ՍԵԼԻՆԱ ՏՈՂԱՆ ԵՒ ԿԱՐՕ ՓԱՅԼԱՆ. ԵՐԿՈՒ ՏԱՐԲԵՐ ՃԱՆԱՊԱՐՀՆԵՐ
Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքով հայ պատգամաւորներ կը հասնէին խորհրդարան: Բնական է, որ անոնց ընտրութիւնը կը բանար նոր շրջան մը Թուրքիոյ հայոց իրականութեան մէջ: Պոլսահայութեան համար թէեւ զարմանալի չէր անոնց ընտրութիւնը, տրուած ըլլալով, որ ամիսներ տեւած ընտրական արշաւներէն ետք հասկնալի էր, որ թրքական կուսակցութիւնները խորհրդարան հասնելով տեղ պիտի տային, իրենց ցուցակներուն մէջ եղող հայ թեկնածուներուն: Սելինա Տողան, Կարօ Փայլան եւ Մարգար Էսայեան նոր երանգ պիտի աւելցնէին պոլսահայոց ընդհանուր իրականութեան մէջ: Սփիւռքի ու նաեւ Հայաստանի համար անոնց ընտրութիւնը անսպասելի էր: Տակաւին տարիներ առաջ, երբ խօսք երթար Թուրքիոյ քաղաքական կեանքին մէջ հայերու մասնակցութեան մասին, այդ խօսակցութիւնները կրնային լաւագոյն պարագային համարուիլ հէքեաթի ժանրի մանրավէպեր:
Այսօր նոր իրավիճակ կայ Թուրքիոյ մէջ: Ու այդ իրավիճակին մէջ գրանցուող իւրաքանչիւր շարժում, խօսք եւ յայտարարութիւն իր կարեւոր տեղը կը գտնէ հայաշխարհի լրատուական եւ քաղաքական հարթակներուն վրայ:
Թրքահայ պատգամաւորներու երեւումը, նոր հարթութեան պիտի տանէր հայկական հարցի ընդհանուր եզրի պարունակին մէջ ըլլալիք գործունէութիւններուն նախադրեալները:
Թէ ինչքանով այս գործիչները կը յաջողին իրենց ուսերուն եղած բեռը ապահով եւ հանդարտ քայլերով յառաջ տանիլ, այդ մէկը պիտի թողունք ժամանակին: Չնայած անոր, որ այսօր իսկ երեւելի է անոնց աշխատանքի ընդհանուր ուղղութիւններուն մէջ առկայ ծանրակշիռ տարբերութիւնները, բայց եւ այնպէս վստահ պէտք է ըլլալ, որ տակաւին վաղ է ընդհանուր եզրակացութիւններու յանգիլ:
Երկու Տարբեր Ճանապարհներ
Թուրքիոյ մէջ այսօր գրանցուող ընդհանուր իրավիճակը կը ներկայացնէ բաւական բարդ պատկեր մը: Մինչ երկրի արեւելեան նահանգներուն մէջ բանակին եւ ահաբեկիչներուն միջեւ բախումները կը շարունակուին, անդին երեւելի է, որ քաղաքական հարթակին վրայ եւս ընդհանուր պառակտիչ մթնոլորտ մը կը տիրէ:
Քրդամէտ ՀՏՓ-ի հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան, իր ունեցած վերջին ելոյթներով կը փորձէ սքանտալային յայտարարութիւններ ընելով եւ պապէն աւելի պապական ըլլալու մօտեցումով մը ներկայանալ, որպէս քիւրտ ժողովուրդի դատին պաշտպան եւ ջատագով:
Ի՞նչ կը պահանջեն քիւրտերը: Ի՞նչ է անոնց յստակ ծրագիրը: Կամ դէպի ո՞ւր կրնայ տանիլ անոնց պատրաստած «կերակուր»ը:
Միամտութիւն է կարծել, որ այս հան-գըրւանին արեւմտեան ուժերուն կամ նոյնիսկ Մոսկուային համար հարցականի տակ առնուի Թուրքիոյ մէջ կտրուկ փոփոխութիւններու կամ տարածքային ամբողջականութիւնը փոխելու վարկածները:
Տիարպաքըրի կամ այլ շրջաններու մէջ տեղի ունեցող դէպքերը համարել ցեղասպանութիւն, առնուազն վիրաւորական է նախ եւ առաջ հայութեան համար:
Տեղի ունեցածը հայութեան կռիւը չէ: Ու ատկէ անդին յանուն քիւրտ զինեալներուն թրքական խորհրդարանին առջեւ հայութեան շահերը պաշտպանողի դերով (այդ դերը եւս պէտք է ըլլայ ուսումնասիրուած) եւ ասպարէզ կարդալ ամբողջ համակարգի երեսին՝ այդ եւս Փանչունիական մօտեցում է:
Չափի զգացողութիւնը, բառերու ընտրութիւնը, խօսքը, ըսելիքը ու մանաւանդ գործը պէտք է ըլլան ուսումնասիրուած:
