան մարդասիրական օժանդակութեան եւս եօթ բեռնատար ուղարկած է Արցախ։ Ընդհանուր առմամբ ռուսական կողմը ներկայիս 54 վակոնի տարողութեամբ մարդասիրական օժանդակութիւն նախատեսած է Արցախի համար։ Այդ 54 վակոններէն 9-ը արդէն հասած է Լեռնային Ղարաբաղ։ Սա արդէն եղած է երրորդ խմբաքանակը։ Աւելի ուշ տարածքաշրջանի այլ բնակավայրերուն ալ պիտի յատկացուի մարդասիրական օգնութիւն։

Մինչ այդ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, անոնք քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան կատարման ընթացքը։ Նախարարները անդրադարձան նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ տարածքաշրջանային խըն-դիրներու։

Հարկ է նշել, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը 2021 թուականի պիւտճէին մէջ 1 միլիառ 300 միլիոն տոլար յատկացում մը նախատեսած է՝ վերջին պատերազմով Պաքուի հսկողութեան տակ անցած տարածքներու վերականգման նպատակով։ Այդ գումարը կը ծրագրուի տրամադրել բնակարաններու ենթակառուցուածքներու, ինչպէս նաեւ պատմական ու մշակութային ժառանգութեան վերականգման նապատկով։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Օլեկ Սիրոմոլոթովն ալ «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ հերթական անգամ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի վերջին պատերազմին Մերձաւոր Արեւելքէն ընդգրկուած զինեալներու խնդրին։ «Լեռնային Ղարաբաղի տարածքաշրջանէն ներս ռազմական գործողութիւններուն Մերձաւոր Արեւելքէ զինեալներու մասնակցութիւնը արձանագրուած փաստ է, ինչ որ միայն մեր կողմէ հաստատուած չէ։ Անոնց թիւը մօտաւորապէս 2 հազար էր։ Մենք սկիզբէն անհանգստութիւն յայտնած ենք ծայրայեղ տրամադրութիւններով վարձկաններու այնտեղ յայտնուելուն կապակցութեամբ։ Անոնց վերաբերեալ մեր դիրքորոշումը չէ փոխուած։ Անոնք այնտեղ պէտք չէ ըլլան», յայտնեց ռուս բարձրաստիճան դիւանագէտը։

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2020