ՊԵՐԼԻՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ այցելեց Պերլին, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ Այս առթիւ ան յայտարարեց, թէ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորումը սպառնալիք մըն է համայն մարդկութեան դէմ, Թուրքիա եւ Գերմանիա պատրաստ են այդ սպառնալիքին դէմ միասնաբար պայքարելու Իրաքի, Սուրիոյ, Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ, նաեւ ամէն տեղ։
Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ ղեկավարութիւններուն միջեւ երէկ տեղի ունեցան ամենաբարձր մակարդակով քննարկումներ, որոնք առիթ հանդիսացան կողմերու հասարակաց օրակարգի խնդիրներու ամենայն մանրամասնութեամբ քննարկման։ Պերլինի մէջ Տավուտօղլու եւ Մերքէլ նախ ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ գլխաւորեցին Թուրքիա-Գերմանիա միջկառավարական խորհրդակցական ժողովը։ Անկելա Մերքէլ աշխատանքային ճաշկերոյթ մըն ալ սարքեց ի պատիւ Ահմէտ Տավուօղլուի։ Երկու վարչապետները աւելի վերջ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Հաշուի առնելով Սուլթանահմէտի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած ահաբեկչական պայթումը եւ անոր բոլոր զոհերուն Գերմանիոյ քաղաքացի ըլլալու հանգամանքը՝ Ահմէտ Տավուտօղլու մամլոյ ասուլիսի սկիզբին գերմաներէնով հանդէս եկաւ ցաւակցական արտայայտութիւններով։ Կը հաղորդուի, որ Մերքէլ-Տավուտօղլու զրոյցին ընթացքին առաջնահերթօրէն քննարկուած են ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցը, փախստականներու խնդիրը, տարածքա-շըրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւնները աշխուժացնելու ուղղեալ քայլերը։
Պերլինի մէջ կատարած յայտարարութեան շրջագծով Ահմէտ Տավուտօղլու երախտագիտութեամբ արտայայտուեցաւ փախստականներու խնդրին վերաբերեալ Անկելա Մերքէլի կողմէ դրսեւորուած զգայնութեան կապակցութեամբ, որովհետեւ գերմանացի վարչապետի դիրքորոշման շնորհիւ Եւրոպայի մէջ ընկալուեցաւ այս խնդրին լրջութիւնը։ Հարցումի մը պատասխանելով Տավուտօղլու նշեց, թէ Ռուսաստանի միջամտութենէն վերջ Սուրիոյ մէջ ապահով վայր մը չէ մնացած։ Թրքական կողմի մօտեցումը այն է, որ Սուրիայէ ներս պէտք է ժամ առաջ լուծում մը գտնել՝ քաղաքական երկխօսութիւններու միջոցաւ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, այս նիւթին շուրջ առանձին չեն ո՛չ Անկելա Մերքէլը ոչ ալ Գերմանիան։ Թուրքիա Գերմանիոյ կողքին է ինչպէս միշտ։ Տավուտօղլուի խօսքերով, քաղաքական ղեկավարները պատմութեան մէջ կ՚արժեւորուին ոչ միայն իրենց զարգացուցած ծրագրերով, այլ նաեւ դժուարին իրավիճակներու մէջ իրենց որդեգրած մարդասիրական դիրքորոշումով։ Առկայ մթնոլորտին մէջ, ըստ իրեն, Մերքէլ առած է քայլ մը, որ պատմութեան պիտի անցնի յանուն համայն մարդկութեան խղճին։
Հարկ է նշել, որ վերջին օրերուն Գերմանիայէն շարք մը պաշտօնատարներ քննադատութիւններ հասցէագրած էին Թուրքիոյ՝ փախստականներու հարցին շուրջ ծաւալուած համագործակցութեան արդիւնքի անբաւարարութեան մասին։ Յունաստանի ղեկավարութիւնն ալ նման քննադատութիւններէ անդին, մեղադրական պնդումներ յառաջ քշած էր Անգարայի հասցէին։ Յամենայնդէպս, Պերլինի մէջ Տավուտօղլուի կողմէ երէկ կատարուած յայտարարութիւնները եկան հերթական անգամ ապացուցանել թրքական կողմին կամքը։
Բաց աստի, Տավուտօղլու տեղեկացուց, որ Թուրքիա եւ Գերմանիա որոշած են սկսիլ բանակցութիւններու, որպէսզի այս տարուան երկրորդ կէսին թրքահպատակները կարենան առանց մուտքի արտօնութեան անհրաժեշտութեան այցելել Շենկէնի գօտիի երկիրները։