ՕՎԵՐՉՈՒՔ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք այսօր շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ։ Այս առաւօտ ան ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Այսօր Երեւանի մէջ նախատեսուած է Հայաստան-Ռուսաստան տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի նիստը։ Բանակցութիւնները կը գլխաւորեն երկու երկիրներու փոխ-վարչապետները՝ Մհեր Գրիգորեան եւ Ալեքսէյ Օվերչուք։ Երկօրեայ բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենան կողմերուն միջեւ։ Սա յանձնաժողովի 20-րդ նիստն է։

Այս ձեւաչափը ներկայիս առանձնայատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ՝ յետպատերազմեան պայմաններուն բերումով։ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու առանցքին վրայ ստեղծուած՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման օրակարգի նիւթերը կը համընկնին հայ-ռուսական բանակցութիւններու առաջնահերթութիւններուն հետ։ Թէ՛ Գրիգորեան եւ թէ Օվերչուք արդէն կը գլխաւորեն՝ փոխ-վարչապետներու մակարդակով այդ եռակողմանի աշխատանքային խումբը։

Փաշինեան եւ Օվերչուք եւս այս առաւօտ շօշափեցին նմանաբնոյթ խնդիրներ։ Անոնք կանգ առին տարածաշրջանէ ներս փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու վերականգնման հեռանկարներուն վրայ՝ կարեւորելով եռակողմանի աշխատանքային խումբի գործունէութիւնը։

Օվերչուքի այցելութեան ընդառաջ Նիկոլ Փաշինեան մեկնած էր Վրաստան։ Թիֆլիզի մէջ ան յայտնած էր, որ Պարսից ծոց-Սեւ ծով երկաթուղիի գործարկումը կրնայ զարկ տալ տարածաշրջանային համագործակցութեան։

Երեւանի շփումներուն ընդառաջ, Օվերչուք մօտաւոր անցեալին այցելած էր նաեւ Պաքու, ուր տեսակցած էր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ՝ այժմու հրատապ օրակարգի հարցերուն շուրջ։ Իր այցին զուգահեռ, Պաքուի մէջ ալ տեղի ունեցաւ Ռուսաստան-Ատրպէյճան տնտեսական համագործակցութեան հեռանկարներուն վերաբերեալ խորհրդաժողով մը։ Ռուս փոխ-վարչապետը այս առթիւ մատնանշեց, որ աշխոյժ աշխատանք կը տարուի տարածաշրջանի փոխադրամիջոցներու ապաշրջափակման ուղղութեամբ։ Այժմու տնտեսական միութիւնը ապագային կը վերածուի առանձին մեծ տարածաշրջանի մը, ուր արդիւնաբերութեան եւ ապրանքներու մատակարարման միասնական համակարգ մը կը ձեւաւորուի։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2021