ՄԻԱՅՆ ՀԻՆԳ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հարց.- Մեր նման փոքր ազ­գի մը հա­մար, բաղ­դատ­մամբ մեծ տէ­րու­թիւն­նե­րու, հայ­րե­նի­քին մէջ հինգ կու­սակ­ցու­թիւն, կամ ին­չու չէ ա­ւե­լի նուազ, չե՞ն բա­ւեր ազ­գա­յին քա­ղա­քա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րու հա­մար։ Ու­նինք եր­կո­տաս­նեա­կէ ա­ւե­լի կու­սակ­ցու­թիւն­ներ հայ­րե­նի­քին մէջ, ու­նէինք չորս հայ­կա­կան կու­սակ­ցու­թիւն Սփիւռ­քի մէջ, ո­րոնց­մէ ե­րե­քը միայն գոր­ծօն են տա­կա­ւին մին­չեւ այ­սօր։ Վեր­ջին­նե­րուն կեդ­րոն­նե­րը կամ շրջա­նա­կա­յին ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու կեդ­րոն­ներ գո­յու­թիւն ու­նին հայ­րե­նի­քին մէջ ար­դէն եւ կը գոր­ծեն ըստ հայ­րե­նի պե­տու­թեան օ­րէնք­նե­րու հի­ման վրայ, մաս կազ­մե­լով այն­տեղ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու շար­քին, ու­նե­նա­լով ներ­կա­յա­ցու­ցիչ պատ­գա­մա­ւոր­ներ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վին մէջ։

Կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րուն մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ան­տա­րա­կոյս եւ ան­կաս­կած կը ձգտի, հայ­րե­նի­քի ա­պա­հո­վու­թեան, քա­ղա­քա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ տնտե­սա­կան բա­րե­լաւ­ման եւ երկ­րի զար­գաց­ման նպա­տակ­նե­րու յա­ջո­ղու­թեան գերն­պա­տակ­նե­րով։ Երբ հա­մաշ­խար­հա­յին նշա­նա­ւոր ա­ռա­ծը միակ նպա­տակ հե­տապն­դե­լով կ­­՚ը­սէ՝ «Աշ­խար­հի բո­լոր ճամ­բա­նե­րը Հռոմ կը տա­նին», բո­լոր նպա­տա­կաս­լաց գա­ղա­փար­նե­րը ու­րեմն՝ միակ ու­ղիով ճա­նա­պար­հե­լու նպա­տա­կին կը ծա­ռա­յէ այդ ա­սա­ցուած­քը։ Եզ­րա­կաց­նե­լով ա­ռա­ծին միտ­քի եւ բա­նա­ւոր բո­վան­դա­կու­թիւ­նը, ու­րեմն՝ ին­չո՞ւ չմիա­ւո­րուիլ մէկ գա­ղա­փա­րի տակ, երբ՝ նոյ­նան­ման կամ հա­մա­հունչ են կարգ մը կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւն­ներն ու ծրա­գիր­նե­րը, ե­թէ ան­շուշտ այդ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ա­թո­ռա­կալ­նե­րը բա­րե­հա­ճին հա­մե­րաշ­խօ­րէն զի­ջիլ ի­րենց դիր­քե­րը կամ ի­րենց ե­րաս­տան­նե­րուն կպչուն ա­թոռ­նե­րը նո­րա­հաս, ժա­մա­նա­կա­կից եւ կա­րող ան­հատ­նե­րու կամ դիր­քե­րու։ Աշ­խար­հի մեծ տէ­րու­թիւն­նե­րը դա­րե­րու ըն­թաց­քին, ի­րենց պե­տա­կան եւ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու փոր­ձա­ռա­կա­նու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւան­քով այն եզ­րա­կա­ցու­թեան յան­գած են, ուր ան­գործ­նա­կան բազ­մա­կար­ծիք­ներն ու գա­ղա­փար­նե­րը ամ­լու­թեան եւ մո­լոր­ման կը տա­նին ա­ռանց ո­րե­ւէ դրա­կան ար­դիւն­քի հաս­նե­լու։

