ԱՆՎԵՐՋ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը 2016-ի տարեմուտի դրութեամբ կը շարունակէ անմիջական ուշադրութեան առարկայ մնալ միջազգային գետնի վրայ։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահ դեսպան Ճէյմս Ուորլիք տեղեկեցուց, թէ նախընթաց օր Ուաշինկթընի մէջ քննարկումներ տեղի ունեցած են ղարաբաղեան հիմնախնդրին շուրջ։ Ամերիկացի դիւանագէտը այդ քննարկումները որակեց հիանալի, սակայն բացատրութիւններ չտուաւ անոնց մասնակիցներուն շուրջ։
Եւրոպայի զանազան կառոյցներն ալ վերջին օրերուն յայտարարութիւններով հանդէս եկան նոյն նիւթին շուրջ։ Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած Եւրոմիութիւն-Հայաստան համագործակցութեան խորհուրդի նիստին յաջորդած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ անդրադարձ կատարուեցաւ հիմնախնդրին։ Եւրոմիութեան խորհուրդի շրջանային նախագահ երկրի՝ Հոլանտայի Արտաքին գործոց նախարար Պերթ Քունտերս յայտնեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը կը մնայ Եւրոմիութեան առաջնահերթութիւններու շարքին։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հետ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին հոլանտացի նախարարը ընդգծեց, թէ Պրիւքսէլի բանակցութիւններուն ժամանակ անդրադարձ կատարուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին ու կարգաւորման հեռանկարներուն։ Ըստ իրեն, Եւրոմիութիւնը առաջնահերթ կը նկատէ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը եւ անընդունելի՝ առկայ կարգավիճակի պահպանումը։ Քունտերս տեղեկացուց, որ քննարկուած են սահմանային բախումներու վերահսկման դրութիւններու հարցերը։ Շփման գծի եւ Հայաստանի սահմաններուն իրավիճակը կը մնան լուրջ մտահոգութեան առարկայ։ Եւրոմիութիւնը հերթական անգամ զսպուածութեան կոչ կ՚ուղղէ ու կը վերահաստատէ աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի հովանաւորութեան ներքեւ ընթացող բանակցութիւններուն։ Եւրոմիութիւնը միեւնոյն ժամանակ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կոչ կ՚ուղղէ, որպէսզի երկխօսութիւնը շարունակեն, ներառեալ նախագահներու մակարդակով։ ԵՄ հաստատած է իր պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու հաշտութեան գործընթացի ջանքերուն, ինչպէս նաեւ օգնութիւն ցուցաբերելու հակամարտութենէն վնասուած շրջաններու վերականգնման ու վերակառուցման՝ խաղաղութեան համաձայնագիրը ձեռք բերելէ վերջ։
Իր կարգին, Եդուարդ Նալպանտեան Պրիւքսէլի ժողովին ժամանակ համառօտ ներկայացուց բանակցային գործընթացի վերջին զարգացումները, անցեալ տարեվերջին տեղի ունեցած նախագահներու հանդիպման արդիւնքները։ Ըստ իրեն, Մինսքեան խմբակի համանախագահները հասցէական կոչեր ուղղած են Ատրպէյճանին, որպէսզի յարգէ հրադադարի համաձայնագիրը, հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման յանձնառութիւնները, չխոչընդոտէ բանակցային գործընթացը ու համաձայնի հրադադարի խախտումներու հետաքննութեան դրութեան մը ստեղծման։ Նալպանտեան վստահեցուց, որ Հայաստան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ պիտի շարունակէ համատեղ ջանքերը՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման համար։