Այսպէս մինչ Սելինա Տողան ճիշդ կը համարէ Հայոց ցեղասպանութեան խնդիրը տեղափոխել ու խնդրի լուծման մասին մտածել նոյնինքն խորհրդարանին մէջ, անդին Կարօ Փայլան գրգռիչ ելոյթներ ունենալով աւելիով կը լարէ ընդհանուր մթնոլորտը:
Այսօր Հայաստանի գործիչներն անգամ զգոյշ են քիւրտերու վերաբերեալ հարցերուն շուրջ, ալ ո՛ւր մնաց երբ քաղաքական գործիչը Մուսթաֆա Քեմալի հիմնադրած Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ ոտքի կանգնի ու ձեռնոց նետէ իշխանութիւններուն:
Տեղին չեմ համարեր բնութագրումներ ընել Կարօ Փայլանի գործունէութեան եւ անոր արտասանած խօսքերուն մասին: Բայց յստակ է, որ անոր մօտեցումները շահաւէտ չեն մանաւանդ թրքահայոց համար:
Քաղաքական կեանքին մէջ հերոսութիւնները կամ ենթադրեալ հերոսական նկրտումները փակ ճանապարհներու կրնան տանիլ:
Ու կարեւոր է նաեւ հասկնալ, թէ հակառակ անոր, որ Փայլան խորհրդարան կը հասնէր քրդամէտ կուսակցութեան ձայներով, աւելի պիտի յարգուէր, եթէ քիւրտերուն հետ պատահածը ցեղասպանութիւն չորակէր:
Հարցում. Բոլոր քիւրտերը համաձայն են ՓՔՔ-ի տարած գործունէութեան:
Հարցում. Թուրքիոյ քիւրտերը ցայսօր, որեւէ պաշտօնական յայտարարութիւն կատարած են հայ ժողովուրդին իրենց հասցուցած հարուածներուն, կամ առնուազն ընդունած են իրենց ուսերուն բեռ դարձած «տխուր դէպքեր»ու պատասխանատուութիւնը:
Վստահ եմ, թէ ճիշդ ու արդար պիտի ըլլար, որ նախքան հռետորական ելոյթներ ունենալը, այս դիտանկիւնէն քննել հարցերը:
Պարզ անոր համար, որ Կարօ Փայլան Թուրքիոյ խորհրդարան հասած է, ոչ թէ իբրեւ քիւրտ երեսփոխան, այլ իբրեւ թրքահայ երեսփոխան:
Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ Փայլանը «հերոսութեան» աթոռին բազմեցնող յայտարարութիւնները մէկ օրէն միւսը կրնան յօդս ցնդիլ, եթէ գործնական գետնի վրայ ան չփորձէ սատար կանգնիլ թրքահայոց ներքին ամենափոքր կարծուող բայց ամենաէական հարցերու կարգաւորման:
Իսկական գործը ուրկէ՞ կը սկսի:
Ահա ուրիշ հարցում մը, որուն համար պէտք է պատասխանեն թրքահայ երեք երեսփոխանները:
Կարեւոր է նաեւ, որ ընդհանուր քաղաքական տեղաշարժերուն մէջ անոնք ճիգ թափեն հայութիւնը անվտանգ, ապահով եւ այս տագնապէն առանց կորուստներու դուրս բերելու համար:
Ասկէ զատ հայութիւնը Հայաստանով եւ Սփիւռքով կը շարուանկէ իր գործերը՝ կապուած հայկական հարցի ընդհանուր հոլովոյթին:
Այսօր թրքահայութիւնը եւ մասնաւորապէս պոլսահայութիւնը ոսկի առիթ մը ունի ու տեղին չէ, որ Թուրքիոյ խոր-հըրդարան հասած հայ երեսփոխանները այլոց հաշիւները տեսնեն:
Սելինա Տողանի ճամբան ճշմարիտ ճամբայ է:
Անկեղծ, առանց մեծ յաւակնութիւններու եւ փոքր հարցերէն մինչեւ էութէնական հարցեր տանող ընդհանուր ապահով ճամբայ մը:
Իսկ Կարօ Փայլանի ճամբան լեցուն է ականներով եւ վտանգներով: Ու երբեք ատենը չէ, որ պոլսահայոց ընդհանուր անվտանգութիւնը բարդ փորձաքարի վերածուի:
Իրենք՝ պոլսահայերը լաւ գիտեն իրենց ընդհանուր շահերու կիզակէտը: Իսկ մենք, որպէս հայաստանբնակ, ու մանաւնդ Սփիւռքի մէջ ապրող հայեր, երբեք իրաւունք չունինք նոր հերոսներ փնտռելու թրքահայոց մէջ:
Քաղաքական կեանքին մէջ անցած են հերոսներու ժամանակը:
Այսօր փոքր գործերը, կամ Պոլսոյ մէջ դպրոց մը, թերթ մը, հայկական օճախ մը պահելը արդէն համազօր են հերոսութեան:
Զգոյշ ըլլանք եւ ճամբաները ճիշդ ընտրենք:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան