ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՐԷԿ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ՊԵՇԹԵՓԷԻ ՄԷՋ ՍԵՒԱՆ ՊԸՉԱՔՃԸԻՆ ՅԱՆՁՆԵՑ 2022 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ՄԵԾ ՄՐՑԱՆԱԿԸ

Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահութեան 2022 թուականի Մշակոյթի եւ գեղարուեստի մեծ մրցանակներու յանձնման արարողութիւնը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս այս առթիւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հանդիսաւոր երեկոյթի ընթացքին յանձնեց այս տարուան դափնեկիրներուն մրցանակները։ Արհեստի բնագաւառէն ներս այս տարուան մրցանակակիրն էր յայտնի ոսկերիչ ու ադամանդեայ զարդերու գեղարուեստական ձեւաւորող աշխարհահռչակ վարպետ Սեւան Պըչաքճը։ Այս վերջինն ալ նախագահ Էրտողանի ձեռամբ ստացաւ իր պարգեւը։

Երեկոյթին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որուն ընկերացաւ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Համայնքային շրջանակներէն ալ խումբ մը մասնակիցներ՝ մանաւանդ Սեւան Պըչաքճըի անմիջական շրջանակէն դէմքեր այս առթիւ փութացին մայրաքաղաք։ Անոնց շարքին կը գտնուէր նաեւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տավուլճեան։

Մրցանակաբաշխման արարողութենէն վերջ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ նաեւ համերգային հանդիսաւոր երեկոյթ մը՝ նոյնպէս հովանաւորութեամբ նախագահ Էրտողանի եւ մասնակցութեամբ հիւրերու եւ դափնեկիրներու։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2022