Բաց աստի, Սթրազպուրկի մէջ ալ տեղի ունեցաւ Եւրոմիութիւն-Հայաստան խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնաժողովին հերթական նիստը, որու աւարտին ընդունուեցաւ եզրափակիչ յայտարարութիւն։ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուիրակութեան մասնակցութեամբ տեղի ունեցան այս բանակցութիւնները, որոնց աւարտին ընդունուած յայտարարութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ Եւրոխորհրդարանը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ լիարժէքօրէն կ՚աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին կողմէ հովանաւորուած բանակցային գործընթացին։ Օրակարգի վրայ եկած են նաեւ տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն շուրջ նիւթեր։ Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մօտ, յանձնաժողովի նախագահ Էլմար Պրոքի նախագահութեամբ տեղի ունեցան կարծիքի փոխանակումները՝ օրակարգային նիւթերուն շուրջ։
Քննարկումներու աւարտին հրապարակուած համատեղ եզրափակիչ յայտարարութեան մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ միջխորհրդարանական այլ կազմակերպութիւններու մօտ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ ընթացող մտահոգիչ քննարկումներուն։ Եւրոխորհրդարանը շեշտեց, թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու հովանաւորութեան ներքեւ ընթացող բանակցային գործընթացը միջազգայնօրէն ճանչցուած միակ ձեւաչափն է՝ հակամարտութեան կարգաւորման համար։ Հետեւաբար Եւրոխորհրդարանը այս ուղղութեամբ մեծապէս կը խրախուսէ համաեւրոպական ու միջազգային այլ կառոյցները՝ որպէսզի համահունչ ըլլան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու յայտարարութիւններուն, Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ իրենց տեսակէտներուն եւ բանաձեւերուն մէջ, որպէսզի այդ ձեւով նպաստեն հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման։ Նոյն յայտարարութեան մէջ խոր ափսոսանք յայտնուած է հրադադարի խախտումներուն շուրջ, որոնք կը շարունակուին պատճառ դառնալով մարդկային կորուստներու։ Ընդգծուած է, որ անկարելի է որեւէ արդարացում գտնել կողմերու անմեղ քաղաքացիներու մահուան ու վիրաւորման դէպքերուն համար։ Շեշտուած է, որ Հայաստան համաձայնած է քննարկել հետաքննութեան դրութիւն մշակելու մանրամասնութիւնները ու յորդորուած է, որպէսզի Ատրպէյճանն ալ վարուի նոյն ձեւով։ Եւրոխորհրդարանը, միեւնոյն ժամանակ, Եւրոմիութենէն կ՚ակնկալէ առաւել աշխոյժ դերակատարութիւն ունենալ՝ վստահութեան մթնոլորտի ստեղծման ուղղեալ միջոցառումներուն աջակցելու ուղղութեամբ, ինչ որ պիտի նպաստէ խաղաղութեան, հաշտեցման եւ վստահութեան։ Վերջին լարուածութիւնները կ՚ապացուցանեն, որ կարգավիճակը դարձած է անկայուն ու չի կրնար այլընտրանք մը դառնալ խաղաղ կարգաւորման։
Եւրոպական կառոյցներէն հնչած այս յայտարարութիւններուն զուգահեռ՝ վերջին օրերուն ղարաբաղեան հարցը շօշափուեցաւ նաեւ Տաւոսի մէջ՝ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի տեսակցութեան ընթացքին։ Տավուտօղլու այս առթիւ յայտարարեց, թէ ահաբեկչական սպառնալիքներն ու սառեցեալ հակամարտութիւնները վտանգաւոր իրավիճակ մը կը ստեղծեն Թուրքիոյ շուրջ։ Խօսելով կայունութեան հասնելու ուղղեալ Թուրքիոյ ձգտումներուն մասին՝ Տավուտօղլու մասնաւորապէս յիշեցուց Լեռնային Ղարաբաղի եւ Աբխազիոյ հիմնախնդիրները, տարածքաշրջանէ ներս առկայ սառեցեալ հակամարտութիւններու շարքին։ Այդ հակամարտութիւնները վտանգաւոր են տարածքաշրջանին տեսակէտէ ու վտանգ կայ, որ ամէն պահ կրնան վերստին բռնկիլ։
Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներէն Ֆրանսայի մէջ ալ կարգաւորման գործընթացի վերաբերեալ կ՚ապրուին նոր խմորումներ։ Ֆրանսա-Ղարաբաղ բարեկամութեան խումբը վերջին օրերուն տեղեկացուց, թէ ֆրանսական քաղաքական դասը համակարծիք է Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ։ Վերջերս Ֆրանսա-Ղարաբաղ բարեկամութեան շրջանակը ընդլայնուած է շարք մը երեսփոխաններով, որոնք կը պատկանին Ընկերվարական կուսակցութեան, որ իշխանութեան գլուխ կը գտնուի Ֆրանսայի մէջ։ Ըստ յիշեալ յայտարարութեան, այս երեւոյթը ակնյայտ կը դարձնէ ղարաբաղեան հարցի ճշգրիտ ըմբռնումը ֆրանսական քաղաքական դասուն կողմէ եւ թոյլ կու տայ աւելի յստակօրէն արտայայտուելու՝ ֆրանսական քաղաքացիական հասարակութեան Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ դիրքորոշման շուրջ։
Ֆրանսա-Ղարաբաղ բարեկամութեան շրջանակին մէջ ընդգրկուած գործիչներուն թիւը հասած է 48-ի։
Զուիցերիոյ Պեռն քաղաքին մէջ անցեալ տարեվերջին, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն միջնորդութեամբ տեսակցած էին Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ։ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով թէեւ դրական գնահատական մը տուած էր այդ տեսակցութեան, սակայն յաջորդող շրջանին իրադարձութիւնները այդքան ալ դրական չէին եղած։ Ատրպէյճանի կողմէ անմիջապէս յաջորդած էին հրադադարի խախտումները։ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան այդ օրերուն յայտնած էր, թէ Ատրպէյճան ընտրած է իրավիճակը պատերազմականի մօտեցնելու ճանապարհը։ Իր կարգին, Հայաստանի մէջ իշխանութեան գլուխ գտնուող Հանրապետական կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեանն ալ նշած էր, թէ տպաւորութիւն կը ստեղծուի, որ Ատրպէյճանի բանակը չ՚ենթարկուիր Ալիեւին։ ԱՄՆ-էն գոնկրէսականներ այդ իրադարձութիւններուն զուգահեռ հանդէս եկած էին նախաձեռնութիւնով մը, որու հիման վրայ այս տարեմուտին Ճէյմս Ուորլիքի մասնակցութեամբ դռնփակ քննարկում մը տեղի ունեցած էր ԱՄՆ-ի գոնկրէսէն ներս։ Բաց աստի, ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնած էր, թէ Ուաշինկթըն հաստատ նպատակադրում ունի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ լուծման ուղղութեամբ։ Ան ըսած էր, թէ ամերիկեան կողմը կը սատարէ այն առաջարկներուն, որոնք շփման գծին վրայ բռնութեան սպառնալիքներու նուազեցումը կը նախատեսեն։
Փարիզի եւ Ուաշինկթընի այս իրադարձութիւններուն առընթեր, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի երրորդ համանախագահին՝ Մոսկուայի կողմէ ալ վերջին օրերուն բարձրաձայնուեցան կարծիքներ։ ԵԱՀԿ-ի մօտ Ռուսաստանի մշտական ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ անդրադարձաւ հիմնախնդրին։ Ըստ իրեն, Ռուսաստան կ՚ակնկալէ, որ Հայաստան եւ Ատրպէյճան պիտի կարենան առարկայական երկխօսութեան հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման սկզբունքներուն շուրջ։
Միւս կողմէ, երէկ, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան տեսակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկի հետ։ Այս առթիւ քննարկուեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի եւ Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան շփման գծի առկայ իրավիճակը։ Սէյրան Օհանեան հերթական անգամ նշեց իրավիճակի վերահսկողութիւնը ուժեղացնելու նպատակով հետաքննական միջազգային դրութիւններու մշակման անհրաժեշտութիւնը։ Կասպրչիկն ալ մտահոգութիւն յայտնեց իրավիճակի պարբերական սրման վերաբերեալ ու խոստացաւ ձեռնարկել համապատասխան քայլերու։