Այ­սօր յստակ ի­րո­ղու­թիւն է բո­լոր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վա­րու­թեանց մօտ, երբ ա­նոնք կը ջա­նան նպա­տակ մը ձա­խո­ղեց­նել, յանձ­նա­խում­բե­րու կը յանձ­նեն այդ նպա­տա­կին գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Կա­ցու­թիւ­նը չի տար­բե­րիր նաեւ մեծ պե­տու­թիւն­նե­րուն մօտ, ո­րոնք ստեղ­ծած են նման կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ, ինչ­պէս կը տես­նենք «Մինս­քի խմբակ­»ի, «Եւ­րո­միու­թեան», «ԵԱՀԿ­»ի, եւ զա­նա­զան այլ խմբակ­ներ, ո­րոնք ար­դէն տա­րի­նե­րէ ի վեր կը տնտնան ի­րենց վրայ վստա­հուած ծրա­գիր­նե­րը գոր­ծադ­րե­լու, զա­նա­զան պատ­ճառ­նե­րով։ Իսկ ա­նոնց ստեղ­ծումն ու գո­յու­թիւ­նը ի՞նչ նպա­տա­կի կը ծա­ռա­յէ, ե­թէ միայն բա­նիւ պի­տի գոր­ծեն ա­ռանց գործ­նա­կան ար­դիւն­քի։ Ինչ­պէս յի­շե­ցինք, մեծ տէ­րու­թիւն­նե­րու կա­ռա­վար­ման կա­ռոյ­ցը ընդ­հան­րա­պէս կեդ­րո­նա­ցած է եր­կու-ե­րեք գլխա­ւոր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րուն վրայ, ո­րոնք կը կազ­մեն երկ­րին բնակ­չու­թեան մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը, հե­տե­ւա­բար կեդ­րո­նաց­նե­լով երկ­րին հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թիւ­նը այդ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու ան­դա­մակ­ցու­թեան եւ ա­նոնց աշ­խա­տան­քա­յին ու­ղիին վրայ։

Այս կեր­պով, կի­րար­կուած դրու­թիւ­նը ա­ռա­ւե­լա­բար եւ ա­նուղ­ղա­կիօ­րէն կը հա­մախմ­բէ ժո­ղո­վուր­դը նշեալ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու հո­վա­նիին ներ­քեւ, ստեղ­ծե­լով միաս­նա­կա­նու­թիւն եւ միա­տեղ գոր­ծակ­ցու­թիւն։ Իսկ ա­ռա­ւել եւս, երբ երկ­րին նա­խա­գա­հը կ­­՚ընտ­րուի սոյն կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րէն ո­րե­ւէ մէ­կէն, մնա­ցեալ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը ի­րենց հա­կա­դիր կամ հա­մա­կիր կե­ցուածք­նե­րով երկ­րին ներ­քին կամ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան, ռազ­մա­կան կամ այլ ռազ­մա­վա­րու­թիւն­նե­րը կը կեր­տեն ի­րենց եր­կիր­նե­րու խորհր­դա­րան­նե­րէն կամ գոնկ­րէս­նե­րէն ներս, ա­ռանց ար­տա­քին հա­կադ­րու­թեանց եւ ժո­ղովր­դա­կան բո­ղոք­նե­րու։ Ի՞նչ նշա­նա­կու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ կու­սակ­ցու­թեան մը ընտ­րած պե­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին դիր­քը խորհրդա­րա­նի մը մէջ, ե­թէ ան իր ան­հա­տա­կան կար­ծի­քը, գա­ղա­փա­րը կամ ծրա­գի­րը մէկ­դի ձգե­լով, պի­տի չկա­րո­ղա­նայ ըն­դու­նիլ, հա­մա­կեր­պիլ կամ հաշ­տուիլ ո­րե­ւէ հա­մընդ­հա­նուր եւ մե­ծա­մաս­նա­կան լու­ծու­մի։

Ինչ­պէ՞ս կրնանք օգ­տուիլ նախ­կին կու­սակ­ցա­կան սխալ­նե­րէ եւ նման փոր­ձար­կում­նե­րէ մեր ժո­ղո­վուր­դին հա­մա­հայ­կա­կան հա­մախմբ­ման եւ միա­տեղ­ման նպա­տակ­նե­րով, ա­ռանց յո­խոր­տա­լով ոտ­նա­հա­րե­լու «միւս» կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը։

Խմբագ­րա­կան «Նոր Օր»ի
Լոս Ան­ճե­լըս

Շաբաթ, Յունուար 23, 2016